ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆՍ ԵՂԻՎԱՐԴԸ…
Բանաստեղծ Եղիվարդը՝ Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանը նոր գրութիւններուն թուղթերը ձեռքը կու գար մեզի։
Վանեցի մեծ հօրս՝ Արշակ Սարգիսեանին հետ անցեր էին գաղթի ճամբէն՝ հասեր Երուսաղէմ։ Մեծ հայրս կը սիրահարուի մեծ մօրս՝ Նեկտարին, ընկերները կուսակրօն կը դառնան, ինք կ՚ամուսնանայ։
-Բոլորս ալ երդում տուինք, կ՚ըսէ եղեր մեծ հայրս, անոնք եկեղեցիին ծառայելու, իսկ ես Աստուծոյ առաջ Նեկտարին հետ ընտանիք կազմելու երդում տուի։
Եւ ինչպէս մայրս հաւատացած էր, որ հայր Եղիշէն իր հօրեղբայրն է, ես ալ հաւատացած էի, որ մեծ հօրս եղբայրն է։ Եւ երբ ընկեր-ընկերուհիներս հարցնէին. «Ինչպէս կ՚ըլլայ, որ նոյն մականունը չունիք», ես լաւ ձեւ մը գտած էի այդ հարցումին մէջէն դուրս գալու. «Երբ որ վարդապետ կ՚ըլլաս անունդ կը փոխեն, իսկ երբ պատրիարք կ՚ըլլաս՝ մականունդ»։ Եւ բոլորը համոզուած ու հաւատացած էին։ Իսկ յօրինողս՝ շատ հպարտ։
Եւ Եղիվարդին գործերէն շատերը դեռ չհրատարակուած առաջին անգամ մեր տան մէջ կը կարդացուէին։
Մայրս շատ անուշ ձայն ունէր եւ շատ գեղեցիկ կը կարդար… Վերջապէս վաթսուն տարի հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդեց։ Իսկ հօրս կարծիքը բանաստեղծը կը գնահատէր։
-Ո՛ւր է Արփիկը, ըսելով մեր տուն կը մտնէր բանաստեղծ պատրիարքը։ Տղաքը հոս չե՞ն, վանքին դուռ հեռաձայն մը ըրէք թող տղաքը գան։
Տղաքը նաեւ հօրս աշակերտները եղած էին Ժառանգաւորաց վարժարան եւ Ընծայարան դասաւանդած ժամանակ, որոնք վեց հոգի՝ դասարան մը կուսակրօն ձեռնադրուեցան։ Օր մը պատրիարքը մեզի եկած էր շատ յուզուած.
-Այսօր վեց սարկաւագ զիս տեսնել ուզեցին, գիտէի ինչու համար, կուսակրօնութեան դիմում գրած էին։ Հրա՛նդ, վեց առողջ, գեղեցիկ երիտասարդներ երբ մտան դէմս շարուեցան կողք-կողքի՝ յուզուեցայ, շատ յուզուեցայ։
Ձեռնադրուեցան, հօրս հետ յարաբերութիւնը աշակերտ ուսուցիչէ մտերիմ բարեկամութեան անցաւ։ Հայրս ուշ ամուսնացած էր, թէ ոչ եղբայրս ու ես անոնց տարիքին պէտք էր ըլլայինք եւ ծնողքս զաւակի նման սիրեցին ու գուրգուրացին անոնց, որոնք դարձան առաջնորդներ, ունեցան մեծ պաշտօններ։ Երբ մեկնեցան Երուսաղէմէն, անոնցմէ եկած նամակները քանի մը անգամ կը կարդացուէին… Անոնք իրենց համար մնացին իրենց տղաները։
Եւ տղաքը կու գային ու գրական երեկոն կը սկսէր, կը պատահէր, որ առաւօտեան ժամերգութեան զանգերը հնչէին, տղաքը եկեղեցի կ՚իջնէին եւ պատրիարքը կը հրահանգէր ետ բարձրանալ մեր տուն, քիչ բան մնաց աւարտելու Արփիկն ալ քիչ մը հանգիստ կ՚ընէ ու կը շարունակենք։
Եղիվարդը իր բոլոր արուեստագէտ, գրագէտ հիւրերը մեր տուն կը բերէր, որոնք իրենց Երուսաղէմի յուշերուն մէջ մեր տունը անուանած են «Նագգաշեաններուն գրական սալոնը», «Վերնատուն», «Մշակոյթի կեդրոն»։
Եւ թէեւ ես պահեցի ծնողքէս ժառանգած հիւրասիրութիւնն ու գրական երեկոներու սէրը, բայց ափսոս, հազար ափսոս, որ այդ ժամանակ փոքր էի մասնակցելու համար այդ գրական երեկոներուն, որոնք ինչպէս ըսի, երբեմն կ՚երկարէին մինչեւ գրական լուսաբաց…
Այո՛, փոքր էի, բայց ես ալ իմ գրական երեկոներս ունէի, որ կը սկսէր Եղիվարդին հեքիաթներով…
Ես ամէն օր անհամբեր իր գալուն կը սպասէի, չէի ձգեր ոեւէ մէկը նստի այն բազկաթոռին վրայ, ուր ինք կը նստէր։ Եօթ տարեկանիս ձեռագործ մը աշխատած էի անունս վրան, որ երբ պտուղ ուտէր ծունկին դնէր։ Մեծ հանդիսութիւն էր այդ ձեռագործին յանձնումը պատրիարքին, այնքան ինքնագոհ էի արուեստի գործովս… Ընդհանրապէս երեկոյեան եօթին-ութին կ՚այցելէր, ես ժամը հինգէն ձեռագործը ձեռքս իր բազկաթոռին նստած սպասեցի։ Մայրս բացառիկ պտղասեղան մը պատրաստած էր յատուկ այդ օրուան համար, «Պոմալէ» շատ կը սիրէր պատրիարքը։ Եւ երբ սիրտը պտուղ ուզէր, ո՞ւր է Անուշին ձեռագործը կ՚ըսէր։
Եւ Եղիվարդը ինծի հեքիաթներ կը պատմէր Վանէն, իրենց գիւղէն, իրենց տունէն, իր մանկութենէն։ Ես հնազանդ փիսիկի նման կը տեղաւորուէի Եղիվարդին քով։ Այնքան համով կը պատմէր, ձայնը, մատներուն շարժումները։
-Մենք մե՜ծ մառան ունէինք, սկսաւ պատմել պատրիարքը, ձեր տունին չափ։ Օր մը մայրս մառան կ՚իջնէ եւ գետինը սովորականէն աւելի հաստ թելեր կը գտնէ, այս թելերը ուրկէ բուսան կ՚ըսէ, եւ մտածելով, որ պէտք կու գան բարակ չուանի մը վրայ, ուր ձմրան պաշարին համար սմբուկներ շերտած կախած էր չորցնելու՝ անոնց կարգին կը կախէ նաեւ թելերը։ Գործը աւարտելէ ետք կը բարձրանայ տուն։ Մեր տան օձը…
-Օձ, սրբազան օ՞ձ ըսիք… Տունը օ՞ձ ունէիք…
-Ամէն տուն իր օձը ունէր, կը կերակրէինք, մեզ կը ճանչնար, վնաս չէր տար, ընդհակառակը չէր ձգեր մուկ ու առնէտ մառանին քովէն անցնին կամ մօտենան։ Միջատ մը անգամ չէինք տեսներ։ Մառանին պահակն էր օձը։ Օձի իմաստութիւն եւ աղաւնիի միամտութիւն պէտք է ունենալ կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը, մեր գաւազաններուն գլխուն օձ կայ չէ՞, ասկէ ետք եկեղեցի, որ երթաս ուշադրութեամբ նայէ։ Ինչ որ է, օձը ուր որ գացած էր կը դառնայ եւ ձագերը չի գտներ, ջղայնութենէն, որ ձագերը չկան, մեզի պատժելու համար, կաւէ խոշոր ջուրի կուժին մէջ իր թոյնը կը թափէ, որ երբ խմենք՝ թունաւորուինք ու մեռնինք։ Յետոյ կը տեսնէ, որ ձագերը պարանին վրայ կախուած են, կը փաթթուի կուժին եւ կտոր-կտոր կ՚ընէ զայն, որպէսզի չխմենք։ Այդ սովորականէն աւելի հաստ թելերը օձին ձագերն են եղեր…
Սարսափած էի, վախէս սենեակ երթալ չէի ուզեր, արդեօք մեր տունը պահակ օձ կար եւ մենք լուր չունէ՞ինք… Իսկ եթէ անկողինս մտած ըլլար… Պէտք է լաւ ստուգեմ մանաւանդ ձեռագործիս տոպրակը, եթէ օձ մը գայ եւ իր ձագերը այդ թելերուն մէջ փնտռէ… Եթէ… Եթէ… Եթէ… Բայց պատրիարքենց օձը բարի օձ էր… Կարեւոր չէ, ես սարսափած էի։
-Լաւ որ վեր նայեր եւ պարանին վրայ տեսեր է ձագերը… Եթէ քեզի խայթէր, ի՞նչ պիտի ընէինք սրբազան…
Եւ սկսայ լալ։
-Հոս չէի ըլլար, խնդալով պատասխանեց պատրիարքը։
Հարցումներուս շարանը այնքան երկարեցաւ մինչեւ, որ համբերատար բանաստեղծին համբերութիւնը հատած վերջ դրաւ անոնց։ Ես ալ գլուխս ծունկին վրայ ուռած աչքերս գոցեցի։
Չէ, չէի քնացած, ձեւացուցի, միայն կոպերս իջեր էին, թող քնացած կարծէին… Միայն սենեակ չերթայի… Մեր տան վարը Սուրբ Յակոբ վանքին միաբանական ճաշարանն էր, խոհանոց, մառան… Իսկ եթէ օձ ալ ունէին եւ իր ձագերը իմ սենեակիս մէջ ունեցեր է… Իսկ եթէ օձը իր ձագերը չգտնէր… Ես կը դառնայի «Սարսափի հեքիաթին իշխանուհին», որուն սպասուհին առանց գիտնալու, որ օձի ձագեր են անոնք՝ աւլեր թափեր է… Օձը փնտռեր ու չէ գտեր իր ձագերը, նայեր է քնացած իշխանուհիին՝ սիրահարուեր… Բայց օձի բնազդը, առաւել մայրական ցաւը, աւելի զօրաւոր եղած են ու խայթեր է իշխանուհիին…
Իշխանուհին օձին խայթոցին ցաւէն կ՚արթննայ ու կը տեսնէ, թէ ինչպէս օձին կաշին կը պատռուի ու ան կը վերածուի գեղեցիկ իշխանի մը։ Իշխանուհին արդէն իր վերջին վայրկեանները կ՚ապրէր, բայց իշխան դարձած օձը կը համբուրէ խայթած տեղը ու թոյնը դուրս կու գայ իշխանուհիին մարմինէն։ Անոնք երջանիկ կ՚ապրին երկա՜ր տարիներ։
Գինովցած իմ հեքիաթովս աչքերս բացի. «Ի՜նչ լաւ է սրբազան, որ մեր տունին վարի օձը կախարդուած իշխան է եղեր…»։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
27 մայիս, 2024, Երուսաղէմ