ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
«Մշակոյթը ոչ թէ քաղաքական անկախութեան՝ այլ մարդկային
ազատութեան եւ ժողովուրդի մը հաւաքական գիտակցութեան կը
կարօտի՝ ծնելու եւ զարգանալու համար» (Արշամ Տատրեան)
Հոկտեմբեր ամիսը մեր ժողովուրդը նուիրած է մշակոյթին: Մշակոյթը չի սահմանափակուիր տարուան մէկ ամիսով, որովհետեւ մշակոյթ մը միշտ կայ՝ այնքան ատեն որ կայ զինք կրող ժողովուրդը: Այս լոյսին տակ, այսօրուընէ սկսեալ եւ յառաջիկայ շուրջ երկու շաբաթներու ընթացքին, թերթիս մէջ պիտի հրապարակենք յօդուածաշարք մը՝ նուիրուած մշակոյթին եւ անոր առնչուող նիւթերու: Առ այդ, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներողամտութիւնը կը հայցեմ, եթէ մեր բնականանոն աշխատակցութիւնը թերթին այս երկու շաբաթներու ընթացքին՝ ոչ բնականոն ընթացք ունենայ, տեղ տալով մեր այս յօդուածաշարքին:
*
Իւրաքանչիւր ազգ եւ ժողովուրդ, իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն եւ ընկերութիւն ունին իրենց յատուկ մշակոյթը, որու միջոցով կ՚արտայայտեն իրենք զիրենք, իրենց ինչութիւնը, իրենց ներաշխարհը, իրենց հաւատալիքներն ու ընկալումները, իրենց համոզումները, մէկ խօսքով կեանքի իրենց հասկացողութիւնը:
Այս առումով, բազմաթիւ մշակոյթներ կան: Երկրի մը մշակոյթը, այլ երկրի մը համար կրնայ ընդունելի ըլլալ, ուրիշ երկրի մը համար՝ անընդունելի, այլ երկրի մը համար ապաբարոյական, իսկ ուրիշի մը՝ ամօթալի: Այս չի՛ նշանակեր սակայն, որ տուեալ երկրի մը մշակոյթը ամբողջութեամբ մերժելի է, ո՛չ: Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի թէ՛ իր լաւ եւ թէ ալ յոռի կողմերը՝ նախ եւ առաջ այդ մշակոյթը կրող անդամներուն համար: Միւս կողմէ, եթէ մէկու մը համար անընդունելի է որոշ կէտեր կամ երեւոյթներ, այդ չի՛ նշանակեր, որ անպայմանօրէն մերժելի է:
Վերը նշեցինք, որ մշակոյթը տուեալ ժողովուրդի մը, ազգի մը, հաւաքականութեան մը կամ ընկերութեան մը կեանքը հասկնալու միջոցն է: Արդարեւ, ամէն մէկը ունի իր ինքնուրոյն մօտեցումի կերպը, որով կ՚ընտրէ իրեն համար բարին ու լաւը:
Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն կրնայ օգտուիլ ուրիշ հաւաքականութեան մը մշակոյթէն, եւ փոխադարձաբար: Բնականաբար, երբ օգտուիլ կ՚ըսենք, նկատի չունինք ընդօրինակել, այլ՝ իրը դարձնել, ազգային գունաւորում տալ: Այս գետնի վրայ ալ զգոյշ պէտք է ըլլալ, որովհետեւ ամէն ինչ չէ, որ կրնայ ազգային գունաւորում ստանալ, որովհետեւ բաներ կան որ յատուկ են տուեալ երկրին կամ հաւաքականութեան, եւ երբ զայն այդ հաւաքականութենէն առնելով փորձես այլ հաւաքականութեան մը մէջ գործադրել, ապա արդիւնքը կրնայ աղիտալի ըլլալ:
Այս լոյսին տակ, կրնանք ըսել, որ եթէ մշակոյթներու տարբերութիւնները ճիշդ կերպով գործածուին եւ ընկալուին, դրական արդիւնք կրնան ունենալ, որովհետեւ այդ տարբերութիւնները իրականին մէջ հարստացնող յատկութիւն ունին, եթէ զանոնք գործածողները գիտնան ճիշդ գործածել ու պահել:
Այսքանը ընդհանուր բացատրութիւն մըն էր մշակոյթի եւ մշակոյթներու տարբերութեան մասին: Հիմա գանք մեր՝ հայկական իրականութեան:
Ինչպէս բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները՝ յատկապէս փոքրերը, միշտ ենթակայ են իրենցմէ աւելի մեծ ու հզօր ազգերու եւ ժողովուրդներու ազդեցութեան, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ կրթական առումներով: Մշակոյթի պարագան ալ նոյնն է: Մանաւանդ մեր օրերուն, երբ հեռախօսներն ու համակարգիչները աշխարհը դարձուցած են մարդու ափին խաղալիքը, շատ դիւրին դարձած է տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան տակ իյնալը: Օրինակի համար, երբ միջազգային համբաւ ունեցող մրցաշար մը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ, բացման եւ փակման հանդիսութիւններու ընթացքին այնպիսի երեւոյթներու կը հանդիպինք, որ զարմանաք կը պատճառեն մեզի, մեր մէջ յառաջացնելով հարցադրումներ, թէ այս բոլորը մեզի հետ ի՞նչ առնչութիւն ունին: Շատ յաճախ՝ ո՛չ մէկ առնչութիւն: Բայց որովհետեւ փոքր ենք եւ կը փորձենք մեծերուն հաճելի ըլլալ, մեր մշակոյթին կը խառնենք ամէն տեսակի այլանդակութիւն, որպէսզի հաճելի երեւանք այդ մեծ տէրութիւններուն, երբեք չմտածելով, որ երբ աշխարհին քու սեփականդ կը ներկայացնես, աշխարհը շատ աւելի կը յարգէ ու նկատի կ՚ունենայ քեզ, քան երբ ասոր ու անոր կապկելով, կը փորձես հաճոյանալ նոյն այդ աշխարհին:
Մէկ խօսքով, մեր ըրածը շատ յաճախ քաղաքական հաշիւներու արդիւնք է, քան զուտ մեր մշակոյթը պահպանելու, կամ զայն անարատ կերպով օտարներուն ներկայացնելու փորձ: Այսօր, աւելի քան երբեք մենք կարիք ունինք մեր մշակոյթը զերծ պահելու քաղաքական սին ու փուճ հաշիւներէ, որ միայն կ՚աղարտեն ու կ՚ապականեն զայն: Մշակոյթը, պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակի քաղաքական ու հատուածական նկրտումներէ, որովհետեւ մշակոյթը ո՛չ միայն ներկայ դարաշրջանն է որ կը ներկայացնէ, այլ՝ մեր ժողովուրդին ամբողջ պատմութիւնն իսկ է, որ տարբեր դարերու մէջ հանդէս եկած է ինքնուրոյն դրսեւորմամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը Հոկտեմբեր ամիսը կոնդակով մը յայտարարած է մշակոյթի ամիս: Այդ մասին երանաշնորհ հայրապետը՝ որ մշակոյթի գործիչի տիպար մը եղած է, կը գրէ. «...ՀԱՍԿ-ի յուլիս-օգոստոս միացեալ համարի մէջ հրատարակուեցաւ Մեր Կոնդակը, որու մէջ պարզուած էր Հոկտեմբերը մշակոյթի պանծացման ամիս դարձնելու կարգադրութիւնը .....: Ամենաթանկագինը մի ազգի համար անոր ստեղծագործ հանճարն է իր արդիւնքներով. լեզուն, կրօնը, արուեստը, գրականութիւնը, գիտութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, որոնց գումարը կ՚ամփոփենք մշակոյթ բառի մէջ: Զօրացնել այդ ստեղծագործ հոգին, կենդանի պահել անոր բարոյական ուժերը, պաշտպանել եւ գուրգուրանքով խնամել անցեալի ժառանգութիւնները, որպէս զի անոր հետ օղակուի ե՛ւ ներկան ե՛ւ նոյն իսկ գծագրուի ապագայի հեռանկարը, իմացական ազգի յատկանիշն է եւ կարգաւորեալ գործունէութիւնը...: Ապաբաղդ եղած է մեր վիճակը քաղաքական տեսակէտով, բայց ամաչելու պատճառ չունինք հոգեւոր եւ մշակոյթային կեանքի մարզերուն մէջ…: Գնահատենք մեր ստեղծագործական անցեալը, հաստատենք անոր արժէքի գիտակցութիւնը հայ ժողովուրդի հոգիի մէջ» («ՀԱՍԿ», 1946):
Գնահատենք մեր մշակոյթը, մեր ստեղծագործական անցեալը, արժեւորենք զայն՝ կառուցելով մեր ներկան, որպէսզի մեզմէ ետք եկող սերունդերը կարենան հաղորդուիլ անցեալի ոգիին, վայելեն ներկան եւ իրենք ալ իրենց հերթին կերտեն իրենցմէ ետք եկող սերունդներու ապագան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ