ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
2015 տարիներ առաջ քարայրի մը մէջ ապրող անասուններուն միջեւ փոքրիկ մը ծնաւ։ Մայր մը անհուն գուրգուրանքով ծռեցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղկեցաւ անոր շրթներուն վրայ ու իր ուրախ դէմքը լուսաւորուեցաւ մայրական յաղթանակի ճառագայթներով։
Այդ պահէն սկսեալ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը մեծ շուքով կը տօնէ այդ ուրախ օրը։
Մայրական ուրախութեան այս աստղը ամէն վայրկեան կը փայլի ամէն մօր դէմքին վրայ, երբ աշխարհ կը բերէ նոր զաւակ մը։ Եւ ամէն օր բազմահազար աստղեր աշխարհիս բոլոր մայրերուն կու տան նոյն փայլը եւ նոյն գոհունակութիւնը, ամէն անգամ որ մանկիկներ կը ծնին ամէն օր, աշխարհիս մէկ ծայրէն միւսը եւ բոլոր ցեղերու մէջ։ Անմեղ մանուկներ, որոնք խաղաղութեան երազներով կու գան այդ աշխարհը, ուր 2015 տարիներ առաջ նորածին մանուկ մը աշխարհին խաղաղութիւն աւետեց։
Տեսնենք, սակայն, անցեալէն սկսեալ ի՞նչ տեղ ունեցած է կամ ունի մայրը եւ ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնեն մայրութիւնը աշխարհիս զանազան երկիրներու մէջ՝ թուելով անոնց մասին հապճեպ տեղեկութիւններ, ամփոփ տողերով նախ անդրադառնալով հայ մօր մասին։
Մեր պատմութիւնը շատ մը գրաւիչ դրուագներ ունի պանծացնելու համար հայ մօր նուիրումը՝ իր ցեղին ու մանաւանդ իր հայրենիքին։ Հեթանոս Հայաստանը ունէր իր ոսկեմայր Անահիտը։ «Մայր ամենայն զգաստութեան եւ բարերար ամենայն մարդկութեան»։
Եթէ հայ ժողովուրդը հին դարերուն մէջ թաղուէր ու միայն ոսկեմայր Անահիտին պատմութիւնը ժառանգ ձգէր, պիտի բաւէր անմահացնելու հայ ցեղը եւ հայ կինը, որովհետեւ ոչ մէկ ցեղ պիտի աստուածացնէր անահիտեան առաքինութիւնները, եթէ անոնք չապրէին իր հոգիին մէջ եւ ոչ մէկ ցեղ պիտի աստուածացնէր առաքինի կինը, եթէ ան յարգանքի գահ մը չունենար ցեղին սրտին մէջ։
Քրիստոնէութիւնը իր առաքեալներուն հետ Հայաստան կը բերէր նաեւ մարտիրոսուհիները, հերոս կիներ, որոնք յանուն հոգեւոր գերագոյն գաղափարի մը՝ կը զոհեն իրենց ֆիզիքական կեանքը։ Հայաստանի մէջ Թադէոս առաքեալը Սանդուխտ կոյսին անունով կեանքի կը կոչէր իր առաքելութիւնը։ Աւարայրի ճակատամարտը ոչ միայն կը հերոսացնէ քաջ Վարդանն ու իր բանակը, այլեւ կը պանծացնէ հայոց աշխարհի «Տիկնայք փափկասուն»ը, իսկ Ռուբինեան թագաւորութեան օրով առիւծասիրտ ու քաջ Թորոս իշխաններու եւ իմաստուն Լեւոն թագաւորներու կողքին կ՚ունենայ Զապէլ թագուհիներ, որոնք գթութեան հրեշտակի դերը կը կատարեն։
Ինչ կը վերաբերի օտար ազգի մայրերուն, սկսինք Իտալիայէն։ Ամուսնոյն սէրը կնոջ հանդէպ եւ մօրը սէրը՝ զաւկին հանդէպ։ Իտալիոյ մէջ «մամա» բառը ազգային եւ պաշտամունքային նուիրական նշանակութիւն ունի։ Կինը՝ ընդհանրապէս մայր, քոյր, նշանած կամ կողակից, բոլորին գուրգուրանքին առարկայ է, իսկ ընտանիքը կորիզ մըն է եւ ունի նահապետական նշանակութիւն։
Անցնինք Եգիպտոս։ Տակաւին մօտիկ անցեալին Եգիպտոսի մէջ նորածինը չէր կրնար տեսնել զինք ծնող մօրը դէմքը, որ ծածկուած կ՚ըլլար քօղով։ Այսօր, սակայն, եգիպտացի մայրը արդիականացած է, կ՚աշխատի, կ՚ուսանի ու կրնայ նաեւ նախարար ըլլալ, եթէ կարողութիւններ ունի։ Եգիպտոսի գիւղերուն մէջ, սակայն, տակաւին կինը կը զբաղի միայն իր զաւակներով եւ կը ճանչնայ մէկ տէր՝ իր ամուսինը։
Էքուատորի (Հարաւային Ամերիկա) կարմրամորթ մայրը անձնականութեամբ հարց կու տայ, թէ ո՞րն է իր զաւկին «սելուլ»ը։ «Սելուլ» հնդիկը ներկայացնող եւ լեռներու վրայ ապրող վայրի անասուն մըն է։ Եթէ այս անասունը կարենայ ճարել իր ուտելիքը, նորածին հնդիկը պիտի ապրի ու մեծնայ, իսկ եթէ վիհէ մը վար գլորուի, փոքրիկը պիտի չապրի։ «Սելուլ»ը, համաձայն իրենց հեթանոսական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, քաղաքակրթուած ժողովուրդներու «չար աչք»ն է։
Հիւսիսային Գանատայի մէջ շատ ցուրտ կ՚ընէ։ Կ՚ըսեն, թէ կան երկու եղանակներ՝ անցնող ձմեռ ու գալիք ձմեռ, բայց փոքրիկ էսքիմոն չի վախնար ցուրտէն։
Էսքիմոները պաղառութիւն եւ հազ չեն ճանչնար. այս հիւանդութենէ հոն այցելող զբօսաշրջիկներէն է որ կը վախնան վարակուիլ։
Գանատայի էսքիմոներու թիւին մէկ երրորդը կ՚ապրի երկրի հիւսիսային շրջաններու սառոյցներուն մէջ։ Վերջերս տեղի ունեցած հանրաքուէով մը առաջարկուեցաւ անոնց, որ փոխադրուին երկրի աւելի տաք վայրերը, բայց բոլորը միաձայնութեամբ «ոչ» պատասխանեցին։ Անոնք կ՚ապրին որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ, բայց կը պաշտեն մայրերը ու մեծ հոգ կը տանին փոքրիկներուն, որոնց կարեւորագոյն սնունդը «մաքթուք»ն է, կէտի հում իւղը, որ կաղնիի համը կու տայ։
Լիբանան։ Ֆրանսացի գրող մը՝ Լամարթին կ՚ըսէր, թէ «հրաշքներու երկիր մըն է Լիբանան» եւ այս հրաշքներէն մէկը իր մօրը գրկին մէջ մեծցող նորածին փոքրիկն է։ Լիբանանցի փոքրիկը, երբ մեծնայ, կ՚ըլլայ ուժեղ, խելացի, փառասէր եւ անվախ։ Լիբանանեան առած մը կ՚ըսէ. «Ան, որ կը նստի, քար է, իսկ ան, որ կը շարժի թռչուն է»։
Լիբանանուհին ամբողջ արաբական աշխարհի միւս երկիրներէն շատ աւելի կանուխ ձերբազատած է այրիի «լուծ»էն, լաչակէն եւ «լռակեացութենէն»։
Լիբանանի գիւղերուն եւ գաւառներուն մէջ տակաւին կինը կը շարունակէ ըլլալ ենթակայ իր ամուսնոյն եւ իր կեսրայրին։
Անցեալի ֆրանսական Սոմալի ծնած կինը շատ գեղեցիկ էր։ Բայց ոչ մէկ արգելք կար, որ ան բացառիկ ու ազդու կերպով եւ մայրական ուրախութեամբ չցաւէր ու իր գրկին մէջ չսեղմէր իր փոքրիկը։ Սոմալիի ցեղախումբերու միջեւ բազմակնութեան սովորութիւնը տակաւին կը պահէ իր գոյութիւնը։
Ափրիկէի «գունաւոր» նորածին փոքրիկը ունի եւրոպացի փոքրիկի մը ունեցած բոլոր առաւելութիւնները, անկախ թէ իր հօրը երկրորդ կամ երրորդ կնոջ զաւակը ըլլայ ան։
Կայսերական Չինաստանի մէջ մայրը պարտաւոր էր յարգելու եւ հպատակելու իր ընտանիքի պետին, որ իր ամուսնոյն մահէն ետք կրնար նոյնիսկ իր տղան ըլլալ։ Այսօր այդ սովորութիւնը մասամբ փարատած է։
Կ. Գ.