Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նարպէյ, 1832-1892). Հայ Հոգեւորականի Արժէքաւոր, Այլեւ Վիճայարոյց Դէմք Մը
Նոյեմբեր 4-ին, 123 տարի առաջ, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։
Ոչ միայն իբրեւ հոգեւորականի, այլեւ իբրեւ ազգային ու հասարակական գործիչի տպաւորիչ կերպարի՝ Խորէն Նարպէյ քսան տարեկանէն սկսեալ իր անձին, մտածումներուն եւ գործունէութեան շուրջ ալիք բարձրացնող ներկայութիւն մը եղաւ հայ կեանքէն ներս։
Ունեցաւ թէ՛ բուռն համակիրներ, թէ՛ նոյնքան ուժեղ ընդդիմախօսներ։ Պաշտելու աստիճան իրեն կապուած շրջանակները, յատկապէս երիտասարդ հայորդիներ, Խորէն Նարպէյի մէջ գնահատեցին մտաւորական մարդու անոր լայն պաշարն ու ազգային իտէալներու պաշտպանութեան եւ իրագործման համար ըմբոստացող գործիչը։ Իսկ ընդդիմախօսները, մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն, երբեք չհաշտուեցան Խորէն Նարպէյի ոչ միայն հոգեւորական գործունէութեան ընթացքին թոյլ տը-ւած ցուցամոլութեան ու աշխարհիկ հետաքրքրութեանց, այլեւ հանրային կեանքի մէջ անոր դրսեւորած փառամոլութեան հետ։
Պատահական չէ, որ հայ կեանքը հունաւորած արժէքաւոր մեր հոգեւորականներուն թերի կողմերը ձաղկելու ատեն՝ Սիմոն Զա-ւարեան առանձնայատուկ կերպով պիտի շեշտէր օրինակը Խորէն Նարպէյի, 1913-ին «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս տեսած եւ իր գաղափարական կտակը հանդիսացող «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» յօդուածին մէջ։
Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ արժէքաւոր, այլ նաեւ վիճայարոյց հոգեւորականի ու ազգային գործիչի՝ Խորէն Նարպէյ իր ուրոյն տեղը ունի հայոց ազգային յիշողութեան մէջ։
11 Հոկտեմբեր 1832-ին Պոլիս ծնած Գալֆայեան Խորէնը, ծննդավայրին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, ղրկը-ւեցաւ Վենետիկ, ուր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, միացաւ Մխիթարեան միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամենէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։
Եւրոպական լեզուներուն ՝հմուտ, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ Նարպէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական որակով խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային-հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։
Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նարպէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854-ին, Գաբրիէլ Եպսկ. Այվազովսքիի (որ «Բազմավէպ»ի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։
Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նարպէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Մտերիմ էր յատկապէս Լամարթինի հետ, որուն «Դաշնակք» գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859-ին։
1860-ականներուն սկիզբը Նարպէյ հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867-ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870-ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգային-հոգեւորական եւ գրական-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։
Նարպէյ 1863-ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ «Վարդենիք»ը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ որոշակի սեռականութիւն (erotism) մատնող յուզաշխարհով՝ տեղիք տուաւ թեր եւ դէմ քննադատութեանց։
Իսկ յաջորդաբար 1868-ին եւ 1874-ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ «Քնար պանդուխտի» եւ «Ստուերք հայկականք» հաւաքածոներուն մէջ, Նարպէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգային-հասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբպեւ այդպիսին, 1870-ականներուն, Նարպէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։
Նարպէյ ծաւալեց նաեւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 1877-1878-ի Ռուս-Թրքական պատերազմի ժամանակ, երբ ոչ միայն հանդէս եկաւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան նուիրուած հրապարակային ու ատենախօսական ելոյթներով եւ յօդուածներով, այլեւ՝ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանքներով՝ ցարական իշխանութեանց հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու առաջադրանքով։ Այդ նկատառումով ալ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ խորհրդական ու թարգման իր Պերլինեան պատուիրակութեան կազմին մէջ առաւ Նարպէյը։
Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ Նարպէյին։ Սուլթանական վերապահութիւնը այնքա՜ն խորացաւ, որ Պատրիարքը ստիպուեցաւ կարգալոյծ հռչակել արժանաւոր եկեղեցականին։ Բայց Նարպէյ շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ հոն, ուր ֆրանսացի իր մտերիմներուն միջոցաւ հայանպաստ քարոզչութեան ձեռնարկեց եւրոպական տարողութեամբ, ինչ որ արիւնարբու սուլթանի աչքին… «բաժակը յորդեցուց»։
Եւ 4 Նոյեմբեր 1892-ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուելով ու թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Արք. Գալֆայեան-Նարպէյի, որ իբրեւ հոգեւորականի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի ու հասարակական գործիչի, իր ուրոյն պատուանդանը գրաւած էր հայ իրականութեան մէջ։
Խորէն Նարպէյի վախճանման 123րդ տարելիցը ոգեկոչելով՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք անոր հանրածանօթ եւ սիրուած բանաստեղծութիւններէն «Հայ Ապրինք» քերթուածը.-
ՀԱՅ ԱՊՐԻՆՔ
Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը,
Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը.
Հայ անուամբ զմեզ կ’ողջունէ երկինք,
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Հայ ապրինք, որ ազգ կայ Հայու նման?
Որ ունենայ հին պարծանք այսքան,
Որ ազգ Հայուն պէս շքեղ Հայրենիք.?
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Ո՛չ, ճակատագիր մեր, չէ միշտ տխուր,
Զթշուառութեան ուտել հացն ու ջուր,
Նոր երջանկութեան ապագայ մ’ունինք.
Եղբայրք Հայ ապրինք
Հայ ապրինք, որ մեր որդիք ալ, եղբայրք,
Կարենան պարծիլ որ զմեզ ունին հարք,
Չըլլանք Հայ անուան, չըլլանք նախատինք
Եղբայրք, Հայ ապրինք:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ