Ը­ՍԷ ԻՆ­ԾԻ, Ի՛ՆՉ ԿԱՅ (Մ0ՐՍ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ)

Մա՛յր բո­լոր ա­սոնք ու աս պատ­մած­նե­րուդ ա­մե­նա­յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ միտքս են տա­կա­ւին, ո­րոնք տու­նին պզտիկ­ներն ալ չեն մոռ­ցեր ու ա­նոնք մէկ-մէկ սոր­վե­ցու­ցած ա­ղօթ­քիդ պէս կը յի­շեն, բայց՝ քա­նի որ կ՚ը­սեմ, միայն գի­շեր մը ճամ­բոր­դե­լով, այն­քան մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը բե­րէիր գե­ղէն, որ այն­քան հե­ռու կը մնար մեզ­մէ, հի­մա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ը­սէ՛ ին­ծի, ի՞նչ կայ ան­դին։ - Ի՞նչ ու­նիս գե­րեզ­մա­նէն, որ հու­նա այն­քան ալ մեր մօ­տը կը գտնուի։ Ը­սէ՛ Մայր, վստահ ե­ղիր, որ չպի­տի մեր­ժեմ լսել, եր­բեք չպի­տի ձանձ­րա­նամ ը­սե­լիք­նե­րէդ։ Ե­րազ­նե­րուդ պէս ար­դեօք գե­րեզ­մա­նէն ան­դիի­ներն ալ նո­րէն ճշմա­րիտ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե՞ր պի­տի հռչա­կես, թէ բա­ցար­ձակ ոչն­չու­թիւն պի­տի ը­սես պար­զա­պէս։ Հար­ցու­կի մը պատ­կա­ռոտ սարս­ռանք­նե­րուն մէջ ու միշտ ա­նա­նուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նով մը պի­տի լսէի քեզ, Մա՛յր, որն է ե­րա­զը, սա ա­րե­ւի՞­նը, թէ վա­ղուան ստուեր­նե­րուն կեան­քը, ո­րուն դուն ա­միս­նե­րէն ի վեր սկսուածքն ը­րիր՝ դեռ մե­զի բան չես ապսպ­րած, մեզ յու­սա­հատ սպա­սան­քի մը մէջ սգա­ւոր­ներ կը պա­հես, բայց դուն այս­չափ եր­կար չէիր քնա­նար, Մա՛յր, դուն ա­քա­ղա­ղին ճի­չո­վը ըն­դոստ արթն­ցող մը, հի­մա ամ­պե­րը կը պո­ռան ա­կան­ջիդ ու բնաւ չես շար­ժիր, վեր չես առ­ներ գլուխդ, ա­ղօթ­քի չես վա­զեր, ե­րազ­ներդ ի­րա­կա­նու­թիւն, թէ ինչ, չես յայտ­ներ մե­զի... ու կը զար­մա­նամ թէ՝ ի՞նչ­պէս կրնաս համ­բե­րել։

Այս­չափ եր­կար ու խո­րունկ քուն քնա­նա­լով, մին­չեւ հի­մա աշ­խարհք մը ը­սե­լիք կը կա­խէիր շրթուն­քէդ. թզուկ գի­շե­րի մը կեան­քէն ա­մէնքն ալ, հի­մա ի՞նչ պի­տի կրնա­յիր խօ­սիլ ան մեծ գի­շե­րին կող­քէն, ա­նոր սոս­կա­լի ու խա­ւա­րա­կուլ ալ­քե­րէն, ուր մտար ու մա­րե­ցիր ճրա­գը ե­տե­ւէդ։

Ա­ռա­ջին օ­րը ինչ­պէ՞ս ճամ­բոր­դե­ցիր, ո­րո՞ւ հան­դի­պա­ցար, ո՞ւր ը­րիր հան­գիս­տի վայր­կեա­նա­յին դա­դարդ, դուն որ ար­դէն շուն­չէդ կը կան­չէիր։

Այն պա­հուն, ուր հողն ու քա­րը բուռ-բուռ քու մար­մինդ խփող սնտու­կի վրայ թա­փե­լով՝ գոռ թնդիւն մը կը լեց­նէր գե­րեզ­մանդ, ի՞նչ խոր­հե­ցար ար­դեօք, հէգ Մայր, մե­ղա­ւոր հնդկու­հի մը կը թա­ղեն ը­սիր, թէ՝ մար­դիկ մա­հուան վրէ­ժը կ՚առ­նեն այն­պէս հո­ղին տակ քեզ՝ քու մար­մինն ծե­ծե­լով։

Դուն սա­կայն զգա­ցի՞ր ա­նոնք, անդ­րա­դար­ձա՞ր այն ե­ղած­նե­րուն, եր­դում քե­զի, որ ես ա­ւա­զա­հատ մըն ալ չնե­տե­ցի վրադ, այդ­պէս թող ձեռքս փր­թէր, Մա՛յր, թող այդ տե­սակ յի­մար սո­վո­րու­թեան մը հա­մա­կեր­պու­թիւ­նով աջ ձեռ­քէս, աջ աչ­քէս զրկուէի։ Քա­րե­րը, հո­ղե­րը քու կուրծ­քիդ նե­տուած, իմ գլխուս կ՚իյ­նա­յին ար­դէն, գե­րեզ­մա­նիդ քո­վէն դէ­պի տուն ես ար­դէն ճշմա­րիտ մե­ռել մը դար­ձայ։ Ա­ռա­ջին մուտ­քը դժուար քայ­լա­փոխ մըն է ե­ղել կ՚ը­սեն, հո­գիս աս կող­մէն այն կող­մը սա­ւառ­նող հրեշ­տակ­ներն ալ ան­խու­սա­փե­լի այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րէն պի­տի անց­նին ե­ղեր ան­պատ­ճառ, հոգ մի՛ ը­ներ։ Դուն միայն հի­մա ը­սե­լու ե­ղիր թէ՝ ի՛նչ տե­սար այն քու­կին­ներդ, ո­րոնց կը փա­փա­քէիր հէնց թե­րա­սու­տե­րը տես­նել։

Հայրս ո՞ւր կը մնար ար­դեօք, չտե­սա՞ր, չբա­րե­ւե­ցի՞ր, չը­սի՞ր, թէ՝ ե­րե­սիս վրայ իր զար­կած ապ­տակ­նե­րուն տե­ղը հի­մա ա­ղե­բեկ մօ­րուք մը կը շփէ տղադ, ան ա­տեն, որ ա­նել ու թնճկոտ խոր­հուրդ մը կը ճմռթկէ իր միտ­քին մէջ։

Ես ալ ո՞ր ճամ­բով գա­յի, որ շի­տակ քե­զի հաս­նէի, հոն ալ մէկ­տեղ ապ­րէինք. ա­ռանց քու ներ­կա­յու­թեանդ, ին­ծի հա­մար այդ լոյ­սե­րու աշ­խարհն ալ տրտում դա­տար­կու­թիւն մըն է յայտ­նա­պէս, ինչ­պէս հոս քեզ կորսն­ց­նե­լէս ի վեր դժոխ­քի մը ցա­ւերն ու­նիմ հո­գիիս մէջ։ Միայն քե­զի կը հա­ւա­տամ Մա՛յր, պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ը­սէ՛, հէնց ակ­նար­կով մը հաս­կցուր, թէ ի՞նչ կայ ան­դին։ Միայն քու ը­սած­նե­րուդ անձ­նա­տուր պի­տի մնամ, Մա՛յր։

ԹԼԿԱ­ՏԻՆ­ՑԻ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015