Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ Շաբաթ յետմիջօրէին կատարուեցաւ Անթոնիօ Քոսենթինոյի աշխատանոցին մասնակից արուեստագիտուհիներուն նկարչական խառն ցուցահանդէսը։ Գեղարուեստասէրներու ջերմ հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ այս ձեռնարկը, որու շրջագծով ներկայացուած են՝ Իրէմ Աճառսոյի, Հրասուն Սերճիոյի, Գարին Ճինճիօղլուի, Թիւրքան Կիւրքանի, Էթի Ռոմանոյի, Սատաքատ Սեւինտիքի եւ Իսմէթ Թունճէրի ստեղծագործութիւնները։
Երկար տարիներէ ի վեր միասնաբար աշխատանք տարած այս խումբի անդամներուն առաջին խառն ցուցահանդէսն էր այս մէկը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբերի 19-ը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015