«ՈՒԻՔԻՄԵՏԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գրասենեակի բացումը։ Բացումին ներկայ գտնուած եւ հիմնադրամի աշխատանքները կարեւորած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2013 թուականին՝ նպատակ ունենալով խթանել ուիքի նախագիծերու տարածումն ու զարգացումը՝ հայաշխարհի մէջ եւ ընդհանացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը։ Կազմակերպութիւնը կ՚իրականացնէ զանազան նախագիծեր, որոնցմէ առաջատարն է «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը: «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը միջազգային Ուիքիփետիայի հայկական տարբերակն է, եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ընդհանրապէս Ուիքիփետիաները կ՚իրականացուին Ուիքիմետիա հիմնադրամներու միջոցաւ: Ուիքիմետիա հիմնադրամի գլխամասային գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սան Ֆրանսիսքօ: Ուիքիմետիայի կողմէ իրականացուող նախագիծերէն են (որ կը կոչուին ուիքիներ) Ուիքիբառարանը, Ուիքիքաղուածքը, Ուիքիգիրքերը, Ուիքիդարանը, Ուիքիլուրերը, Ուիքիլսարանը եւայլն։ Սակայն ամենամեծը, ամենանշանաւորը եւ յառաջատարը, անշուշտ, նշանաւոր Ուիքիփետիան է՝ ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու համայնագիտարանային հսկայ նախագիծը, որ այսօր կը նկատուի աշխարհի ամենէն շատ համացանցային այցելութիւններ ունեցող տասը կայքերէն մէկը եւ Համացանցի մէջ ամենէն շատ գործածուող համայնագիտարանը: Հայերէն Ուիքիփետիայի մէջ են Ուիքիփետիայի աւելի քան երեսուն միլիոն յօդուածներէն 172.734-ը, որոնք ստեղծած են ինքնակամ մասնակիցներ, եւ գրեթէ բոլոր յօդուածները կրնան խմբագրուիլ Համացանցէն օգտուող ոեւէ անձի կողմէ, սակայն՝ մեկնելով որոշակի պարտադիր սկզբունքներէ, որոնցմէ մէկն ալ հաւաստի աղբիւրի մատնանշումն է: Առաջին յօդուածը հայերէն Ուիքիփետիայի մէջ ստեղծուած է 2004 թուականին, բայց կայքը առաւել գործօն դարձած է 2009-2010 թուականներուն: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայիս գրասենեակը տասնհինգ տարիով կազմակերպութեան տրամադրելու որոշումը խթան հանդիսացած է աւելի կազմակերպուած աշխատելու եւ նոր ծրագրերու լծուելու:
Սիրով տեղեկացնենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին Ուիքիփետիան նոյնպէս ունի խմբագրուած յօդուած մը, զոր կազմած են հայագէտ-կամաւորներ, եւ որ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ թերթի հիմնադրման, անցած ճանապարհին, հայութեան, մասնաւորապէս՝ պոլսահայութեան կեանքին մէջ ունեցած օրաթերթի դերին, նախկին եւ ներկայ խմբագիրներուն մասին:
Ուիքիփետիան այսօր կը նկատուի աշխարհի մէջ կայծակնային արագութեամբ զարգացող նախագիծերէն մէկը. օրական ամբողջ աշխարհէն գրեթէ ութսուն միլիոն մուտք կը կատարուի այս կայքը: Մարդիկ մուտք կը գործեն զիրենք հետաքրքրող նիւթի մը մասին տեղեկութիւններ քաղելու, իսկ ուրիշներ ալ օրական դրութեամբ կը տեղադրեն եւ կը խմբագրեն հազարաւոր յօդուածներ։ Հայաստանը նոյնպէս ետ չի մնար միջազգային ընտանիքէն. միջին հաշուով հայկական առցանց համայնագիտարանին մէջ օրական շուրջ հարիւր յօդուած կը տեղադրուի կամ արդէն նախապէս տեղադրուածները կը լրացուին:
ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ այցելեց Ուիքիմետիա հիմնադրամի գրասենեակը, ուր կ՚իրագործուին նաեւ հիմնադրամի միւս ծրագրերը, որոնց կարգին՝ «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը: Հիմնադրամի անդամները նոր վերադարձած էին Աղուերանէն, ուր, հարիւրաւոր պատանիներու մասնակցութեամբ վարած են Ուիքի ճամբար: Ուիքի ճամբարին միջազգային ուիքի նախագիծերու շարքին առաջին անգամ նախաձեռնած է Հայաստանը եւ այդ առումով նորութիւն մըն է ուիքի աշխարհին մէջ: Այս վերջնոյն եւ առհասարակ Ուիքիմետիայի ծրագրերուն մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին պատմեց «Ուիքիմետիա Հայաստան» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ, համահիմնադիրներէն Մհեր Պեքարեան:
-Պարոն Պեքարեան, ի՞նչն է առցանց այս համայնագիտարանին առաւելութիւնը, եւ ի՞նչ զարգացում ապրած է ան իր ստեղծման օրէն ի վեր:
-Ուիքիփետիան ստեղծած է համացանցային ձեռնարկատէր Ճիմմի Ուելս, 2002 թուականին: Մինչ այդ իր աշխատախումբը այլ նախագիծ մը ունէր՝ Նուփետիան, որ վճարովի էր, երկար չգործեց, եւ իբրեւ այդ մէկուն շարունակութիւնը ստեղծուեցաւ Ուիքիփետիան: Ուիքի անունը հաւայերէն լեզուէն առնուած է, կը նշանակէ արագ եւ ընդօրինակած են «Ուիքի-Ուիքի» հանրաշարժի անունէն՝ իր արագութեան պատճառաւ: Սկիզբը Ուիքիփետիան միայն անգլերէն էր, յետոյ աւելցան նաեւ այլ լեզուներ, եւ այդպէս այսօրուան դրութեամբ Ուիքիփետիայի մէջ կայ 288 լեզու՝ որոնց կարգին 39-րդ տեղը կը գրաւէ հայերէն լեզուն:
Այս համայնագիտարանին առանձնայատկութիւնն է այն, որ ազատ է, անվճար է, մատչելի է, նիւթերու հսկայական բազմազանութիւն կայ՝ մանրամասն տեղեկութիւններով եւ ազատ է կարդալու համար, ազատ է խմբագրուելու համար: Ամէն ոք կրնայ մուտք գործել եւ յօդուած մը աւելցնել կամ արդէն աւելցուած յօդուածին մէջ լրացումներ կատարել, ուղղումներ ընել:
-Հոս հարցում մը կը յառաջանայ՝ իսկ հաւաստիութի՞ւնը: Որքանո՞վ հաւաստի են այն տեղեկութիւնները, որոնք կը զետեղուին պարզ մարդոց կողմէ:
-Այս մէկը հարցում մըն է, որ կ՚ուղղուի առաւելաբար, յաճախակիօրէն։ Ոեւէ յօդուած, տեղեկութիւն դրուելէ առաջ խմբագիրը պէտք է մատնացոյց ընէ հաւաստի աղբիւրը: Եթէ սխալ տեղեկութիւն մը տեղադրուի, Ուիքի համայնքը գրեթէ վայրկեաններու ընթացքին կը յայտնաբերէ սխալը եւ կը հեռացնէ զայն: Ի պատիւ հայկական ուիքի համայնքին, ըսեմ, որ այդ առումով շատ լաւ կ՚աշխատի եւ քննարկումներու բաժնին մէջ միշտ աշխոյժ քննարկումներ, բանավէճեր, միտքերու փոխանակում կ՚ըլլայ եւ ամէն մարդ ազատ է որեւէ բովանդակութեամբ նիւթ մը ստեղծելու, ազատութիւնը արդէն իսկ ուիքիի սկզբունքներէն մէկն է, միայն անհրաժեշտ է, որ կամաւոր խմբագիրը աղբիւր ունենայ: Յօդուածներու արժանահաւատութիւնը, ըստ էութեան կախեալ է գրողի պատասխանատուութենէն եւ բարեխղճութենէն, եւ Ուիքիփետիա համայնքը աչալուրջ պիտի ըլլայ՝ կանխարգիլելու համար հնարաւոր սխալները, որոնք անխուսափելի են, եւ ոչ միայն՝ հայերէն Ուիքիփետիայի, այլեւ՝ առհասարակ՝ ամէն լեզուով համայնագիտարաններու մէջ:
-Իսկ ի՞նչ բան կրնայ հաւաստի աղբիւր հանդիսանալ յօդուած մը գրողին համար: Հայկական Մեծ համայնագիտարանը, օրինակ, աղբի՞ւր է, կամ՝ մամուլը:
-Հայկական խորհրդային համայնագիտարանը ամենէն մեծ աղբիւրներէն մին է, բայց հին է, արդէն երեսուն-քառասուն տարուան տուեալներ կան անոր մէջ: Գրուած է խորհրդային գաղափարախօսութեամբ եւ անկէ օգտուելու ժամանակ խմբագիրները պէտք է ճկուն ըլլան եւ ձերբազատուին հին գաղափարախօսութենէն, զտեն տեղեկութիւնները: Մամուլի առումով, ըսեմ, որ դեղին մամուլը՝ ոչ, չի կրնար աղբիւր ըլլայ: Աղբիւր թերեւս կրնայ ըլլալ քիչ թէ շատ ծանրակշիռ մամուլը, որ տարիներով վստահութիւն ներշնչած է, եւ իրադարձային որոշ հարցերու մէջ կրնայ աղբիւր ծառայել: Բայց ուիքի աշխատանքի մէկ կարեւոր առանձնայատկութիւնն ալ այն է, որ խմբագիրը պէտք է փնտռէ եւ գտնէ նոր աղբիւրներ: Մենք կը գործակցինք Ազգային գրադարանին, Մատենադարանին հետ: Ազգային գրադարանը մեզի նիւթեր, արեւմտահայերէն գրականութիւն կու տայ, կը զետեղենք ուիքի դարանին մէջ, մնացած մասնակիցներուն կ՚առաջարկենք օգտուիլ այդ նիւթերէն, մշակել, համայնագիտարանային տեսքի բերել: Եւ պայման չէ, որ այդ գիրքը անպայման համայնագիտարան ուղղուի, կրնայ ան զետեղուիլ իբրեւ գիրք: Մենք կ՚իրագործենք նաեւ ուիքի գիրք, ուիքի բառարան, ուիքի քաղուածք եւ այլ ուիքի նախագիծեր: Ուիքիմետիա հասարակական կազմակերպութիւնն ալ ստեղծուեցաւ այս ամէն աշխատանքը համադրելու, դիւրացնելու, ուղղորդելու համար: Սկիզբը միայն համայնագիտարանը կար, յետոյ նաեւ այլ նախագիծերու միացանք: Ուիքի բառարանին մէջ արդէն վաթսուն հազարէ աւելի բառ զետեղած ենք: Կայ նաեւ ուիքիպահեստը, ուր կը տեղադրուին տեսալսողական նիւթեր, լուսանկարներ, որոնք կրնայ գործածել ամէն մարդ: Այս մէկը ընդհանուր նախագիծ է: Ուիքիփետիայի ձախ կողմը կը տեսնեք լեզուները, որոնցով կայ ընտրուած յօդուածը: Այդ մէկը եւս միջոց մըն է՝ համեմատելու յօդուածը՝ զանազան լեզուներով, մանաւանդ, երբ տրուած է նաեւ աղբիւրը:
-Արդէն մէկ տարիէ աւելի է՝ կայ նաեւ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան: Ի՞նչ անհրաժեշտութենէ մղուած ստեղծուեցաւ ան, եւ ովքե՞ր են խմբագիրները:
-Խմբագիրները նորէն կամաւորներ են, որոնք, հակառակ անոր, որ արեւմտահայերէնի տեղեակ են, նախապէս կը գրէին արեւելահայերէնով, քանի որ հնարաւորութիւն չկար արեւմտահայերէնով նիւթեր ստեղծելու: Եւ անոնք խթանելու համար մենք ստեղծեցինք Ուիքիփետիա արեւմտահայերէնը, որ արդէն հազար հինգ հարիւրէ աւելի յօդուած ունի եւ զարգացող ծրագիր մըն է: Կը փորձենք զայն պահել իբրեւ առանձին ծրագիր եւ ըսեմ, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամն ալ միացած է մեր այս աշխատանքին եւ կ՚աջակցի: Մենք այս տարի Ուիքի ճամբար կազմակերպեցինք՝ Լիբանանէն ուսուցիչներ հրաւիրելով եւ Հայաստանի մէջ ուսուցանելով ուիքի աշխատանքի հիմունքները: Անոնք վերադարձած են եւ տեղւոյն վրայ կ՚աշխատին, յօդուածներ կը գրեն ու կը տեղադրեն: Շուտով Լիբանան պիտի ուղարկենք լաւ խմբագրող երախաներ ու պատանիներ, որոնք կրկին համատեղ աշխատանքի միջոցաւ նոր կամաւորներ կը ներգրաւեն: Կոչ կ՚ընենք արեւմտահայերէնի տեղեակ բոլոր այն մարդոց, որոնք սէր ունին գրելու, խմբագրելու հետ, միանալ մեր աշխատանքին եւ հարստացնել արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, քանի որ իսկապէս կայ անոր անհրաժեշտութիւնը: Արեւմտահայերէնը ըստ կարգ մը տուեալներու, որոշ շրջաններու մէջ յայտնուած է մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ Ուիքիփետիան այն հարթակներէն մէկն է, որ կարելիութիւն ունի լեզուն պահպանելու եւ զայն փրկելու կորուստէ: Ճիշդ է՝ Ուիքիփետիայի մէջ արեւմտահայերէնը տակաւին առանձին օրինագիրք (code) չունի, բայց մենք դիմած ենք Չափանիշներու միջազգային ընկերակցութիւն՝ այդ կանոնագիրը ստանալու եւ ժամանակի հարց է, կը կարծեմ այդ խնդիրն ալ շուտով կը լուծուի:
Աշխարհի վրայ կան այլ լեզուներ ալ, որոնք իրենց երկու ճիւղերը կը պահպանեն. օրինակ՝ սպիտակռուսերէնը. յօդուածներ կը տեղադրուին թէ՛ հին սպիտակռուսերէնով եւ թէ նոր: Այլ լեզուներ եւս կան: Անգլերէնն ալ ունի երկու տարբերակ՝ անգլերէնի կողքին կայ նաեւ պարզ անգլերէնը, որ թէեւ լեզու չէ, բայց տարբերակ մըն է՝ պարզ անգլերէն նախընտրողներուն համար:
-Ովքե՞ր կը մասնակցին Ուիքի ճամբարներուն եւ ի՞նչ նպատակ ունին անոնք:
-Ինչպէս ծանօթ է՝ Ուիքի ճամբարները ուիքի միջազգային աշխարհին մէջ մենք՝ հայերս ներմուծած ենք, եւ այդ առումով միջազգային հիմնարկի անդամները, ներկայ ըլլալով մեր աշխատանքներուն, պարզապէս հիացած են, նոյնիսկ Հայաստանը օրինակ ցոյց կու տան որոշ առումներով: Արդէն երկրորդ տարին է՝ Ուիքի ճամբարներ կը կազմակերպենք, օրեր առաջ վերադարձանք Աղուերանէն, ուր տասնչորս-քսանմէկ տարեկանի միջեւ ութսունչորս պատանի ու երիտասարդ օրական հինգ ժամի դրութեամբ յօդուածներ կը խմբագրէին, իսկ մնացեալ ժամերն ալ ուրիշ օգտակար մարզական զբաղումներ ունէին: Բացի այդ, որ անոնք բնութեան մէջ հրաշալի ժամանակ անցուցին, նաեւ սորվեցան, աշխատեցան եւ բաւական հարստացուցին թէ՛ իրենց գիտելիքները եւ թէ համայնագիտարանը: Մեր աշխատանքի մասին միջազգային հիմնադրամը կը դատէ արդիւնքներով: Զանազան երկիրներէ եկած էին Ուիքիմետիա հիմնադրամի անդամներ, որոնք անձամբ տեսան մեր աշխատանքը, տեսան, որ ութսուն հոգիով հինգ հազար յօդուած կրնան գրել, եւ այդ թիւերը իսկական տուեալներ են։ Անոնք վկայեցին նաեւ, թէ մենք ինչպէս կը մղենք մարդիկը՝ կամաւոր աշխատելու, այնպիսի պայմաններ եւ հիմքեր կը ստեղծենք, որ երիտասարդը ինք հաճոյքով կամաւոր կը դառնայ եւ բարի կամքով կը նստի եւ յօդուած կը գրէ: Բացի այն, որ այս ծրագիրը գիտակրթական մեծ նշանակութիւն ունի, մենք նաեւ կը փորձենք ստեղծել համայնք, համախմբում:
-Իսկ առհասարակ, ովքե՞ր են «Ուիքիփետիա Հայաստան»ի խմբագիրները, եւ ի՞նչ բան կը մղէ զանոնք՝ կամաւոր աշխատելու:
-Կորիզը հիմնականը երիտասարդութիւնն է: Ունինք հինգ հարիւր-վեց հարիւր կամաւոր խմբագիրներ, որոնք ամսական հազարաւոր յօդուածներ կը գրեն, կը խմբագրեն, կը հետեւին լրացումներուն, եւ ունինք նաեւ հարիւրաւոր այլ խմբագիրներ: Մենք ամէն Շաբաթ օր այս մեր գրասենակին մէջ աշխատարաններ կը կազմակերպենք, զանազան մարդիկ կու գան, կը սորվին նիւթ գրել, խմբագրել, մշակել, իրարու կ՚օգնեն, փորձի փոխանակում կ՚ըլլայ: Ամէն անգամ մինչեւ քսան հոգի կը հաւաքուի, իրարու օգնելով աշխատանք կը կատարեն, երբեմն քանի մը հոգին միասին մէկ նիւթի շուրջ մէկ յօդուած կը գրեն: Կան մասնակիցներ ալ, որոնք պարզապէս հաճոյք կը ստանան այս աշխատանքէն, կ՚ուզեն կիսել իրենց գիտցածը, խմբագրել, տարածել եւ ուրախութիւն կ՚ապրին արդիւնքը տեսնելով:
Մեր նպատակը այս աշխատանքին մէջ նաեւ սահմանամերձ շրջանները ներգրաւելն է, արդէն ուիքի ակումբներ բացած ենք որոշ հեռաւոր շրջաններու մէջ:
Մեր նախաձեռնութիւններէն կարեւոր կը նկատեմ «Մէկ հայ, մէկ յօդուած» նախագիծը, որ մեծ տարածում գտաւ եւ հազարաւոր մարդիկ յօդուածներ ստեղծեցին: Ունինք այլ ծրագիր մը՝ մշակութային կառոյցներուն հետ համագործացութեան իբրեւ արդիւնք լոյս աշխարհ բերել թանգարաններու, մշակութային կեդրոններու պահոցներու մէջ տարիներով մնացած նիւթերը, զանոնք տեղադրել Ուիքիփետիայի մէջ։ Ծրագիր կայ նաեւ կապուած յուշարձաններու հետ: Օրինակ, Երեւանի յուշարձաններու ներքեւ զետեղուած QR ծածկագիրը (Quick Response Code) Ուիքիփետիայի մէջ փնտռելով անծանօթ մարդիկ կը գիտնան, թէ ո՞ր արձանին կամ յուշարձանին քով կանգնած են: Մենք Հայաստանի տարածքին գտնուող քսանչորս հազար յուշարձանի տուեալ տեղադրած ենք մեր կայքին մէջ, եւ այդ մէկը ըրած են պարզ մարդիկ. այդ առումով աշխարհի մէջ չորրորդ տեղը գրաւած ենք:
Մէկ խօսքով ծրագիրները բազում են, եւ մեզ կ՚ուրախացնէ օրէ օր նկատուող հետաքրքրութիւնը՝ այս նախագծին հանդէպ, քանի որ մարդիկ կը գիտակցին, որ գիտելիքի, տեղեկատուութեան առումով այս նախագիծը ամենէն արագ եւ ամենէն մատչելի հարթակն է, որ հասանելի է ամէնուր եւ ապագային աւելի մեծ զարգացում պիտի ունենայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ