«ՏՈՒՏՈՒԿ ԱՆԱՏՈԼԻԱ» ՀԱՄԵՐԳԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Տուտուկ Անատոլիա» համերգը երէկ իրիկուն կայացաւ Թաքսիմի «60m2» կոչուած սրահին մէջ։ Անուանի տուտուկահար Սուրէն Ասատրեանի կողքին բեմ առին հարուածային գործիքներու սիրուած անուններէն Հերման Արթուչ, դասական կիթառի տաղանդաւոր դէմքերէն Ռոնի Առան Ատըպելլի եւ ճազային կիթառի մասնագէտ Ճէմ Նասուհօղլու։ Հարկ է նշել, թէ Սուրէն Ասատրեան շուտով պիտի հրապարակէ «Արասի արտասուքները» անուն ալպոմ մը, ուր համագործակցած է յիշեալ երաժիշտներուն հետ։
Իւրաքանչիւր աշխարհագրական տարածք ունի իւրայատուկ բնական կշռոյթ մը։ Դարեր շարունակ միեւնոյն հաղոտարածքի վրայ բնակած մարդիկ իրենց կեանքի փորձառութեամբ եւ ստեղծած մշակոյթով, նուագարաններով, երգերով, պարերով, կշռոյթներով, երաժշտութեամբ եւայլն կը տարբերին այլ տարածքներու մարդոցմէ։ Եւ աշխարհի համար անհրաժեշտ է ամէն տեսակ աշխարհահայեացք եւ փորձառութիւն։
Տուտուկը հին դարերէ հասած շնչաւոր նուագարան մըն է։ Հայաստանի ու հայ ժողովրդային երաժշտութեան խորհրդանշաններէն մէկն է ան, որ կը կոչուի նաեւ ծիրանափող, որովհետեւ կը պատրաստուի ծիրանենիէ։
Ահաւասիկ երէկի համերգը ունկնդիրներուն ներկայացուց ծիրանափողի եւ ժամանակակից այլ նուագարաններու համադրութեամբ խիստ հետաքրքրաշարժ համերգ մը, որու տպաւորութիւնը վստահաբար երկար ժամանակ պիտի կրեն հանդիսականները։