ԱԼԱՍՔԱՅԻ ՈՒԻԹԻԷՐ ՔԱՂԱՔԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ
Ալասքայի Ուիթիէր քաղաքի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը կ՚ապրի բազմաբնակարան շէնքի մը մէջ...
Շէնքը կը կոչուի «Begich Towers» եւ կը բաղկանայ 14 յարկանի բազմաբնակարան համալիրէ, ուր կ՚ապրին քաղաքի բնակիչներու մօտաւորապէս 90 տոկոսը (քաղաքի ընդհանուր բնակչութիւնն է՝ 272): Այս իրավիճակը Ուիթիէրին տուաւ «քաղաքը՝ մէկ յարկի տակ» անունը։
Առաջին հայեացքով կրնաք մտածել, որ ամբողջ քաղաքը ինչպէ՛ս կ՚ապրի շէնքի մը երդիքին տակ, բայց գրեթէ այն ամէն ինչը, որ անհրաժեշտ է քաղաքի մը համար, հաւաքուած է այնտեղ: Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ սովետներու կողմէ կառուցուած այս 14 յարկանի փոքրիկ Ուիթիէր քաղաքի աւելի քան 214 բնակիչները կ՚ապրին ընդհանուր առմամբ 150 բնակարան պարունակող այս շէնքին մէջ։
Բնակիչներու նաեւ «Աշտարակ» անուանած այս շէնքը սկիզբը կառուցուած է՝ որպէս զօրանոց, բայց այժմ կը ծառայէ որպէս բազմաբնակարան համալիր, որ բաղկացած է նամակատան բաժանմունքէն, շուկայէն, ոստիկանական բաժանմունքէն, լուացքատունէն, քաղաքապետարանէն եւ փակ ջեռուցուող աւազանի համալիրէն… Շէնքի առաջին յարկէն ներս կայ դպրոց, նամակատուն, մթերքի խանութ, նոյնիսկ անվտանգութեան փապուղի մը, ուր մարդիկ կը թաքնուին հաւանական աղէտի մը պարագային։ Այս փոքրիկ քաղաքին մէջ կայ 3 ոստիկան, որոնք քաղաքի անվտանգութիւնը կ՚ապահովեն առաջին յարկէն։
Եթէ կը խորհիք, թէ միայն այսքան է, կը սխալիք։ Այս 14 յարկանի շէնքը ունի նոյնիսկ եկեղեցի, բուժարան եւ պանդոկ: Արդարեւ, կարելի է այցելել Ուիթիէր քաղաքը եւ այնտեղ ունենալ արձակուրդ:
Այս բոլորը լաւ է, բայց եթէ ձեզ կը հետաքրքրէ, թէ ինչո՞ւ այս փոքրիկ քաղաքի մարդիկ կ՚ապրին մէկ շէնքի տակ, եկէք քիչ մը խօսինք այս մասին:
Այս քաղաքը մեկուսացած է ինչպէս Ալասքայէն, այնպէս ալ մնացեալ աշխարհէն, իսկ ամենամօտ ուղղութիւնը կը գտնուի 60 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այս հեռաւորութիւնը կարելի է անցնիլ միայն նաւակներով։
Ամենամեծ պատճառը, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կ՚ապրին շէնքի մը տակ՝ քաղաքի վատ եղանակային պայմաններն են։ Ուիթիէրի մէջ ձիւնի խորութիւնը ձմրան կրնայ հասնիլ 8 մեթրի, իսկ փոթորիկներու ժամանակ քամիները կը փչեն ժամական 115 քիլօմեթր արագութեամբ: Այս պատճառով, կեանքը կրնայ բաւական դժուար ըլլալ: Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ արջերը, որոնք անընդհատ կը թափառին շրջանին մէջ: Այսպէսով, քաղաքի բնակիչներուն համար ամբողջ տարուան ընթացքին գրեթէ անկարելի կը դառնայ փողոց դուրս գալը։ Նկատի ունենալով ձմեռային դաժան պայմանները՝ Ուիթիէրի բնակիչները մեծ կարեւորութիւն կու տան ընկերայնութեան եւ բոլորը միշտ միասին են:
Այս քաղաք կարելի է հասնիլ միայն օդային ճանապարհով կամ միակողմանի փապուղիի միջոցով, որ կ՚անցնի երկու միլ հեռաւորութեամբ Մէյնարտ լերան միջով: Քաղաքի եղանակային պայմանները կրնան դաժան ըլլալ ձմրան ամիսներուն՝ «Աշտարակ»ը դարձնելով յարմար եւ գործնական լուծում տեղւոյն բնակիչներուն համար...
Բացի «Begich Towers»էն, քաղաքի մէջ կայ երկրորդ բազմաբնակարան շէնք մը, ուր կ՚ապրին Ուիթիէրի մնացեալ բնակիչները: Քաղաքի դպրոցը եւ մարզադահլիճը կը գտնուին այս առանձին շէնքէն ներս եւ փապուղիով միացուած է «Begich Towers»ին՝ մանաւանդ ձմրան ամիսներուն ապահովելով դիւրին փոխադրում երկու կառոյցներուն միջեւ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024