ԳԵՂԵՑԻԿ Է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Նկարչուհի Մերի Մուն երէկ իր հերթական ցուցահանդէսը բացաւ Իսթանպուլի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան Երեւանէն գալով քաղաքս հաստատուած է վերջին տարիներուն եւ այստեղ կը ծաւալէ ստեղծագործական բազմակողմանի եւ ուշագրաւ աշխատանք։ Մերի Մուն ոչ միայն հաճելի, այլ նաեւ զգալի ներկայութիւն մը դարձած է թէ՛ ընդհանրապէս Իսթանպուլի գեղարուեստական շարժումներէն եւ թէ մասնաւորապէս մեր համայնքի կեանքէն ներս։
Երէկ երեկոյեան Մերի Մունի հերթական անհատական ցուցահանդէսը բացուեցաւ «Tütün Deposu»ի երդիքին տակ, Թոփհանէ։ Վերջին տարիներուն ընթացքին ան արդէն ունի իր գեղարուեստի համակիրներու շրջանակ մը։ Այս անգամ եւս Մերի Մուն գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ իսկապէս յատկանշական ստեղծագործութիւններով։ Ցուցահանդէսի եզակի երեսակներէն մին այն է, որ Մերի Մունի պաստառներուն առթած տպաւորութիւնները պայմանաւորուած են քաղաքներով։ «Գեղեցիկ է ճշմարտութիւնը» խորագրին ներքեւ ան ներկայացուցած է շարք մը գործեր, որոնք կը ցոլացնեն Երեւանը, Թիֆլիզը, Վիեննան եւ Իսթանպուլը։ Դրուագները այդ չորս քաղաքներուն վերաբերեալ թէ՛ առարկայական պատկերներ կը ներկայացնեն եւ թէ միեւնոյն ժամանակ կը կրեն հեղինակի երեւակայութեան հետքերը՝ միշտ բարձր դիրքերէ դիտարկուած տեսարաններով ու մանաւանդ տանիքներով։ Ցուցահանդէսի այցելուները փորձեցին հաղորդ դառնալ Մերի Մունի վրձինով ներկայացուած յիշեալ քաղաքներուն, որոնց ճշմարտութիւնը, բուն դիմագիծը թէեւ բաւական երեւելի էր, սակայն անոնք աւելի խորքային ջանք մը պէտք է գործադրէին՝ քաղաքներու այդ ճշմարտութեան յարաբերաբար ներթափանցելու համար։
Մերի Մունի ցուցահանդէսի բացման օրը ներկայացուեցան նաեւ անոր կողմէ արտադրուած շարք մը մետաղեայ գործեր, որոնք եւս իսկապէս մեծ վարպետութեան մը պտուղն էին եւ առարկայ դարձան այցելուներու լուրջ հետաքրքրութեան։ Այդ մետաղեայ ստեղծագործութիւններն ալ վերոյիշեալ քաղաքներէն դրուագներ կամ յատկանշական անկիւններ կը խորհրդանշէին եւ անոնց շուրջ գեղարուեստասէրներուն արդի պարեր ներկայացուց Կիզէմ Պիլկէն։
Հարկ է նշել, որ Մերի Մունի այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբերի 6-ը։ Մինչ այդ, յաջորդ շաբթուան սկիզբին «G-art»ի երդիքին տակ պիտի բացուի նաեւ իր մէկ նոր ցուցահանդէսը, որն ալ պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբերի 31-ը։ Կը նախատեսուի, որ գեղարուեստասէրներ ցու-ցաբերեն հետաքրքրութիւն։
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024