ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ (1926-1983)

«Դարերէն եկող յաւերժութեան նայող գիրքեր կան, որոնց մասին կը լսենք յաճախ, ամէն օր, կը պահենք զանոնք մեր սեղաններուն վրայ կամ դարակներուն մէջ, հիացումով կը խօսինք անոնց մասին երբ պէտք ըլլայ, առանց սակայն հաղորդ ըլլալու անոնց բովանդակութեան, ներքին արժէքին: Մեզմէ քանի՞ հոգի կարդացած է Աստուածաշունչը -կամ «Նարեկ»ը- ամբողջութեամբ ու ծանօթ է անոր պարունակած չհնացող ճշմարտութիւններուն»

Անցեալ շաբաթ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացուցինք Վահրամ Մավեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, պիտի ներկայացնենք անոր գրիչին արգասիքը եղող վաստակէն հատուածներ, որպէսզի ընթերցողները կարենան որոշակի ծանօթութիւն մը ունենալ անոր գրիչին ու հոգեմտաւոր ապրումներուն:

***

Աւելորդ ի՞նչ բան ունի սա տղան այսօր մեր այն միւս ընկերներէն, որոնք ետեւ մնացին ու տեղաւորուեցան Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Այսպէս տուն մը կրնար որեւէ տեղ ալ շտկել: Առանց նոյնիսկ թերեւս այսքան չարաչար աշխատելու: Նման եւ երբեմն աւելի լաւ ալ պայմաններ չունեցա՞ն միւսները՝ որոնք նախընտրեցին Արեւելքի աստղազարդ, խաղաղ երկինքն ու հայկական մթնոլորտը: Իր, մեր ընկերները, որոնց համար կեանքը ապրուստ մը վաստակելէն անդին՝ աւելի էական իմաստ մը ունի այսօր, եւ որոնց՝ հայկական վարժարաններու մէջ դաստիարակուած զաւակները պիտի չհարցնեն երբեք՝

- What’s hayeren, daddy? («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 554):

Դժուար է ճանչնալ, հասկնալ մեր դարը իր իսկութեանը մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, բայց մանաւանդ ընկերային իր բարդութիւններով: Հետզհետէ խելահաս դարձող տղան այսօր դժուար կրնայ արդար գնահատումը ընել արժէքներու, որովհետեւ իրերու ներկայ դասաւորումին մէջ կարելի չէ ճիշդ ու յստակ գաղափար մը ունենալ մեր շուրջը, յաճախ անմիջական շրջանակին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն մասին: Պէտք չկայ շատ հեռուները երթալու. կարելի է հաստատել այս իրողութիւնը մեր ազգային կեանքի սահմաններէն ներս ալ: Հայ անհատը՝ որ մեր ազգային իրադարձութեանց շուրջ իր կարծիքը հարկադրուած է այս կամ այն պատճառով կազմել մեր մամուլէ՛ն միայն, անորոշութեան պիտի մատնուի անկասկած՝ երբ կարդայ իրարու հակառակ հոսանքներու պատկանող մեր թերթերը: Կա՛մ այն է որ պիտի ընդունի իր համակրած կամ կարդացած թերթին կարծիքը, տեսակէտը՝ որպէս ճիշդ, եւ կա՛մ պիտի մատնուի շփոթութեան, այսինքն պիտի մնայ առանց կարծիքի:

Յատկանշական շրջան մըն է անցնող կէս դարը պատմութեան մէջ: Անոնք որոնք կազմուեցան ասկէ 30-40 տարի առաջ [նկատի ունի 1924-1934 ժամանակաշրջանը], որքան ալ ճկուն՝ բարոյական ու ընկերային այս յեղաշրջումին մէջ, կը դժուարանան ամբողջութեամբ անջատուիլ անցեալի մթնոլորտէն, մտայնութենէն: Երկընտրանքի մը մէջ են անոնք, «հիները», որոնք որպէս ուղեցոյց պիտի ծառայեն նորերուն: Ո՞րն է ճիշդը: Որքա՜ն աւելի դժուար կ՚ըլլայ ստուգել ասիկա՝ իր կազմաւորման տարիները ապրող պատանիին համար, որուն տունէն ներս, -մանաւանդ մե՛ր տուներուն- իր ծնողքին կողմէ պահանջուած չափանիշը անհամեմատօրէն տարբեր է անկէ՝ որուն դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք տունէն դուրս, ընկերային իր յարաբերութիւններուն մէջ: Չենք ուզեր խօսիլ տակաւին հոգեկան այն բարդոյթներուն մասին՝ որոնց մէջ պիտի մտնէ ան յաճախ՝ անհաճելի այս կացութեան հետեւանքով:

Մեր երիտասարդութիւնը կը մեղադրուի ընդհանրապէս բարոյական արժէքներու հանդէպ ցոյց տուած իր անտարբերութեան համար: Խորքին մէջ սակայն, կը կարծենք թէ անտարբերութիւն ըլլալէ աւելի շփոթ հոգեկան վիճակ մըն է եղածը, որուն հետեւանքներէն մէկն է անոնց «սինիզմ»ը, հաւատքի, յարգանքի պակասը՝ անցեալին, մեր ազգային արժէքներուն կամ կրօնքին հանդէպ:

Այսքան արագօրէն դիմագիծ փոխող ընկերութեան մը մէջ զարմանալի չէ որ ամենէն դիւրին զոհերը, չըսելու համար վտանգաւորները ըլլան այսպէս կոչուած կէս-զարգացածները: Իմացական լայն պատրաստութիւն եւ փորձառութիւն ունեցողը յարաբերաբար զինուած է՝ ինքզինք այս բոլորին դէմ պաշտպանելու համար: Միւս ծայրը գտնուողներուն համար խնդիր չկայ արդէն եւ երջանիկ են անոնք: Երկու այս խումբերուն միջեւ ինկողները սակայն ունին բաւական զարգացում, անդրադառնալու չափ հարցերուն գոյութեան, առանց միեւնոյն ատեն պատճառը ըմբռնելու, զայն վերլուծելու կարողութեան: Եւ ընկերութիւնը ոչ մէկ ատեն իր մէջ հաշուած է այնքան թիւով կէս զարգացածներ՝ որքան այսօր:

Քիչ մը երկար այս շեղումը՝ ըսելու համար թէ աշխարհ մը որ անհամեմատ արագութեամբ յեղաշրջումի կ՚ենթարկուի ընկերային, տնտեսական, բարոյական իր ըմբռնումներով, աշխարհ մը՝ որուն մէջ կը բանան մեր նոր հասնող տղաքն ու աղջիկները իրենց աչքերը, անխուսափելիօրէն պիտի դնէ իր դրոշմը անոնց մտածելու, զգալու եղանակին վրայ: Ահա թէ ինչո՞ւ պէտք է փորձենք հասկնալ զիրենք երբ իրենց ճաշակով եւ նախասիրութեամբ՝ անպայման չե՛ն համապատասխաներ անցեալի մեր չափանիշներուն: Պէտք չէ մոռնալ որ գիտութեան արձանագրած նուաճումները շատ բան փոխած են այսօր բարոյական արժէքները դատելու մեր եղանակին մէջ: Ու երբ նոր հասնող մեր սերունդը առաւել կամ նուազ չափով կը փորձէ ականջ տալ ու քալել իր ժամանակի կշռոյթին հետ, դժբախտաբար ո՛չ միշտ ազգայինին ի նպաստ արձանագրուած արդիւնքներով, պէտք չէ զարմանանք՝ վրդովուելով, զիրենք մեղադրելով հանդերձ («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 689-691):

Ե՞րբ է որ լաւ հայ պէտք է նկատել մէկը:

- Հայ մը՝ երբ կը ճանչնայ իր արմատներն ու կը գիտակցի իր ազգային արժէքներուն: Իսկ գիտակցիլ՝ կը նշանակէ կենդանի ապրումի վերածել այդ բոլորը.- մեր անցեալը, պատմութիւնը, մշակոյթը, ներկան, մեծ ու պզտիկ երազներն ու ծրագիրները («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 715):

Նախ՝ հայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը մեր վարժարաններուն մէջ պէտք է բարձրացնել իրենց արժանի վարկին եւ դարձնել հետաքրքրական: Պարզապէս դասապահերուն թիւը աւելցնելով, պարտադրելով, «զէրօ» դնելու սպառնալիքով չենք կրնար հայերէնը սիրելի դարձնել եւ սորվեցնել աշակերտին: Մանաւանդ գրականութիւնը խանդավառութիւն է ամէն բանէ առաջ: Ասոր համար պէտք է ունենանք իրենց կոչումին անհրաժեշտ կրակն ու գիտակցութիւնը, հաւատքն ու խանդավառութիւնը ունեցող ուսուցիչները:

Երբ կը պահանջենք՝ պէտք է գիտնանք նաեւ վարձատրել: Ինչո՞ւ, օրինակ, հայերէն ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ -այստեղ՝ կարեւոր ածական մըն է ասիկա- ուսուցիչ մը պիտի չվարձատրուի գոնէ գիտութեան կամ անգլերէնի ուսուցչի մը չափ: Ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի, պէտք ունինք բարձրացնելու հայերէնին վարկը: Ինչպէս ամերիկացիները կ՚ըսեն, «սթօքը» ինկած է բաւական: Ասոր համար պայման է նաեւ որ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ընդհանուր կեցուածքը «յարգալիր» ըլլայ հայերէն լեզուի ուսուցման հանդէպ: Երբ գիտութեան կամ ուսողութեան ուսուցիչը «հայերէնը փոր չի կշտացներ» ըսէ, որոշապէս բան մը քանդած կ՚ըլլայ տղուն հոգիին մէջ: Փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ երբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ կան անհրաժեշտ հետաքրքրութիւնը, ուշադրութիւնն ու վարակիչ խանդավառութիւնը՝ սերմերէն ոմանք անպայման կ՚իյնան բարեբեր հողերու վրայ («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 716-717):

Մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայ ըլլալը դիւրին չէ եղած երբեք: Հայ մնա՛լը մանաւանդ: Մեր նախնիքը այդ դժուարութիւններուն հետ ունեցած են նաեւ անհուն երջանկութիւնը, հպարտութի՛ւնը՝ հայ ըլլալու: Այսօր մենք տէրն ենք հարուստ ժառանգութեան մը: Ջահը փոխանցուած է մեզի, անոնց՝ որոնք այսօրուան հայերն են: Ի՞նչ չափով արժանի պիտի կարենանք ըլլալ մեր հայութեան: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ ատիկա: Վա՜յ այն սերունդին, որուն ձեռքերուն մէջ կը մարի ջահը («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 721):

ՅԱՄԵՑՈՂ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ԵՐԲԵՄՆ այսպէս ինձ կը թուի թէ դուն դառնաս պիտի նորէն,
Օր մը, ի՜նչ փոյթ, թէ տարիներ անցած, անցա՜ծ ըլլան արդէն.
Թէ պիտի գաս սպասումիս դիմաց երկար՝ այն ճամբայէն,
Դուն մեկնեցար ուրկէ անձայն, օր մը՝ երբ խենդ, խե՜նդ էիր դեռ:

Ու կը թուի ինձ տակաւին թէ քեզի հետ նորէն, նորէ՜ն,
Պիտի դառնան օրերն աղուոր՝ հին քաղցրութեամբ, հեռուներէն.
Ձայնիդ մէջ նոյն շեշտը բարի, ու հին ժպիտն աչուըներուդ,
Դուն պիտի գաս, կը հաւատամ, օր մը, օրեր յետոյ՝ ի՜նչ փոյթ:

Եւ այն ատեն՝ քայլերուդ դէմ այնքան գգուանք, այնքան գորով
Պիտի ծաղկին՝ սպասումիս, կարօտներուս երկար ճամբով,
Որ կեանքն առնէ պիտի քեզմով՝ նորէն, նորէ՜ն իմաստ մը խոր:

Երբեմն այսպէս՝ ինձ կը թուի թէ դուն դառնաս պիտի նորէն,
Նոյնիսկ երբ ձիւնն առնէ ճամբան եւ իջնէ մութն ամէնուրեք.
Զի տակաւին՝ հոգիներու ճամբան դալար մենք կը պահենք:

(«Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 33):

ԱՂՕԹՔ

Մեկնողին

Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կեանք, ճամբուն վրայ երազին,
Թող ոչ մէկ ցաւ գայ տանջել հոգին անոր՝ գիրկին մէջ
Օտարութեան, երբ դառնան դէմքերն անոնց՝ որ առին
Օր մը հասակ միասին, եղան արցունք, եղան սէր:

Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կամք, խանդ ու կորով անսպառ,
Որ հոգիին հեւքն իսկոյն, վայրկեաններուն իր անել,
Գիտնայ փոխել նւագի, որ պահերուն իր մինակ,
Սիրտն իր զգայ աւելի՛ լեցւած շունչով մը ընտել:

Ու հոգին, Տէ՛ր, որ այսօր իրն է, պահէ՛ անվտանգ,
Պահէ ամբողջ տակաւին քամիներուն դէմ վաղւան.
Հաւատաւոր, հեռագնաց ըրէ քայլերն իր պարման:

Իսկ երբ նետէ ժամանակն օր մը ստւերն իր դաժան,
Տէ՜ր, հեռացող սա տղուն խենդ աչքերուն հոգւոյն մէջ,
Մնայ թող միշտ հաւատքի իր բոցէն շող մը անշէջ:

(«Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 35):

ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Երբեմն յանկարծ կը յիշեմ այսպէս,
Երեկոն խաղաղ, լուրջ մայրիներուն,
Երբ վերջին անգամ սէ՜ր իմ՝ դուն ու ես,
Գացինք միասին խորը, շա՜տ հեռուն:

Ու ժամերն անցան երկվայրկեանի պէս,
Հոն՝ մայրիներու պերճ հովանիին.
Կարօտցեր էինք այնքա՜ն, կը յիշե՞ս,
Որ կարծես դարե՜ր մեզ կը բաժնէին:

Ու հովիտին մէջ երբ զանգը վանքին
Իրիկնապահի աղօթքին կանչեց,
Դողաց ափիս մէջ քու ձեռքը պզտիկ,
Աղօթենք, ըսիր, մենք ալ անոնց պէս:

Երբ մութը իջաւ յետոյ, կը յիշե՜ս,
Մենք հաղորդուեցանք իրարմով, իմ սէր,
Դուն մեծցած էիր, փոխուած էի ես.
Ու չհաւտացիր, թէ այդ սէրն իմս էր:

Հիմա տարիներ անցած են արդէն,
Բայց կ՚երթա՛մ նորէն մեր մայրիներուն,
Կ՚երթա՛մ առանձին, չկաս հիմա դուն,
Մայրիներն ամէն նոյն երգը կ՚երգե՛ն:

(«Ամբողջական Երկեր»,Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 36):

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

Քեզ կը սիրեմ ես հիմա քեզի համար ու անոր,
Եւ մանաւանդ՝ աւելի անո՛ր համար՝ որ երէկ
Մեծցաւ սիրտիս մէջ լուսէ ինչպէս երազ մը աղուոր,
Դարձաւ տենչանք ու կարօտ, դարձաւ գաղտնի սէր մը խենդ:
Քեզ կը սիրեմ աւելի՝ երբ զայն -զաւակս- կը զգամ
Իմ քայլերուն քովն ի վեր քիչ մ՚աւելի ամէն օր,
Երբ կը տեսնեմ զայն մարմին առած եւ կեանք՝ միշտ քեզի
Այնքան նման, ու սիրոյս, գուրգուրանքիս դիմաց՝ պերճ:

Կը զգամ երբեմըն նոյնիսկ ձեռքն իր պզտիկ ձեռքիս մէջ,
Զոր գորովով մը ծածուկ ես կը սեղմեմ իբրեւ հայր,
Ան կը ժպտի, կը դիտենք մենք զիրար լուռ ու երկար…:

Ու կը սիրեմ քեզ միայն՝ քեզի՛ համար ու անոր՝
Որ ապրեցնել պիտի գայ մեր հոգիները իր մէջ,
Եւ իրարմով սէրը մեր ընէ ամբողջ ու անվերջ:

(«Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 66):

ՀՈՂԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ

Որքան խորունկ սէ՜րս ըլլայ, կարօտս՝ անզուսպ, կատաղի,
Ըլլայ յորդուն, անսահման՝ երջանկութիւնըս որքան.
Քեզ ունեցած ըլլալու հպարտութիւնս տակաւին,
Որքա՜ն ալ զիս կապերով ամուր՝ կապէ այս կեանքին,
Գիտեմ, սէր իմ առաջին, քեզ ով սէ՜ր իմ վերջնագոյն,
Պիտի տանիլ կարելի ըլլայ հազի՜ւ մինչեւ մահ:

Անկէ անդին սակայն դուն, դուն որ չունի՛ս բնաւ մահ,
Ժամանակէն աննուաճ պիտի տեւես տակաւին.
Պիտի մնա՜յ սէրըդ հին, եւ գուրգուրանքդ վըրաս.
Պիտի իջնէ զերթ անձրեւ, զերթ օրհնութիւն երկնային:
Մինչ ես դարձած ափ մը հող՝ քու գրկին մէջ դարաւոր,
Պիտի կազմենք քեզ հետ միեւնոյն կեա՛նքը կրկին:

(«Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 101):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024