ՓՆՏՌԵԼ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Կարելի է ըսել, որ երջանիկ ըլլալու ձգտումը համարժէք է քնանալ փորձելու։ Որքան շատ կը փորձէք քնանալ, այնքան շատ կը կորսնցնէք ձեր քունը: Նմանապէս, որքան շատ կը փորձէք երջանիկ ըլլալ, այնքան աւելի տխուր կը դառնաք:

Մարդոց մեծամասնութիւնը երջանկութիւնը կը տեսնէ՝ որպէս հեռաւոր առարկայ մը. կը փնտռէ, կը գտնէ եւ կը բռնէ, որպէսզի ան չփախչի: Նման մարդոց համար երջանկութիւնը որեւէ տեղ է: Բայց  անոնք որքան շատ կը հետապնդեն երջանկութիւնը, կը թուի, թէ երջանկութիւնը աւելի կը խուսափի անոնցմէ, ինչպէս որ հորիզոնը աւելի կը հեռանայ, երբ կը փորձենք հասնիլ անոր։ Նոյնպէս ալ երջանկութիւնը կը հեռանայ մեզմէ, երբ կը փորձենք հետեւիլ անոր:

Ուրեմն ինչո՞ւ այն կը հեռանայ մեզմէ՝ որքան փորձենք երջանկութեան հասնիլ: Այս հարցման պատասխանն է, թէ երջանկութիւնը հնարաւոր չէ գտնել արտաքին աղբիւրներու մէջ, այլ զայն կարելի է յայտնաբերել պարզապէս եւ միայն մեր ներաշխարհը։ Ահա, թէ ինչու չենք կրնար երջանիկ ըլլալ, որքան որ ալ ունենանք հարստութիւն եւ ուժ։ Երջանկութիւնը թաքնուած չէ ձեռքբերումներու մէջ, այնպէս որ երբեք կարելի չէ երջանկութիւնը գտնել ապագային մէջ: Որովհետեւ երջանկութիւնը ներկայ պահուն զգալու վիճակ մըն է: Եթէ ​​կը հետապնդենք երջանկութիւնը, ապա կը կորսնցնենք զայն: Եթէ ​​դադրինք որոնելէ, կը գտնենք: Ըստ էութեան, այնքան ալ ճիշդ չէ ըսել, որ երջանկութիւնը կարելի է փնտռել եւ գտնել, քանի որ երջանկութիւնը միշտ մեր մօտն է՝ որպէս մեր էութեան մէկ մաս: Երբ մենք զայն կը փնտռենք այլ տեղ՝ մեզմէ դուրս, մենք կը կորսնցնենք անոր հետքը:

Քանի մենք կը կարծենք, որ բաւական լաւ չենք, մենք կը փորձենք լրացնել մեր ներքին դատարկութիւնը՝ երջանկութիւն փնտռելով արտաքին աշխարհի մէջ։ Բայց որքան ալ ջանք թափենք, նոյնն է, մեր ներաշխարհը դատարկութիւն, սով կը զգանք։ Թէեւ դրամը կրնայ լեցնել մեր գրպանները, բայց ոչինչ կ՚աւելցնէ մեր հոգիներուն: Թէեւ իշխանութիւն ունենալը մեզ ուժեղ կը ցուցնէ ուրիշներուն, բայց չի կրնար թաքցնել մեր թոյլ կողմերը մեր սեփական աչքերէն: Աշխարհի վրայ ոչինչ կրնայ մեզ ուրախացնել, երբ մենք մեզ չենք ընդունիր այնպէս, ինչպէս որ ենք: Արտաքին գործօնները կարճաժամկէտ հեռանկարով կը շոյեն մեր էկոն, բայց երկարաժամկէտ հեռանկարով  պէտք է առերեսուինք մեր ներաշխարհի դատարկութեան հետ։ Փորձենք ճանչնալ մենք մեզ եւ յիշեցնել այն ժամանակներու մասին, երբ իսկապէս եւ անկեղծօրէն երջանիկ զգացած ենք: Խօսքս այն պահերու մասին է, երբ մեր սիրտը կը բաբախէ ուրախութենէ, կը խաղաղինք մեր ու աշխարհի հետ եւ կը զգանք, որ կեանքը վերածուած է գեղեցիկ տօնակատարութեան։ Սա այն պահերէն է, երբ կը մոռնանք, որ պէտք է ջանք գործադրենք երջանիկ ըլլալու համար...

Երջանկութիւնը չի գտնուիր, երբ կը հետապնդուի, բայց փնտռտուքը դադրեցնել կը նշանակէ յանձնուիլ: Ի՞նչ կարելի է ընել այս իրավիճակին մէջ։ Մենք կը հասկնանք, որ որքան շատ փնտռենք երջանկութիւնը, այնքան քիչ հաւանական է, որ զայն գտնենք: Որքան աւելի շատ ջանք գործադրենք որոնման մէջ, այնքան աւելի կը յոգնինք այդ որոնումէն: Այլ խօսքով, երջանկութիւն փնտռելու նպատակն է վերջապէս դադրեցնել փնտռտուքը: Ես չեմ ըսեր, որ նստինք եւ ոչինչ ընենք ու միայն սպասենք, որ երջանկութիւնը յայտնուի մեր կեանքին մէջ: Ոչ, երջանկութիւնը այդպէս չէ: Միեւնոյն ժամանակ, երջանկութիւնը փնտռել կամ գտնել չէ։ Բայց, ի վերջոյ, կ՚արժէ երջանկութիւն փնտռել, որպէսզի կարողանանք տեսնել այս ամբողջ «զբաղուածութեան» անհեթեթութիւնը:

Երբ գիտակցիք երջանկութիւնը, յստակ կը հասկնաք, թէ ինչ նկատի ունիմ: Երբ հասկնաք, մէկդի կը դնէք բոլոր ջանքերը եւ կ՚ընդունիք կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է։ Այդ պահուն, այդ վիճակին, կը զգաք երջանկութեան ամենամաքուր ձեւը: Այդ պարագային անպակաս կը զգաք եւ կը կարողանաք մաքրել ձեր գլուխը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022