ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԵՒԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ, երէկ, ար­դէն տասնչորրորդ օրուան դրութեամբ ոստիկանութիւնը կասեցուց «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը։ Երկու շաբաթէ ի վեր կա­թուա­ծա­հար ե­ղած էին եր­թե­ւե­կու­թիւնն ու բնա­կա­նոն կեան­քը:

Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր պո­ղո­տա­նե­րէն մէ­կը՝ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան հա­րիւ­րա­ւոր ցու­ցա­րար­նե­րու կող­մէ գրա­ւուե­լէ ետք քաղաքը ա­մա­ռուան տաք օ­րե­րուն թե­ւա­կո­խած է նոր հանգ­րուան մը, որ ձե­ւով մը նոր հանգ­րուան մըն է ո՛չ միայն Ե­րե­ւա­նի, այ­լեւ՝ Հա­յաս­տա­նի նո­րօ­րեայ պատ­մու­թեան մէջ: Ան­ցեա­լին ժո­ղո­վուր­դը զա­նա­զան բո­ղոք­նե­րով կամ պա­հանջ­նե­րով տաս­նեակ ան­գամ­ներ փո­ղոց դուրս ե­կած է, բայց այ­լե­ւայլ պատ­ճառ­նե­րով կա՛մ ճնշուած է ա­նոնց բո­ղո­քի ա­լի­քը, կա՛մ ժո­ղո­վուրդը ինք՝ հե­ռան­կար չտես­նե­լով զի­ջած է եւ չէ շա­րու­նա­կած բո­ղո­քը: Այս ան­գամ՝ 2015 թուա­կա­նի Յու­նի­սին Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած բո­ղո­քի ցոյ­ցը ան­նա­խա­դէպ էր: Ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ցու­ցա­րար­նե­րը տա­սն օ­րէ ա­ւե­լի յա­մառ կը մնային ի­րենց բո­ղո­քին մէջ եւ կը մեր­ժէին հե­ռա­նալ փո­ղո­ցէն, մին­չեւ որ լու­ծում չգտնէր ի­րենց բարձ­րա­ցու­ցած հար­ցը: Իսկ հար­ցը հետեւեալն էր.

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­խում­բը 17 Յու­նի­սին կա­յա­ցած նիս­տի ըն­թաց­քին միա­ձայն ո­րո­շում ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նը բարձ­րաց­նել 6.93 դրա­մով, քա­նի որ այդ հա­մա­կար­գը անց­նող տա­րի­նե­րուն չէ ստա­ցած անհ­րա­ժեշտ շա­հոյ­թը եւ սա­կա­գի­նը բարձ­րաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն զգա­ցուած է: Ըստ այդ ո­րոշ­ման, 1 Օ­գոս­տո­սէն սկսեալ 1 քիլօվաթ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի դի­մաց Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պէտք է վճա­րեն 48.78 հայ­կա­կան դրամ։ Այդ մէ­կը, ըստ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած տուեալ­նե­րու, ա­մե­նա­բարձր սա­կա­գինն է կով­կա­սեան տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ, եւ առ­հա­սա­րակ բարձր է նախ­կին ԱՊՀ-ական եր­կիր­նե­րու մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սահ­մա­նուած սա­կա­գի­նե­րուն հետ հա­մե­մատած:

Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թեան հա­մա­ձայն 30 առ հարիւր աղ­քա­տու­թիւն կայ, առ­կայ է գոր­ծա­զուրկ­նե­րու բարձր թիւ, իսկ սահ­մա­նուած մի­ջին ամ­սա­կան­ներն ալ ցած են եւ հե­ռու՝ մի­ջազ­գա­յին որե­ւէ սանդ­ղա­կէ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կագ­ինի բարձ­րա­ցու­մը չէր կրնար ան­տար­բեր ձգել երկ­րի ա­ռօ­րեա­յով եւ ա­պա­գա­յով մտա­հոգ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը: Ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի սա­կագ­ինի յաւելումը, բնա­կա­նա­բար, իր հետ պի­տի բե­րէր այլ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ ապ­րանք­նե­րու սղաճ, ին­չ որ ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լար:

Ա­ճող գի­նե­րու դէմ այս պայ­քա­րը ոտ­քի հա­նած էր Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խում­բեր եւ շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք, նա­խօ­րքք քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ, նա­խա­ձեռ­նե­ցին «Ո՛չ թա­լա­նի­ն» քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժու­մը, ո­ր մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ ստա­ցաւ Electric Yerevan ա­նուա­նու­մը:

Շար­ժու­մը Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ 17 Յու­նի­սին կազ­մա­կեր­պեց ար­տօ­նուած բազ­մա­հա­զա­րա­նոց հան­րա­հա­ւաք, ո­րու ժա­մա­նակ Հայաստանի Հանրապետութեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս, Սերժ Սարգ­սեա­նին պա­հանջ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ մին­չեւ 22 Յու­նիս, ժա­մը 16:00-ը չե­ղեալ նկա­տել ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագ­ինի թան­կաց­ման ո­րո­շու­մը: Հան­րա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը այդ ըն­թաց­քին Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ան­ցու­ցին շուր­ջօ­րեայ նստա­ցոյց: 22 Յու­նի­սին, չստա­նա­լով ի­րենց պա­հանջ­նե­րուն պա­տաս­խա­նը, ա­նոնք խա­ղաղ եր­թով յառաջացան դէ­պի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տայ, սա­կայն ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կա­տ­նե­րը կա­սե­ցու­ցին ա­նոնց եր­թը դէ­պի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի միջ­նա­մա­սը: Ցու­ցա­րար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան շէն­քին հանդիպակաց ճա­նա­պա­րա­հա­տուա­ծին, Բաղ­րա­մեա­նի սկզբնա­մա­սին վրայ յայ­տա­րա­րե­ցին նստա­ցոյց: Հայաստանի ոս­տի­կա­նա­պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան Ե­րե­ւա­նի փո­խ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեա­նի մի­ջո­ցաւ ցու­ցա­րար­նե­րուն փո­խան­ցեց Հայաստանի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րը այն մա­սին, թէ ան պատ­րաստ է նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րին մէջ ըն­դու­նիլ հինգ ցու­ցա­րար: Այս ա­ռա­ջար­կը նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը մեր­ժե­ցին՝ յայտա­րա­րե­լով, որ ի­րենց պա­հան­ջը յստակ է՝ կա­սեց­նել ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագի­նի բարձ­րա­ցու­մը եւ քննար­կե­լու ոչ մէկ բան ու­նին: 23 Յու­նի­սի ա­ռա­ւօ­տեան՝ ժա­մը 05.30-ի սահ­ման­նե­րուն, ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը սկսան ձեռ­նար­կել յա­տուկ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներու՝ գոր­ծի դնե­լով ջրցան եւ բռնու­թիւն: Այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ երկու հարիւր երեսունեօթ քա­ղա­քա­ցի, որոնց կարգին նաեւ՝ լրագ­րող­ներ, իսկ շուրջ քսանհինգ հոգի հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուե­ցաւ՝ բռնու­թիւն­նե­րու եւ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ստա­ցած վնա­սուածք­նե­րու պատ­ճա­ռաւ: Յա­ջորդ օ­րը ձեր­բա­կա­լուած­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կուե­ցան, եւ ա­ւե­լի շատ ցու­ցա­րար­ներ փո­ղոց ի­ջան ու կրկին գրա­ւե­ցին Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի սկիզ­բը՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ ծեծն ու բռնու­թիւ­նը ոչ մէկ բա­նի կրնան հաս-ցնել եւ ի­րենք պատ­րաստ են մին­չեւ վերջ պայ­քա­րիլ՝ հար­ցի վերջ­նա­կան լու­ծու­մին հա­մար:

Շար­ժու­մը յա­ջոր­դող օ­րե­րուն գրա­ւեց հա­զա­րա­ւոր մաս­նա­կից­նե­ր եւ իր տա­րա­ծու­մը գտաւ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զե­րու եւ նոյ­նիսկ սփիւռ­քի մէջ՝ կրե­լով հա­մայն­քի կամ երկ­րի ա­նու­նը՝ Electric Gyumri, Electric Dilijan, Electric Lebanon եւայլն։

Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ շա­րու­նակուող բո­ղո­քի ցոյ­ցի մա­սին անց­նող օ­րե­րուն շատ գրուե­ցաւ, քննար­կուե­ցան ա­մե­նա­տար­բեր ման­րա­մաս­ներ, ո­րոնց­մէ կա­րե­ւո­րա­գոյն կա­րե­լի է նկա­տել այն, որ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ան­նա­խա­դէպ հա­մախմ­բում մը, ո­ր ճնշե­լու շատ փոր­ձեր կա­տա­րուե­ցան, սա­կայն շարժ­ման ան­դամ­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի հա­մախմ­բուած են եւ շար­ժումը իր հետ բե­րած է նաեւ հա­մախմ­բու­մի, իրարու թի­կունք կանգնե­լու լու­սա­ւոր կէ­տեր: Ե­ղած են մար­դիկ, ո­րոնց պսա­կի օ­րը հա­մըն­կած է ցոյ­ցի օ­րե­րուն եւ ա­նոնք հար­սա­նե­կան հա­գուս­տով գա­ցած են Բաղ­րա­մեան՝ ա­ջակ­ցե­լու ցու­ցա­րար­նե­րուն, այլ մար­դիկ տա­րե­դարձ տօ­նած են, կա­յա­ցած են հա­մերգ­ներ, ո­գե­ւո­րիչ ե­լոյթ­ներ: Ցու­ցա­րար­նե­րուն ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն բե­րել նաեւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, մշա­կոյ­թի, ա­րուես­տի նշա­նա­ւոր դէմ­քեր, հան­րա­յին գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը Բաղ­րա­մեա­նի վրայ, ա­ջակ­ցու­թե­նէ ա­ւե­լի, ոս­տի­կա­նու­թեան հետ բա­խում­նե­րը կան­խե­լու նպա­տակ ու­նէր: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը քա­նի մը լու­ծում ա­ռա­ջար­կեց ցու­ցա­րար­նե­րուն, ո­րոնց­մէ մէկն ալ այն էր, որ կա­ռա­ւա­րու­թիւնը ինք պի­տի հո­գայ սա­կագի­նի ա­ւել­ցած գու­մա­րը։ Սա­կայն այդ մէ­կը կրկին ա­նըն­դու­նե­լի նկա­տե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րը՝ նշե­լով, որ ի­րենք պե­տա­կան պիւ­ճէի հաշ­ւոյն ոչ մէկ լու­ծում կ՚ու­զեն: 26 Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան Հայաստանի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­ն յայ­տա­րա­րեց, որ «Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­ր» ըն­կե­րու­թե­նէն ներս մի­ջազ­գա­յին հա­շուեքն­նու­թիւն կ՚իրա­կանաց­ուի: 27 Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան Սերժ Սարգ­սեա­ն խորհր­դակ­ցու­թիւն իրականացուց տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ եւ յայ­տա­րա­րեց, որ մին­չեւ Ե­լեկ­տարա­կան ցան­ցե­րու մէջ հա­շուեքն­նու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թեան կազ­մու­մը, կա­ռա­վա­րու­թիւնը ինք պիտի ստանձնէ սա­կագի­նի բարձ­րաց­ման ամ­բողջ բե­ռը՝ նշե­լով, որ ըն­թա­ցող ծրագ­րե­րուն կամ ըն­կե­րա­յին ծախ­սե­րուն չեն դիպ­չիր, այլ գու­մար­ներ կը հայ­թայ­թեն անվ­տան­գու­թեան հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման հա­մար նա­խա­տե­սուող մի­ջոց­նե­րէ:

28 Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան «Ո՛չ թա­լա­նի­ն» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը հան­դէս ե­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ՝ Բաղ­րամեան պո­ղո­տա­յին մէջ հա­ւա­քուած ցու­ցա­րար­նե­րուն կոչ ը­նե­լով եր­թով յառաջանալ դէպի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ եւ այն­տեղ «կա­յաց­նել խե­լա­միտ ո­րո­շում­նե­ր»: Ցու­ցա­րար­նե­րու շատ քիչ մա­սը հե­տե­ւե­ցաւ կո­չին, իսկ մեծ մա­սը բո­ղո­քը շա­րու­նա­կեց Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ: Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ մի­ջոց­ներու պիտի ձեռ­նար­կէ՝ ցրուե­լու համար Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ մնա­ցող­նե­րը, սա­կայն որե­ւէ գոր­ծո­ղու­թեան չդի­մեց:

30 Յու­նի­սին «Ո՛չ թա­լա­նի­ն»ը վե­րա­դար­ձաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տայ:

Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նստա­ցոյ­ցը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուէր մինչ երէկ: Նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը ցե­րե­կուան եւ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն նստած կը մնային փո­ղո­ցը, մայ­թե­րուն վրայ եւ հա­կա­ռակ Ե­րե­ւա­նի ան­նա­խա­դէպ տա­պին, չէին հե­ռա­նար փո­ղո­ցէն: Ա­նոնք կ՚ու­տէին, կը կար­դային, կը զրու­ցէին, կ՚եր­գէին, հար­ցազ­րոյց­ներ կու­ տա-յին տե­ղա­կան եւ օ­տար լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու, կը քա­ջա­լե­րէին տու­նը մնա­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ միա­նալ ի­րենց եւ միա­սին շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը:

Ցու­ցա­րար­նե­րը կը պա­հան­ջէին հրա­պա­րա­կել ման­րա­մաս­ներ, թէ ինչ­պէ՛ս կու­տա­կուած է Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րու ահ­ռե­լի պարտ­քը, այն պա­րա­գա­յին, երբ ժո­ղո­վուրդը կը վճա­րէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հա­մար, եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ այս մէ­կը ա­ռա­ջին վճա­րումն է, որ մար­դիկ ա­մէն ամ­սուան սկիզ­բը պար­տա­ճա­նա­չօրէն կը կա­տա­րեն: «Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­ր» ըն­կե­րու­թի­նը Հա­յաս­տա­նի խո­շոր հար­կա­տու­նե­րէն մէկն է: Այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս ծա­նօթ է, կը պատ­կա­նի ռու­սա­կան «ԻՆ­ՏԵՐ ՌԱՕ ԵԷ­Ս» խում­բին, ո­ր Ռու­սաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ու­ժա­նիւ­թի ար­տա­հան­ման եւ ներ­մուծ­ման գոր­ծար­կուն է: Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րը այդ խում­բին մէջ մտած է 2006 թուա­կա­նին:  «ԻՆ­ՏԵՐ ՌԱՕ ԵԷ­Ս»ը կը գլխա­ւո­րէ ա­ւե­լի քան տասնչորս եր­կիր­նե­րու մէջ գտնուող քսան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցած խում­բը:

Նախ, կատարենք պատ­մա­կան ակ­նարկ մը, ո­ր ցոյց կու ­տայ, թէ ի՛նչ ան­ցեալ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ու­ժանիւթի դաշ­տը եւ ինչ­պէ՛ս ան­ցած է ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան:  Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ուժանիւթի աս­պա­րէ­զը ա­ւե­լի քան հարիւր տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նի: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տադ­րող ա­ռա­ջին ջրա­յին կա­յա­նը հիմնուած է 1903 թուականին: Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը պե­տա­կան հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ էր:

Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կը շրջա­դար­ձա­յին փո­փո­խութեան են­թարկուե­ցաւ, ո­րու ար­դիւն­քին 1992-1995 թուականնե­րուն Հա­յաս­տան ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ճգնա­ժա­մի առ­ջեւ կե­ցաւ: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն բաշ­խող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն ներս չա­փա­զանց ծանր ի­րա­վի­ճակ ստեղծուած էր. ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը, կա­ռոյց­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը անհս­կե­լի վի­ճակ մը յա­ռաջ բե­րած էին եւ այդ աս­պա­րէ­զին մէջ մեծ չա­րա­շա­հում­նե­րու սկիզբ դրուած է նոյն այդ տա­րի­նե­րուն: Չկա­յին ե­լեկտ­րա­նու­թիւն գոր­ծա­ծող ան­հատ­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, գոր­ծա­ծուած հո­սան­քի դի­մաց կ՚ար­ձա­նագ­րուէր վճա­րում­նե­րու ցած մա­կար­դակ, հա­մա­տա­րած յափշ­տա­կում­ներ, «ձա­խ» ու ան­հա­տա­կան լա­րան­ցում­ներ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը ցան­ցե­րէն կը գող­ցուէր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ջան­քե­րով, մար­դիկ, այլ հնար չու­նե­նա­լով, բնա­կա­րան­նե­րը կը տաքց­նէին միայն ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ, ին­չ որ բազ­մա­կի կը գեր­բեռ­նէր ցան­ցե­րը, եւ, որ­ու իբրեւ հե­տե­ւանք, տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին վթար­ներ, ո­րոնք կ՚ու­ղեկ­ցէին սար­քա­ւո­րում­նե­րու փճա­նա­լուն: Այդ բոլորը յան­գե­ցուց ա­նոր, որ 1996 թուականին ստեղծուե­ցան վաթսունչորս ցան­ցա­յին պե­տա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք օժ­տուե­ցան յա­տուկ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ պա­տաս­խա­նա­տու նկա­տուե­ցան ե­լեկտ­րա­կան ուժանիւթի վա­ճառ­քի հա­մար:

Բայց այդ կա­ռոյ­ցը եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ, ա­նոնց մէջ ալ չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ սխալ կա­ռա­վա­րու­մի վտանգ­ներ կա­յին: Ար­դէն իսկ 1997 թուականին ըն­դու­նուե­ցաւ «ուժանիւթի մա­սին» օ­րէն­քը եւ ստեղծուեցաւ ուժանիւթի կար­գա­ւոր­ման յանձ­նա­խում­բը, ո­ր սկիզբ դրաւ ուժանիւթի հա­մա­կար­գի վե­րա­կազ­մա­ւոր­մա­ն եւ ա­ռեւտ­րականաց­մա­ն՝ հիմ­նուած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու բա­ժան­ման վրայ ար­տադ­րու­թեան, փո­խանց­ման, կար­գա­ւոր­ման եւ բաշխ­ման մի­ջեւ:

Հա­մախմբ­ման ե­ռան­դուն գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւն­քին վաթսունչորս փոքր, ա­նար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծող ցան­ցա­յին ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­րէն կազ­մուե­ցան տասնմէկ խո­շոր ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ: Հե­տա­գա­յին ա­նոնք միա­ւո­րուե­ցան չորս տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին, իսկ 2002 թուականին՝ Հա­յաս­տա­նի միաս­նա­կան բաշ­խիչ ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցի՝ «Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­ր» Փակ բաժ­նե­տի­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ: Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց սե­փա­կա­նաշնորհ­ման մրցոյթ, եւ ըն­կե­րու­թեան սե­փա­կա­նա­տէրը դար­ձաւ «Midland Resources Holding» ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­ր մի­ջան­կեալ օ­ղակ հան­դի­սա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րը ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան յան­ձնե­լու ճա­նա­պար­հին: Այ­սօր ռու­սա­կան խում­բին պատ­կա­նող ըն­կե­րու­թիւնը ու­նի տասնմէկ մաս­նա­ճիւղ (ո­րոնց­մէ չորսը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ) եւ կը զբա­ղի Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի բաշխ­մամբ, փո­խանց­մամբ եւ վա­ճառ­քով՝ սպա­սար­կե­լով շուրջ 950 հա­զար բա­ժա­նոր­դի:

«Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­ր» (ՀԵՑ) ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէնն է Եւ­կե­նի Պի­պին, ո­րու ա­նուան հետ ալ անց­նող օ­րե­րուն առըն­չուե­ցան ցան­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած սխալ կա­ռա­վա­րու­մը եւ չա­րա­շա­հում­նե­րը: Սխալ կառա­վար­ման հե­տե­ւան­քով ՀԵՑ-ը կրած է մի­լիո­նաւոր տո­լա­րի վնաս­ներ, կու-­տա­կուած է պարտ­քեր, որու պատ­ճա­ռաւ սա­կագի­նի բարձ­րա­ցումը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ: Մաս­նա­գէտ­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հա­մա­կար­գին մէջ առ­կայ բարդ ի­րա­վի­ճակը ու­նի բա­ցա­ռա­պէս տնտե­սա­կան, այլ ոչ թէ՝ քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­ներ:

Բաղ­րա­մաեան պո­ղո­տա­յի վրայ գի­շե­րող ցու­ցա­րա­րնե­րը կը յայ­տա­րա­րեն, որ նոյ­նիսկ մի­ջազ­գա­յին հա­շուեքն­նու­թիւ­նը բա­ւա­րար հիմք չէ ի­րենց հա­մար՝ պո­ղո­տան պարպելու ու տուն երթա­լու հա­մար: Ա­նոնք փաս­տարկ­ներ կը բե­րեն, որ ա­մէն տա­րի մի­լիո­նա­ւոր դրամ­ներ կը վատ­նուին նման հա­շուեքն­նու­թիւն­նե­րու հա­մար, բայց հա­մա­կար­գին մէջ չա­րա­շա­հում­նե­րը չեն դադ­րիր: Ցու­ցա­րար­նե­րը սա­կագի­նի բարձ­րաց­ման պա­հան­ջին զու­գա­հեռ կը պա­հան­ջեն գտնել եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թար­կել չա­րա­շահ­ման յան­ցա­ւոր­նե­րը:

Յատ­կան­շա­կան հան­գա­մանք մը, ո­րու մա­սին անհ­րա­ժեշտ է նշել «Ո՛չ թա­լա­նի­ն» շարժ­ման առ­թիւ: Յստակ կա­րե­լի է նշել, որ շար­ժու­մը կազ­մա­ւո­րուե­ցաւ, հա­մախմ­բուե­ցաւ եւ մինչ այ­սօր ալ այդ վի­ճա­կին մէջ կը մնայ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու շնոր­հիւ: Ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ ա­րագ տա­րա­ծուող հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը, հա­մա­ցան­ցին վրայ ստեղ­ծուած «Ո՛չ թա­լա­նի­ն» խում­բե­րը, մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը մեծ լսա­րան ու­նին հա­մա­ցան­ցէն օգ­տուող­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ: Թուա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը նշե­ցին, որ այս շար­ժու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ ձե­ւա­ւո­րեց ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն օգ­տուե­լու նոր մշա­կոյթ, Թուի­թըր ցան­ցի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ները ա­ռա­ջին ան­գամ լիո­վին գոր­ծա­ծուե­ցան Հա­յաս­տա­նի մէջ կարճ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­լու եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւորն է՝ մի­ջազ­գա­յին դաշ­տի ու­շադ­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լու ա­ռու­մով:

Այս տա­րուան մէջ չորս ան­գամ Հա­յաս­տա­նը յայտ­նուե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու գլխա­ւոր լու­րե­րու կար­գին. ինչպէս՝ Կիւմ­րիի դէպ­քի, Քար­տա­շեան­նե­րու այ­ցի, Հռո­մի Սրբազան Պա­պի Ս. Պա­տա­րա­գի եւ այլ ա­ծան­ցեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու առ­թիւ:

«Ո՛չ թա­լա­նի­ն» կամ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ Electric Yerevan բնա­բա­նով ծա­նօթ շար­ժու­մով կրկին Հա­յաս­տա­նը յայտ­նուեցաւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ու­շադ­րու­թեան ներ­քոյ:

Թէ ի՛նչ կը սպա­սուի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ գի­շե­րած ցու­ցա­րար­նե­րէն, տա­կա­ւին ա­նո­րոշ է, ա­նո­րոշ է նաեւ, թէ ինչ­պէ՛ս հան­գու­ցա­լու­ծում պի­տի գտնէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի հար­ցը, եւ առ­հա­սա­րակ, ա­ճող սա­կե­րը դէ­պի ո՛ւր պիտի հասց­նեն պայ­քա­րող ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ երկ­րի բնակ­չու­թիւ­նը: Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ ե­լեկտ­րա­կանու­թեան հար­ցը ըն­դա­մէ­նը սկիզբն է. ա­ռանց կա­շա­ռա­կե­րու­թեան, ա­պա­կա­նու­թեան եւ փտա­ծու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րու, եր­կիր ու­նե­նա­լու ի­րենց պայ­քա­րը տա­կա­ւին նոր սկսած է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015