ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ՞Ն

Իւրաքանչիւր մարդ անպայման ունի որոշ կողմեր, որոնք կը փափաքի փոխել: Մարդը յատկապէս կ՚ուզէ փոխել այն կողմերը, որոնք բացասաբար կ՚անդրադառնան իր, իր կեանքի եւ շրջապատի վրայ։ Բազում մարդիկ այս փոփոխութեան գործընթացէն դուրս կու գան անյաջող արդիւնքներով։ Փոփոխութիւնը սովորաբար տեղի կ՚ունենայ կարճ ժամանակով, այնուհետեւ մարդ կը վերադառնայ նախորդ կէտին: Այս պահուն, ընդհանուր առմամբ, կան կարծիքներ, որոնք կը պնդեն, թէ փոփոխութիւնը շատ դժուար է, գրեթէ անհնար։

Կրնա՞յ մարդ իսկապէս փոխել ինքզինք, թէ փոփոխութիւնը լիովին անհնար է: Արդեօք մարդոց բնաւորութիւնը կը փոխուի՞ ձեռք բերուած նոր փորձառութիւններէ եւ տեղեկութիւններէ յետոյ: Արդեօք կարելի՞ է փոխել ձեր սիրելիները։

Փոփոխութիւնը բարդ գործընթաց է, բայց ոչ անկարելի: Կարելի է նշել բազմաթիւ գործօններ, որոնք կ՚ազդեն փոփոխութեան վրայ։ Այդ փոփոխութիւններու շարքին են անձի, ընտանիքի կառուցուածքը, միջավայրը, կեանքի դրական կամ բացասական իրադարձութիւնները, կենսաբանական գործօնները եւ այլն:

Թէեւ փոփոխութիւնները հնարաւոր են, սակայն կրնան նաեւ դժուար ըլլալ որոշ ոլորտներու մէջ: Սա հիմնականին մէջ կախուած է փոփոխուող տարածքէն, միջավայրէն։ Ուստի, անհատականութիւնն ու բնաւորութիւնը փոխելը դիւրին չէ, բայց անհնար ալ չէ։ Հարվըրտի համալսարանի հոգեբան Տանիէլ Կիլպըրթի կատարած հետազօտութեամբ ուսումնասիրուած է, թէ արդեօք կարելի՞ է փոխել մարդոց ճաշակը, բնաւորութիւնը կամ անհատականութիւնը:

Վերոնշեալ հետազօտութեան ընթացքին Տանիէլ Կիլպըրթ փորձարկած է այն մարդիկ, որոնք հետազօտութեան մէջ ներառուած էին տասն տարի առաջ: Հետազօտութեան արդիւնքին գիտականօրէն ապացուցուած է, որ մարդիկ կրնան ժամանակի ընթացքին փոխուիլ։

Կան նաեւ փոփոխութիւններ, որոնք դանդաղ կը զարգանան՝ կախեալ ժամանակէն, բայց կան իրավիճակներ, որոնք զգալիօրէն կ՚արագացնեն այդ փոփոխութիւնը։ Օրինակ՝ բացասական իրադարձութեան դէմ յանդիման մնացած անձ մը կրնայ թրաւմայի ենթարկուիլ եւ այդ վախը շատ երկար ժամանակ ապրիլ, ուստի, որոշ փոփոխութիւններ կախուած են պայմաններէն։

Մարդիկ կը փոխակերպուին՝ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին նոր բան մը սորվելով: Անհատականութիւնը հիմնականին մէջ կը կառուցուի մեր առաջին սորվածներով։ Այլ խօսքով, մանկութեան տարիներու դաստիարակութիւնը կը կազմաւորէ անհատականութեան գերակշիռ կողմերը, քանի որ առաջին սորվածը ինքնաբերաբար կ՚ընդունուի որպէս ճիշդ:

Փոփոխութիւնները կը սկսին այն ժամանակ, երբ կը հասկնանք, որ մեր կեանքին մէջ ամէն ինչ լաւ չ՚ընթանար։ Փոփոխութիւնը բարդ գործընթաց, նաեւ խիստ ենթակայական հարց մըն է։ Երբ կը մտածենք անձնական փորձառութենէն բխող ինքնուղղորդման մասին, ապա քայլ մը կ՚առնենք դէպի փոփոխութիւն: Յաճախ մարդիկ կը ձախողին այս փուլին, քանի որ համոզումները անբաժանելի են սեփական անձի համար եւ անոնք կ՚ընտրեն շարունակել հաւատալ այն բաներուն, որոնցմով իրենք իրենց լաւ կը զգան՝ առանց հաշուի առնելու պատճառներն ու հաւանական հետեւանքները:

Երբ հարցերը գնահատուին առարկայականօրէն եւ պատճառահետեւանքային տեսանկիւնէ, աստիճանաբար փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան: Ի հարկէ, քսան տարուան ընթացքին ձեւաւորուած անհատականութեան մը փոփոխութիւնը մէկ օրուան ընթացքին կարելի չ՚ըլլար, ինչպէս որ հիւանդութեան մը դարմանումը կը պահանջէ որոշ ժամանակ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024