Գէորգ Էմին. «Խառն Դար»ու Երգին Սրտոտ Ու Խոհուն Բանաստեղծը
Սեպտեմբերի վերջին օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան 20-րդ դարու լուսաւոր դէմքերէն՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի (1919-1998)։ Մարդ էակին նկատմամբ անկեղծ ու անհուն սէրը, իր ժամանակաշրջանն ու Դարու Ոգին հայօրէն երգելու ներքին հուրը եւ կեանքն ու աշխարհը իր ողջ բջիջներով շնչաւորելու անսանձ կիրքը եղան վարար աղբիւրը Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեան:
Ծնած էր 30 Սեպտեմբեր 1919-ին, Աշտարակ գիւղը, ուսուցիչի եւ այգեպանի ընտանեկան յարկին տակ։ 1940-ին աւարտեց Երեւանի «Կառլ Մարքսի անուան պոլիտեխնիկական ինստիտուտի հիդրոտեխնիկական ֆակուլտետ»ը եւ անմիջապէս զօրակոչուեցաւ բանակ՝ 1942-էն 1944 խորհրդային զօրքի շարքերուն մէջ ծառայելու համար Երկրորդ Աշխարհամարտի ռազմաճակատներուն վրայ։
Զօրացրւումէն ետք Գէորգ Էմին անցաւ Մոսկուա, ուր 1949-էն 1950 ուսանեցաւ «Մոսկուայի գրական ինստիտուտ»ին կից «Հայ գրողների ստուդիա»ին մէջ, իսկ 1954-էն 1956 մասնագիտացաւ՝ հետեւելով Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացներուն:
1951-ին վերադարձաւ Երեւան եւ մինչեւ 1964 եղաւ «Լիտերատուրնայա Արմենիա» թերթի սեփական թղթակիցը Հայաստանի մէջ։ 1968-ին նշանակուեցաւ միեւնոյն՝ «Լիտերատուրնայա Արմենիա» ամսագրի խմբագիր:
Հրապարակագրական ասպարէզը հնարաւորութիւն ընձեռեց Էմինի, որպէսզի լայն ճանաչումի արժանանայ իբրեւ փայլուն ակնարկագիր։ Նաեւ՝ նոյն ժամանակաշրջանին, իր ծաւալած գրական-ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւնը զինք բարձրացուց տաղանդաւոր բանաստեղծի պատուանդանին։
1967-ին, «Հայֆիլմ»ը Գէորգ Էմինի բեմագրութեամբ նկարահանեց «Եօթ երգ Հայաստանի մասին» ժապաւէնը, որ արժանացաւ անդրկովկասեան եւ ուք-րանական շարժանկարի փառատօնի գլխաւոր («Պրոմեթեւս-69») եւ լենինկրատեան համամիութենական փառատօնի երկրորդ մրցանակներուն:
Իսկ Երեւանի Էքսպերիմենտալ թատրոնը բեմադրեց Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեանց մոթիֆներով ստեղծուած «Անձրեւի երաժշտութիւն» տրաման:
1976-ին, իր «Դար, հող, սէր» բանաստեղծութիւններու գիրքին համար Գէորգ Էմին արժանացաւ Խորհրդային Հայաստա-նի պետական մրցանակի:
1979-ին արժանացաւ Չարենցի անուան մրցանակի դափնեկիրի տիտղոսին:
1984-ին պարգեւատրուեցաւ խորհրդային «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան» շքանշանով:
Գէորգ Էմինի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածոն՝ «Նախաշաւիղը» (1940) կը յատկանշուի կեանքի եւ սիրոյ վերաբերեալ քնարական խոհերով: «Խաղաղութեան ծխամորճը» (1942) ժողովածոն անոր բանաստեղծութեան տուաւ խորհրդային քաղաքացիական յատուկ շունչ եւ ուղղուածութիւն: «Նորքը» (1946, ժողովածոյ) եղաւ վկայութիւնը բանաստեղծին ստեղծագործական որոնումներու հասունացման:
Յաջորդ ժողովածոներուն մէջ, ինչպէս որ «Հայկական հանրագիտարան»ը կը նշէ, աւելի որոշակի դարձան Գէորգ Էմինիի բանաստեղծութեան ոճն ու թեմատիք նախասիրութիւնները. «Նոր ճանապարհ», 1949, «Որոնումներ», 1955, «Մինչեւ այսօր», 1959, «Երկու ճամբայ», 1962, «Այս տարիքում», 1968, «Քսաներորդ դար», 1970, «Դար, հող, սէր», 1974, «Ճամբաբաժան», 1979, «Ախ, այս Մասիսը», 1980 եւ այլն…
Գէորգ Էմին հեղինակ է նաեւ ակնարկաշարքի («Եօթ երգ Հայաստանի մասին»), յօդուածներու եւ արձակ ստեղծագործութեանց («Մաշտոցից մինչեւ մեր օրերը», 1984 -մտորումներ հայ գրականութեան մասին)։ «Յաւերժի ճամբորդը», 1985 -բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր։
Էմինը ունի նաեւ թարգմանչական բեղուն վաստակ. «Գիրք թարգմանութեանց», 1984, ժողովածոյ։
Ուսումով եւ մասնագիտութեամբ գիտական պատրաստութիւն ունենալով հանդերձ, Էմին օժտուած էր յորդ յուզաշխարհով եւ բանաստեղծական ուրոյն տաղանդով, որոնց թելադրանքով իր կեանքը ամբողջապէս նուիրեց հայ գրականութեան։
«Գէորգ Էմին. Իմ մասին» խորագրով իր ինքնակենսագրութեան մէջ անդրադարձած է բանաստեղծ դառնալու իր ընտրանքին։
Գէորգ Էմին իր կեանքի վերջալոյսին ապրեցաւ նաեւ արցախեան շարժման պատմական եւ բախտորոշ ժամանակաշրջանը։ Իր ներդրումը ունեցաւ հայ իրականութիւնը խորհրդային ժանգերէն եւ կեղտաջուրերէն մաքրելու հոգեմտաւոր ընդհանուր վերանորոգման մէջ։ Վախճանեցաւ Յունիս 11-ին, 1998 թուին։
Պարզ ու վճիտ, զուլալ ու յորդ, սրտակէզ ու ցասկոտ երգով՝ Հայու Հոգին շնչաւորող բանաստե՛ղծն է Գէորգ Էմին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ