ՀԱՅ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ

Քանի մը տասնամեակ՝ հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր մանուկներ կրթած է օրիորդ Գայիանէն։

Միջահասակ, կլորիկ ու թմբլիկ, դեղնորակ վարսերով, ճերմակաթոյր մաշկով, կենսուրախ ու խնդումերես ուսուցչուհի մըն է ան։

Ժամանակին մանուկներուն, այսօր այլեւս պատանիներուն, քաղաքամայր Երեւանի արագ դպրոցներէն մէկուն մէջ՝ մայրենի լեզու եւ գրականութիւն կ՚ուսուցանէ օրիորդ Գայիանէն։ Հայերէն լեզուի մեծ գիտակ մըն է։ Իր խօսքը կը կազմէ սահուն ու գեղեցիկ հայերէնով։ Աշակերտները զինքը շատ կը սիրեն։ Հակառակ խստապահանջ ըլլալուն, ան շատ բարի է եւ ծով համբերատար։ Կը սիրէ առատօրէն իր շուրջը սփռել դրական լիցքեր ու բարձր տրամադրութիւն։

Յիրաւի, օրիորդ Գայիանէի օրը կը սկսի բարձր տրամադրութեամբ։ Անտեսելով յոգնութիւնն ու բազմազբաղութիւնը, ան մշտապէս կը շողայ արեւի պէս։ Երբեք չի գանգատիր, կեանքի բոլոր պարագաներուն փառք կու տայ Աստուծոյ։ Օր մը ըսաւ.

-Ամէնքը իրենց հոգերը կը վստահին ինծի, իսկ ես որո՞ւն պիտի վստահիմ։

-Ձեր բոլոր մտահոգութիւններն ու խնդիրները վստահեցէք Աստուծոյ,- պատասխանեցի ես։

 -Ըստ իս, կեանքի բոլոր պարագաներուն Աստուծոյ միմիայն պէտք է ըլլալ շնորհակալ, իսկ իմ հարցերուն հետ կը փորձեմ ես պայմանաւորուիլ,- ժպիտով պատասխանեց ան։

Ընկեր Գրիգորեան՝ այսպէս վերջինիս կը դիմէ աշակերտութիւնը։ Առհասարակ, Հայաստանի մէջ տարածուած է ուսուցիչներուն դիմել ընկերով։ Չէ՞ որ ուսուցիչը մեր ընկերն է, մեր երկրորդ մայրը կամ հայրը, մեր դաստիարակը։ Այս դիմելաձեւի արմատները կը հասնին Խորհրդային Միութիւն։

Երեսունհինգ հոգինոց ուսուցչական կազմին մէջ ընկեր Գրիգորեանը ամենաբազմազբաղն է՝ դասղեկ է, հայոց լեզուի կոմիտէի նախագահ, այս բոլորի կողքին՝ մասնաւոր դաս կու տայ եւ ժամանակ կը գտնէ իր ընտանիքի պարագաներուն համար։ Երբեք որեւէ տեղ, ոեւէ մէկուն յանպատրաստից չի ներկայանար։ Էութեամբ պարտաճանաչ ու աշխատասէր է։

Բոլորը կը հմայուին օրիորդ Գայիանէի կերպարով։ Շուրջիններէն մշտապէս կ՚արժանանայ գովասանքի։ Լաւ մանկավարժ ըլլալու առընթեր, ան օրինակելի մայր ու կին է։

Ընկեր Գրիգորեանի փոքրիկ ընտանիքը բաղկացած է երեք հոգիէ՝ մայր, հայր ու որդի։

Աւա՜ղ, օրիորդ Գայիանէին բաժին հասած է դժուարին կեանք։ Առաջին զաւակը կորսնցնելէ ետք, երկրորդ զաւակը երեք տարեկանին հիւանդացած է ծանրագոյն հիւանդութեամբ։ Աւելի քան տասնեօթ տարի՝ որդին տառապած է «ուշագնացութիւն» հիւանդութեամբ։ Չարաբաստիկ հիւանդութիւնը չէ յաղթանակած երիտասարդին։ Մայրը՝ զաւակի հետ միասին, օրն ի բուն կը պայքարի հիւանդութեան դէմ, ամէն ձեւով ստուերելով զայն։ Վստահաբար անոնք երկուքով պարտութեան մատնեցին հիւանդութիւնը։ Զայն չկրցաւ կոտրել, խեղճացնել այս գեղեցիկ ընտանիքը։

Ընկեր Գրիգորեանի քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ Գէորգը յաջողութեամբ աւարտեց դպրոցը։ Ան այսօր թատերական ինստիտուտի մեքենավարական բաժնի առաջին դասարանի ուսանող է։ Մայրը որդիի հետ միասին նոր մասնագիտութիւն կը սորվի։ Զաւակին հետ համահաւասար կ՚աշխատի։ Անոր հետ միասին կը պատրաստէ օրուան առաջադրանքներն ու քննութիւնները։ Մայրիկի ջանքերու շնորհիւ ան գերազանցութեամբ յանձնած է բոլոր քննութիւնները։

Բացառիկ ու արտասովոր անհատականութիւն մըն է օր. Գայիանէն, որ մշտապէս կը ժպտի կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն. «Ես այլընտրանքի հնարաւորութիւն չունիմ... Ես պարտաւոր եմ... Այդ իմ պարտքն է... Այլ կերպով չեմ կրնար վարուիլ...», կ՚ըսէ ան։

Այսպիսին են նուիրեալները։

Այսպիսին են հայ մայրերը՝ անձնուրաց ու բացառիկ, պայքարող ու չընկրկող։

Թող Աստուած զօրացնէ ձեր հաւատքն ու աւելացնէ պայքարի ջիղը՝ օրինակելի հայ մայր ու մանկավարժ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023