ՍՈՓՐԱՆՕ ՆԱԹԱԼԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՇԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­նե­րէն սոփ­րա­նօ Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Էլ­մա­տա­ղի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ։ «Ծո­վափ­նե­րէն տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» խո­րագ­րեալ այս ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը նա­խա­տե­սուած էր թա­տե­րա­կան շա­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ, տա­ւի­ղի նուա­գա­հան­դէ­սով հան­դերձ։ Ե­լոյ­թը մաս կը կազ­մէր ծրագ­րի մը, ո­րու նպա­տակն է տար­բեր նուա­գա­րան­նե­րով ու հա­մա­տե­ղում­նե­րով ի­րա­կա­նաց­նել ռե­սի­թալ­նե­րու շարք մը։ Բե­մա­յար­դա­րու­մով, տա­րազ­նե­րով եւ ընդ­հա­նուր դրուած­քով այս ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը ունկն­դիր­նե­րը տա­րաւ 1900-ա­կան թուա­կան­նե­րու Ֆրան­սա­յի մէջ տան մը հիւ­րա­սե­նեա­կը։

Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան շուրջ եր­կու­քու­կէս տա­րիէ ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նէր Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն Գէորգ Դա­ւի­թեա­նի հետ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դե­րա­սա­նու­հի Շա­հի­քա Թե­քան­տի «Սթիւ­տիօ» թա­տե­րա­խում­բի դա­սըն­թացք­նե­րուն ալ կը մաս­նակ­ցէր։ Այս բո­լո­րէն վերջ իր ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր նուա­գա­հան­դէ­սը պսա­կուե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ հնչե­ցին Ար­տա­շէս Ա­կօ­շեա­նի տա­ւի­ղի յօ­րի­նում­նե­րը։ Տա­ւի­ղի նուագ­նե­րը կա­տա­րեց Մե­րիչ Տէօ­նիւք։ Յայ­տագ­րին մէջ իր բա­ժի­նը ու­նէր դե­րա­սան Ու­ղուր Մութ­լու։ Ձեռ­նար­կի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն էր Է­մէլ Փի­լաւ­ճը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015