ԵՐԿՈՒ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց երկու նոր գիրքեր։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած գիրքերէն մին է 14-րդ դարու մեծանուն մատենագիր Մատթէոս Վրդ. Ջուղայեցիի քարոզներու ժողովածոն՝ աշխատասիրութեամբ Խադ Քհնյ. Ղազարեանի։ Միւս գործն է Հայր Վարդան Հացումիի «Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին» աշխատութեան վերահրատարակութիւնը։
Մատթէոս Վրդ. Ջուղայեցիի քարոզներու ամփոփուած գիրքին մէջ ներկայացուած է վեց ձեռագրերու հիման վրայ կազմուած 29 քարոզներու բաղդատական-գիտական բնագիրը։ Ներկայ աշխատութիւնը կազմուած է ներածութենէ մը, որ համառօտ ակնարկ մըն է Մատթէոս Վրդ. Ջուղայեցիի կեանքի, գործունէութեան եւ մատենագրական վաստակին մասին։ «Ուսումնասիրութիւն» բաժնին մէջ ներկայացուած են Մատթէոս Վարդապետի քարոզները, քարոզներու նախկին ու նոր ցանկերը։ «Բնագրեր» բաժնին մէջ կայ օգտագործուած ձեռագրերու նկարագրութիւնը։
«Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին» գործը 20-րդ դարու հայ ծիսական գրականութեան ու հայ ծէսի մասին ամենաամբողջական աշխատութիւններէն մին է։ Ան կը շարունակէ պահպանել իր կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը հայ ծէսի ուսումնասիրութեան ոլորտէն ներս եւ այս իսկ պատճառով ալ ներկայիս վերահրատարակուած է։
Հայր Վարդան Հացումիի գիրքին անդրանիկ հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1965 թուականին՝ հեղինակի մահէն շուրջ քսան տարի վերջ։ Առաջին հրատարակութեան արժէքաւոր առանձնայատկութիւններէն է նաեւ իբրեւ յաւելուած տեղադրուած «Խրատ ժամատեղեաց»ներու բնագրերու գոյութիւնը։ Անոնք քաղուած են Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան հայրերու մատենադարանի ձեռագրերէն։ Ներկայ վերահրատարկութեան մէջ, գրահրատարակչական սկզբունքներու հիման վրայ, կազմուած են անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը՝ առաւել դիւրութիւն պարգեւելու համար ընթերցողներուն գիրքին մէջ այս կամ այն նիւթը փնռտելու ժամանակ։
Յաւելուածին կցուած է նաեւ Տ. Զենոն Քհնյ. Բարսեղեանի կողմէ ժամանակին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի աւարտական ատենախօսութեան շրջանակներէն ներս Մատենադարանի շարք մը ձեռագրերու հիման վրայ պատրաստուած «Խրատ ժամատեղեաց»ներու բնագիրը։ Այսպէսով առաւել ամբողջական ու համապարփակ գաղափար մը տալու նպատակը կեանքի կոչուած է։ Գիրքին բնագիրը վերահրատարակութեան պատրաստած է Միքայէլ Սրկ. Մարգարեան։ Գործը ձօնուած է հոգելոյս Տ. Կարապետ Քհնյ. Քըլըճեանի պայծառ յիշատակին։
Այս երկու գիրքերն ալ հրատարակուած են «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։