ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ
Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ եւ Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ վաղը կը սկսի Երեւանի 9-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը։ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս փառատօնը, որու ծրագրին մէջ նախատեսուած է սիմֆոնիք եւ սենեկային երաժշտութեան տասնչորս համերգ՝ բազմաթիւ անուանի երաժիշտներու մասնակցութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Եդուարդ Թոփճեան յայտնեց, թէ երաժշտասէրները շատ լաւ փառատօնի մը ականատեսը պիտի ըլլան։ Վաղը պիտի նուագէ ռուս ջութահակար Վատիմ Ռեփին։ Մասնակիցներու ցուցակին վրայ ընդգրկուած անուններուն իւրաքանչիւրը հեղինակութիւն մը, ան-կըրկնելի հանճար մը կը համարուի երաժշտական կալուածէն ներս, իր կտրուածքով։ Եդուարդ Թոփճեան այս ամբողջին մէջ առանձնացուց նաեւ աշխարհի մեծագոյն դաշնակահարներէն Լէյֆ Ուվէ-Անտսնեսի անունը։ Նոյնպէս յայտնի դաշնակահար մը՝ Պարի Տուկլաս եւս Երեւանի մէջ այս փառատօնին շրջագծով պիտի ներկայանայ երաժշտասէրներուն։ Մեծանուն ջութակահար Աքիքօ Սուվանքայ եւ յայտնի թաւջութակահար Զավիէ Ֆիլիփոս եւս կը գտնուին Երեւան ժամանելիք արուեստագէտներու շարքին։
Անդրադառնալով Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 90-րդ յոբելեանին՝ Եդուարդ Թոփճեան նշեց, թէ նախատեսուած են մեծ համերգներ։
Այս փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարներն են Եդուարդ Թոփճեան եւ Ալեքսանտր Չաուշեան։