Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է
Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեանքի արարում: Պարզ եւ համեստ այս հայը ամէն առիթով կ՚ըսէր, որ հայրենիք պէտք է գալ, հաստատուիլ: Իր յաջողութեան բոլոր բարիքները կրնար վայելել Ատլանտեանի գեղածիծաղ ափի պերճ ու շքեղ տան մէջ, ուր հանգիստ կեանքի բոլոր պայմանները ունէր: Բայց եկած էր հայրենիք: Հայրենալքման հակառակ ուղղութեամբ:
Եկած էր Հայաստան՝ մնալու, արմատաւորուելու, ոչ միայն իր անձով, այլ՝ արմատաւորելու համար ուրիշներ ալ: Պատմեց, որ այս գեղեցիկ թաղամասը կառուցուած է Երեւանի աղբանոցին վրայ: Ինչպիսի սիրով եւ յանդգնութեամբ հոն կառուցած է գեղեցիկ եւ ապագային նայող թաղամաս մը: Օրինակելի Վահագն Յովնանեան, որ իր նախաձեռնութեամբ ասպարէզ կարդացած է բոլոր անոնց, որոնք կրնան իր ըրածը ընել եւ չեն ըներ:
Բարոյական յանդգնութիւն է չբաւարարուիլ խօսքով եւ տալ անձին օրինակը:
Վահագն Յովնանեանի իրապէս կը պատշաճի բարի մարդու համբաւը, բարերարի լուսապսակը, թէեւ վերջին տասնամեակներուն այդ բառին իմաստը նուազուրդի ենթարկուեցաւ:
Նիւ Եորքի հայերը կը պատմեն, որ Վահագն Յովնանեանի տան դռները միշտ բաց եղած էին մշակոյթի գործիչներու առջեւ, եւ ան սատար հանդիսացած էր մշակութային նախաձեռնութիւններու: Հայաստանի մէջ ալ շարունակած էր զօրավիգ կանգնիլ մշակոյթի:
Սուրիական տագնապին պատճառով Երեւան հասած ընտանիքներու համար բնակութեան պայմաններ ստեղծած էր՝ առանց ժողովներէ եւ յանձնախումբերէ անցնելու:
Իր յաջողութիւնը սնապարծութեան չէր վերածած Վահագն Յովնանեան: Հաճելի խօսակից էր: Կը սիրէր հայերէն երգը: Դեռ երկու շաբաթ առաջ իրեն այցելութեան գացինք, արդէն ծանր հիւանդ էր: Երբ աչքերը բացաւ, զանազան խօսքեր ըսաւ, բայց նաեւ հայերէն երգեց, երգեր, որոնք իրեն ընկերացած էին Իրաքէն Ամերիկա եւ Հայաստան:
Գործի մարդ էր Վահագն Յովնանեան: Նիւ Ճըրզիի մէջ իր անունը կրող արդիական հայկական վարժարան կայ՝ ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած: Այդ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ, եկած էր Հայաստան, Ապրիլ 24-ին: Իր հիւրն էին: Խումբը իր թաղամասը հիւր եկած էր: Հրաւիրած էր նաեւ բարեկամներ: Իր սաները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն երգեցին, ամերիկածին տղաք եւ աղջիկներ, եւ իր աչքերուն մէջ կը կարդացուէր երջանկութեան ուրախութիւնը:
Երազներ ունեցող եւ երազները կեանքի վերածող իրաւ մեծ հայ էր Վահագն Յովնանեան, որուն հայրենասիրութիւնը հեռուն նստած յուզուողի սէր չէր, այլ անձի ներդրում էր:
Մեր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուի, թէ ինչպէս պիտի շարունակուէր իր մեծ գործը: Ըսաւ, թէ Նինան՝ իր աղջիկը, պիտի շարունակէ գործը, որ իր ամուսնին եւ երկու աղջիկներուն հետ կը բնակի իր տունէն քարընկէց մը հեռու: Ան ալ Ամերիկայի ճոխութիւններէն հրաժարած եւ եկած էր հայրենիք:
Յաճախ ըսած եմ, որ մահէն ետք առաքինութիւնները կ՚ապրին: Բայց առաքինութիւններ պէտք է ունենալ, որպէսզի ապրին: Հռոմէացիները առաքինութիւնը կը սահմանէին որպէս հոգիի ուժ:
Վահագն Յովնանեան հռոմէացիի հոգեկան հզօրութիւն ունեցաւ: Իր թաղամասը մանրանկար քաղաք պիտի ըլլայ՝ իր դպրոցներով եւ կեանքով:
Ինք կեանք տուաւ այդ անբնակ վայրին: Այդ վայրը, իր կենդանի պատգամով, պիտի ըլլայ Վահագն Յովնանեանի շարունակուող կեանքը, որուն ծառուղիներէն դիտեց երազային Արարատը: Իր երազած քաղաքը իրականութիւն է այսօր, իր կարօտի աչքերուն մէջ եղած Արարատն ալ օր մը կ՚ըլլայ հայու իրականութիւն:
Օրինակելի Վահագն Յովնանեան:
Անոնք, որոնք կը սգան իր կորուստը, պիտի ունենա՞ն, կ՚ունենա՞ն իր իրաւ եւ անխարդախ հայրենասէրի հռոմէացիի առաքինութիւնը: Քանի որ յիշեցինք հռոմէացիները, յիշենք նաեւ անոնց զինուորի խօսքը՝ վահանի ետին կամ վահանի վրայ: Վահագն Յովնանեան հայու վահանին ետին մնաց եւ մեզմէ կը բաժնուի վահանին վրայ, մերժելէ ետք օտար եւ օտարացնող երկինքը, մերժում՝ որ առաքինութիւն կը պահանջէ:
Միշտ պէտք է կրկնել՝ օրինակելի:
Մեծ յեղափոխականի կտակ-խօսքը պէտք է յիշել՝ գործն է միայն կենդանի:
Եւ… Վահագն Յովնանեան կ՚ապրի:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
2 Սեպտեմբեր 2015, Փարիզ