«ԱՐԱՍ» ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՐՔ ՄԸ. «YOK HÜKMÜNDE»
«Արաս» հրատարակչատունը այս շրջանին գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է երկու նոր ու հետաքրքրական գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Ճամբորդութիւն դէպի Լազաստան», որու հեղինակն է Նիքոլայ Մարր։ Ռուսերէնէ թարգմանութիւնը կատարուած է Եուլպա Մուհուրճիշիի կողմէ։ Գիրքին խմբագիրը եղած է Արթուն Կեպենլիօղլու։
«Արաս»ի հրատարակած միւս գիրքը կը կոչուի «Yok Hükmünde»։ Այս գիրքը կը վերաբերի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ իրաւաբանական անձի կամ պաշտօնական կարգավիճակի խնդիրներուն։ Գործին համախմբագիրներն են Ռոպէր Քոփթաշ եւ Պիւլենտ Ուստա։ Գիրքի զանազան բաժիններուն մէջ տեղ տրուած են պատմական ակնարկներու, կենդանի վկայութիւններու, գործնական գետնի շօշափելի օրինակներու, աշխարհի օրինակներու հետ բաղդատութեանց եւ պաշտօնական ներկայացուցիչներու մօտեցումներուն։ Ակեդամականներու վերլուծութիւններուն ալ տեղ տրուած է այս գիրքին մէջ, որ առիթ կը հանդիսանայ շատ այժմէական նիւթի մը շուրջ խորքային պատկերացում մը կազմելու։