«Արամ, Արամ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Քրիս­թա­ֆըր Չէյմ­պըրզ, ո­րուն բե­մադ­րած «Ա­րամ, Ա­րամ» ֆիլ­մը ցու­ցա­դո­ւե­ցաւ այս տա­րո­ւան Հա­յաս­տա­նի «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին, կը յայտ­նէ, թէ ֆիլ­մը պատ­մու­թիւնն է տաս­ներ­կու տա­րե­կան Ա­րա­մին, որ Պէյ­րու­թէն գաղ­թե­լով՝ կը հաս­տա­տո­ւի Լոս Ան­ճե­լը­սի Փոք­րիկ Հա­յաս­տան շրջա­նը ապ­րող իր մեծ­հօր մօտ, դի­մագ­րա­ւե­լով նոր մի­ջա­վայ­րին ըն­տե­լա­նա­լու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը:

Փոք­րիկն Ա­րա­մին դե­րը խա­ղա­ցած է Ճան Ռու­հի­նեան։ Ժա­պա­ւէ­նին մէջ, Ա­րամ կը փոր­ձէ հա­մա­կեր­պիլ կեան­քի նոր պայ­ման­նե­րուն՝ տա­ռա­պե­լով ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րուն եւ ի­րեն հա­մար ան­ծա­նօթ մշա­կոյ­թի մը կող­մէ պար­տադ­րո­ւող օ­րէնք­նե­րուն մի­ջեւ: Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ ան կը գտնո­ւի տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու բախ­ման կեդ­րո­նը: Ա­րա­մի մեծ­հօր դե­րը ստանձ­նած է Լե­ւոն Շա­րա­ֆեան: Դե­րա­սան­նե­րու շար­քին են նաեւ Սե­ւակ Հա­քո­յեան, Ալ­լա Թու­մա­նեան, Ին­գա Ստամ­բոլ­ցեան եւ այլք:

Չէյմ­պըրզ կը յայտ­նէ, թէ իր ամ­բողջ կե­նա­քը Լոս Ան­ճե­լըս ապ­րած է, սա­կայն միայն վեր­ջերս ծա­նօ­թա­ցած է հա­յե­րուն եւ նկա­տած է, թէ ցարդ Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­յե­րուն մա­սին ժա­պա­ւէն մը չէ ար­տադ­րո­ւած: Ան այս շար­ժա­պատ­կե­րին նախ­նա­կան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն սկսած է 2010 թո­ւա­կա­նին՝ ըն­դու­նե­լով, որ ան­կէ ա­ռաջ ծա­նօթ ե­ղած է հա­յե­րուն մա­սին միայն ո­րոշ կարծ­րա­տի­պե­րու։

Պատ­մու­թեան նախ­նա­կան օ­րի­նա­կը պատ­րաս­տե­լէ ետք Քրիս­թա­ֆըր Չէյմ­պըրզ խորհր­դա­կա­ցած է շարք մը հա­յե­րու հետ, ֆիլ­մին վա­ւե­րա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով։

«Ին­ծի հա­մար հե­տաքրք­րա­կան էր հայ հա­մայն­քին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­նի­կա կ՚ապ­րի սո­վո­րա­բար մե­կու­սա­ցած պայ­ման­նե­րու մէջ, ինչ որ կարծ­րա­տի­պե­րու յա­ռա­ջաց­ման եւ սխալ հաս­կա­ցո­ղու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ», կ՚ը­սէ Չէյմ­պըրզ, որ ֆիլ­մի պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին զրոյց­ներ ու­նե­ցած է նաեւ Փոք­րիկ Հա­յաս­տան բնա­կող հա­յե­րու հետ՝ ծա­նօ­թա­նա­լով ա­նոնց պատ­մու­թիւն­նե­րուն եւ տե­ղե­կա­նա­լով ա­նոնց մշա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն:

«Յոյս ու­նիմ, որ այս պարզ պատ­մու­թիւ­նը ա­ռիթ կու տայ քննար­կում­նե­րու, ո­րոնց մի­ջո­ցով օ­տար­նե­րը ա­ւե­լի մօ­տէն կը ծա­նօ­թա­նան հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին», կը նշէ ան:

Լոս Ան­ճե­լը­սի շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին ցու­ցադ­րո­ւե­լէ ետք ֆիլ­մը Մոնրէա­լի մէջ կա­յա­ցած շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին եւս ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ։

Աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի ֆիլ­մը Հոկ­տեմ­բե­րին ցու­ցադ­րե­լու Ֆրեզ­նո­յի, Կլեն­տէյ­լի, Լոս Ան­ճե­լը­սի, Էն­սի­նո­յի, Պոս­թը­նի եւ Նիւ Եոր­քի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015