ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏԱՆԵԼԻ ԲԵՌԸ…
Ամէն առաւօտ արթննալով, ոտքի կանգնիլ փորձելով, կեղծ յոյզերով կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մոռացումի մատնուելու, կորսուելու։ Այնքան սովոր դարձած էր ինծի, թէ կեանքի պայմանները կը թելադրեն ապրելակերպս։ Վարժուած էի արձագանգել շրջապատիս՝ միայն գործելով այդ շրջապատին համաձայն։ Գրեթէ անհնար դարձած էր վերահսկել կեանքիս ընթացքը։ Շաբաթները կ՚անցնէին կաթուածահար վիճակի մէջ, կը զգայի նոր բան մը չստեղծելու, չարտադրելու մեղքի ծանրութիւնը…
Այս իրավիճակը ընդունելի չէ յատկապէս ստեղծագործ մարդոց համար։ Սա պարզապէս շարունակական բնոյթ ունի։ Ստեղծագործական յուսահատութեան պոռթկումով կը նկատուի ընկճուածութեան ու անհանգստութեան կրկնուող յորձանուտը։ Յամենայնդէպս, այլեւս կը բաւէր։ Աւելի դիւրագրգիռ դարձած էի։ Առանց որեւէ պատճառի պարզապէս կ՚ուզէի բոլորի աչքերէն հեռանալ։ Տանելի բաները անմիջապէս կրնային վատթարացնել տրամադրութիւնս։
Եւ վերջապէս, ամիսներ շարունակ խորհելէ յետոյ հասկցայ, թէ երբեք պիտի չըլլայ աւելի լաւ ժամանակ՝ քան հիմա։ Այսքան ընկճուածութիւն, ինքնըստինքեան այսքան բանավէճ, այսքան «կշռում»… Ես այլեւս ունէի անորոշ ուրուագիծ։ Մէկդի դրի մտահոգութիւներս, որպէսզի երազանքներս իրականացնելու ուժը գտնեմ։ Նոր էջ մը կը բանայի։ Հիմա այնպէս կը թուի ինծի, թէ ոչինչ կրնայ խոչընդոտել ճանապարհս։
Տարեսկիզբին յուզուած էի։ Հիանալի սկիզբ, չէ՞։ Քանի մը օր անց ալ կարծէք սահմանափակուեցայ իմ ներաշխարհի մէջ։ Օրեր շարունակ անգիտակցաբար դիտեցի ժապաւէններ։ Շարունակ խորհեցայ, թէ երբ լաւ զգամ, իմ երազանքները իրականացնելու համար գործի պիտի լծուիմ։ Վերջ ի վերջոյ, անպայման կը հասնիմ անոր, այս ի՞նչ աճապարանք… Հոգեբանութիւնս, չեմ գիտեր, արդեօք բարելաւուեցա՞ւ, բայց օրերը անցան, գացին…
Այս ազատութիւնը բեռ մըն է մարդոց։ Սա կրնաք զգալ, երբ ձեր ուշադրութիւնը շեղի եւ բան մը չէք ըներ ձեր երազանքը իրականացնելու համար։ Կը խորհիք, թէ «վաղը» միշտ կայ։ Ահաւասիկ այս բեռն է, որ մեզմէ շատերը կը պահէ կաթուածահար վիճակի մէջ։ Գիտենք, որ կան գործեր, որոնք պէտք է ընենք, բայց ծանրութիւնը մեզ կը պահէ եւ թոյլ չի տար գործել անոնց համաձայն։ Կը սկսինք իրապէս զգալ, թէ որքան տարբերակներ կան։ Կ՚արթննանք եւ կը կարողանանք տեսնել որոշումներու, ուղիներու, հաւանական սխալներու եւ վերջին վայրկեանի ընտրութիւններու անվերջ շարքերը։ Ընտրելու այնքան շատ բան կայ, թէ իւրաքանչիւրը միւսէն աւելի լաւ կամ վատ չի թուիր։ Ցանկալին կամ անհրապոյրը կը կորսնցնեն իրենց տարբերութիւնը։ Երբ կ՚իյնանք հաւանականութիւններու կոյտին, կը սկսինք կասկածիլ, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ ենք մենք այդ բոլորին մէջ։
Մենք կ՚ուզենք յաճախ, որ մեր ուղղութիւնը տեսանելի ու յստակ ըլլայ։ Թէեւ զայրացած ենք մեր ղեկավարներէն, ուսուցիչներէն, ծնողներէն կամ մէկ ուրիշէն, որոնց թելադրանքները ստիպուած ենք լսել տարիներով, սակայն, տակաւին պայմանաւորուած ենք անոնց խօսքերով։ Բազում մարդիկ կը փորձեն առաջնորդել իրենց գործողութիւնները ըստ ուրիշներու ուղղումներու։ Վստահ եմ, որ արթննալը ուժ կը պահանջէ։ Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը դժուարանան, երբ խօսքը վերաբերի վերահսկել իրենց իսկ կեանքը՝ յատկապէս եթէ անոնք չեն սորված իրենք իրենց կառավարել։
Որոշումներու ծովը աներեւակայելիօրէն ընդարձակ է։ Բազմաթիւ ճանապարհներ կան անցնելու եւ յաճախ ուղղութիւն մը ընտրելը կը նշանակէ հրաժարիլ միւսներէն։ Սեփական կեանքի եւ որոշումներու համար պատասխանատուութիւն կրել չգիտնալը կը ծանրացնէ կեանքը։
Այժմ խարսխուած եմ ուղղութեան մը, որ յարմար կը համարեմ անվերջանալի ժամանակի անընդհատ հոսող ալիքի մէջ կողմնորոշուելու համար։ Եւ այստեղէն պիտի կառուցեմ նոր նաւակ մը՝ խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու համար։ Անշուշտ, առանց առաջնորդութեան, առանց խորհուրդներու կամ ծրագրի՝ դատարկ օրերու օրացոյցը կրնայ սարսափելի թուիլ։ Բայց պէտք է նախ կառուցել խարիսխ մը, գտնել տեղ մը, ուր կարելի է դիտել ձեր ընտրութիւններու ամբողջ դաշտը։ Եթէ ճիշդ ընտրութիւն կատարէք եւ ազնիւ ըլլաք դուք ձեզի հետ, վստահ եմ, թէ կ՚արժեւորուին ձեր բոլոր ջանքերը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ