ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԽՈՒԼ ԵՒ ՀԱՄՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 13.1-11:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ նամակէն 7.4-16:
Մարկոսի Աւետարանէն 7.31-37:
Մարկոսի Աւետարանին տուեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.
• Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլիայի լիճին եզերքը։ Եւ ահա Իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ։ Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին։ Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
-Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «բացուէ՛»։
Նոյն վարկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ։ Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որպէսզի ոեւէ մէկուն չըսեն։ Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին։ Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ՚ըսէին.
-Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ։
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Գերապատիւ Տէր Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանի այս հրաշքին կապակցութեամբ կատարած մեկնութիւնը: Այսպէս.
• «Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլիայի լիճին եզերքը: Եւ ահա Իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ» (Մր 7.31-32):
1. Յիսուս բուժելէ ետք Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջաններէն եղող Քանանացի կնոջ աղջիկը, «Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլիայի լիճին եզերքը»: Այս երկա՜ր ճամբորդութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս հանգիստ կեանք եւ հանգստաւէտ պայմաններ չէր փնտռեր: Ճիշդ է որ Ան Իր առաքելութեան մեծ բաժինը անցուց Գալիլիայի մէջ, բայց յաճախ զԻնք կը տեսնենք, որ քաղաքէ-քաղաք կամ գիւղէ-գիւղ կ՚երթայ միակ անձի մը փրկութեան կամ բժշկութեան համար: Ասկէ առաջ երբ խօսեցանք Գերգեսացի դիւահարին բժշկութեան մասին, բացատրեցինք թէ Յիսուս լոկ այս մարդուն համար էր որ մինչեւ Գերգեսա գնաց (Մր 5.1, 21): Նոյնն է պարագան Քանանացի կնոջ աղջկան բժշկութեան: Յիսուս Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջանները գնաց լոկ անոր աղջկան բժշկութիւնը կատարելու համար, եւ ապա «այդտեղէն մեկնելով գնաց Գալիլիայի լիճին եզերքը» (Մտ 15.21, 29): Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր մարդ անհատ անհուն արժէք կը ներկայացնէ Տիրոջ համար: Իննսունինը ոչխարները ձգելը եւ միակ կորսուած ոչխարին ետեւէն երթալը նոյն ճշմարտութիւնը կը պարզէ:
2. Խուլ եւ համր մարդը ինք չեկաւ Յիսուսի մօտ. ուրիշներ զինք Յիսուսի մօտ բերին: Անոնք որոնք չեն կրնար Յիսուսի մօտ գալ, պէտք է օգնենք անոնց մօտենալու Յիսուսի: Մարդը խուլ ըլլալով, ոչինչ լսած էր Յիսուսի մասին, ուստի իրեն համար դժուար էր փնտռել Յիսուսի ներկայութիւնը կամ հաւատալ Յիսուսի: Ճիշդ է որ ան կոյր չէր եւ ուստի կրնար տեսնել Յիսուսի գործած հրաշքները, եւ անոնք կրնային հաւատք արթնցնել իր մէջ, բայց դժուար է ենթադրել, որ ան Յիսուսի հետեւորդ մըն էր, եւ ուստի՝ անոր գործած հրաշքներուն ականատես մը, որովհետեւ եթէ Յիսուսի հետեւորդ մը ըլլար, մինչեւ հիմա անպայման որ Տէրը զայն բուժած պիտի ըլլար: Յիսուս երբեք պիտի չուզէր, որ Իր հետեւորդներուն շարքին մէջ խուլ եւ համր մարդ մը ըլլար, որ ո՛չ կարենար լսել իր ձայնը եւ ո՛չ ալ վկայել իր մասին:
3. Կարեւոր է նկատի առնել, որ խուլ եւ համր մարդը Յիսուսի մօտ բերող մարդիկը, չխնդրեցին Յիսուսէն որ բուժէ զայն, այլ պարզապէս` «ձեռքը դնէ անոր վրայ»: Կասկած չկայ որ անոնք գիտէին ու վստահ էին, որ Յիսուս զայն պիտի բուժէր, բայց անոնք չուզեցին Յիսուսին ըսել կամ թելադրել Իր ընելիքը: Սորվինք անոնցմէ խնդրել Տիրոջ ձեռքին հպումը, առանց սակայն Տիրոջ ըսելու թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Մեր խնդրանքները դնենք Տիրոջ առջեւ, բայց ուղղութիւն չտանք Տիրոջ: Մեր հարցերը ներկայացնենք Տիրոջ, բայց զանոնք լուծելու կերպեր չառաջարկենք Անոր:
4. Մեր ունեցած մարմինները, հոգին եւ միտքը, Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներ են: Բայց ոչ միայն մեր մարմինները Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներ են, այլեւ՝ մեր մարմիններուն անդամներէն իւրաքանչիւրը: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աչքը աստուածային պարգեւ չհամարել, երբ անով կրնանք վայելել գեղեցկութիւնը երկինքին, եւ անոր միջոցաւ դառնալ ականատես վկաները աստուածային փառքին ու մեծութեան: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ականջներուն լսողական կարողութիւնը աստուածային պարգեւ չհամարել, երբ անով կրնանք լսել Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը, Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը, հոգեւոր երգերն ու շարականները, փառաբանական ու օրհներգական աղօթքները: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր բերաններն ու լեզուները աստուածային պարգեւներ չհամարել, երբ անոնցմով մենք կարողութիւնը ունինք պատմելու Տիրոջ սիրոյն ու քաղցրութեան մասին, Տիրոջ փրկագործութեան ու ողորմութեան մասին: Յիշեալ հիւանդ մարդը չէ՛ր կրնար պատմել Աստուծոյ փառքին մասին, չէ՛ր կրնար բարձրաձայն աղօթել ու բարեխօսել, չէ՛ր կրնար բարի խրատներ ու յորդորներ տալ: Տակաւին, ան խուլ ու համր ըլլալով, ո՛չ կրնար մխիթարական խօսք մը լսել եւ ո՛չ ալ կրնար մխիթարական խօսք մը ըսել, ո՛չ կրնար քաջալերել եւ ո՛չ ալ կրնար քաջալերուիլ, ո՛չ կրնար մարդոց խօսակցութիւնները լսել եւ ո՛չ ալ կրնար անոնց խօսակցութիւններուն մասնակցիլ: Մենք, ականջի լսողութիւն եւ աչքի տեսողութիւն ունեցողներս կրնանք այս բոլորը ընել, ուստի շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ, եւ մեր շնորհակալութիւնը գործնականօրէն արտայայտենք՝ մեր մարմիններուն անդամները Աստուծոյ փառքին համար գործածելով:
«Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին» (Մր 7.33):
1. Ինչո՞ւ համար Յիսուս հիւանդը բուժելու համար, «զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ»: Յիսուս սովորաբար Իր հրաշքները մարդոց առջեւ կը գործէր, բայց քիչ առիթներով, Ան Իր հրաշքները գործեց մարդոց աչքերէն հեռու, եւ տուեալ հրաշքը անոնցմէ մին էր: Երբ Ան Իր հրաշքները մարդոց առջեւ կը գործէր, Իր նպատակն էր ցոյց տալ անոնց, թէ Ի՛նքն էր աշխարհի խոստացեալ Փրկիչը. իսկ երբ Իր հրաշքները մարդոց աչքերէն հեռու կը գործէր, Իր նպատակն էր սորվեցնել Իր աշակերտներուն եւ ցոյց տալ Իր ժողովուրդին, թէ Ինք մարդոց կողմէ փառք ու փառաբանութիւն փնտռող մէկը չէր: Տէրը Իր այս վերաբերմունքով սորվեցուց մեզի, թէ մեր բարի գործերը կրնանք մարդոց առջեւ գործել եթէ երբեք անոնք Աստուծոյ փառաւորման պատճառ պիտի դառնան, բայց եթէ երբեք անոնք մե՛ր փառաւորման պատճառ պիտի դառնան, պէտք է զանոնք ծածկաբար գործել, պէտք է մէկ կողմ քաշուիլ եւ բարին գործել, այլ խօսքով՝ պէտք է հեռու փախչիլ մեզ փառաբանողներէն:
2. Յիսուս Իր մատները դրաւ անոր փակ ականջներուն մէջ, որպէսզի բանայ զանոնք, եւ յետոյ թքեց Ինքնիր մատին վրայ եւ զայն դպցուց անոր լեզուին: Ինչո՞ւ համար Յիսուս գործածեց Իր մատներն ու Իր թուքը: Նախ ցոյց տալու համար, թէ Ինք մարդիկը բուժելու զանազան կերպեր ունի: Տիրոջ բժշկարար զօրութիւնը միակ ձեւով մը չէ սահմանափակուած: Միւս կողմէ, սուրբ հայրեր դիտել կու տան որ թուքի գործածութեամբ, Յիսուս դեղի գործածութիւնն է որ հաստատած եղաւ:
3. Ոմանք կը խորհին, որ Յիսուս ո՛չ թէ Իր մատին վրայ թքեց, այլ գետին թքեց, եւ իբրեւ ապացոյց կը յիշեն Յհ 9.6-ը, որ կ՚ըսէ. «Ասիկա ըսելէ ետք՝ թքեց գետին, թուքով ցեխ շինեց եւ ծեփեց կոյրին աչքերը»: Ասիկա չի կրնար շիտակ ըլլալ, նախ որովհետեւ երկու տարբեր դրուագներ են ասոնք, մէկը ի ծնէ կոյրի մը բժշկութեան դրուագն է, իսկ մեր ուսումնասիրածը՝ խուլ եւ համր մարդու մը բժշկութեան դրուագն է, իսկ երկրորդ, Յհ 9.6-ին մէջ Յիսուսի գետին թքնելուն նպատակը ցեխ շինելն էր, որպէսզի անով ծեփէր կոյրին աչքերը, մինչդեռ ներկայ դրուագին մէջ ցեխ շինելու հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ խօսքը կոյր մարդու մը մասին չէ, այլ խուլ եւ համր մարդու մը մասին, եւ երբեք տրամաբանական չէ որ Յիսուս ցեխ շինէր եւ մարդուն լեզուին վրայ կամ ականջներուն մէջ դնէր: Դրուագը ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կ՚ընէ ցեխաշինութեան կամ ցեխագործածութեան մասին, իսկ եթէ երբեք Յիսուս ցեխ պիտի չգործածէր, այդ պարագային ինչո՞ւ համար գետին պիտի թքնէր:
«Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.- "Եփփաթա՛", որ կը նշանակէ` "բացուէ՛"» (Մր 7.34):
1. Ինչո՞ւ համար Յիսուս երկինք նայեցաւ: Բազմաթիւ պատճառներով.
ա) Ցոյց տալու, որ Ինք Աստուծոյ կողմէ ղրկուած խոստացեալ Փրկիչն էր:
բ) Ցոյց տալու, որ Ինք Աստուծմէ անկախօրէն չէր գործեր, այլ Աստուծոյ հետ միասին կը գործէր, Աստուծո՛յ գործը կը գործէր, Աստուծոյ կամքին համաձա՛յն կը գործէր:
գ) Բացայայտելու Իր աստուածային ինքնութիւնը:
դ) Ցոյց տալու, որ Ինք Աստուծոյ հետ մնայուն յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան մէջ էր:
ե) Ցոյց տալու, որ Իր զօրութիւնը Աստուծմէ էր եւ աստուածային, եւ ո՛չ թէ սատանայէն ու դիւային, ինչպէս Փարիսեցիներ յանդգնած էին ըսել (Մտ 12.24):
զ) Սորվեցնելու համար խուլ եւ համր մարդուն, ինչպէս նաեւ մեզի, երկինք նայիլ եւ երկնաբնակ Աստուծմէն սպասել մեր բժշկութիւնն ու զօրութիւնը:
է) Փառք տալու մեր երկնաւոր Հօրը այն սքանչելի գործերուն համար, զորս կը կատարէ Իր միջոցաւ ու դեռ պիտի կատարէ:
2. «Հառաչեց եւ ըսաւ.- "Եփփաթա՛", որ կը նշանակէ` "բացուէ՛"»: «Հառաչեց» բառին համար գործածուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ցաւով խօսեցաւ», «սրտի կսկիծով բացագանչեց»: Մեկնիչ հայրեր դիտել կու տան, որ Յիսուս հառաչեց, որովհետեւ ցաւեցաւ Իր պատկերով ստեղծուած մարդը նման թշուառ վիճակի մը մէջ տեսնելուն համար: Հառաչեց, որովհետեւ Աստուծոյ փառաբանութեան համար ստեղծուած բերանը փակուած տեսաւ: Հառաչեց, որովհետեւ Աստուծոյ քաղցր ձայնը լսելու համար ստեղծուած ականջները փակ տեսաւ: Տակաւին, հառաչեց, ցոյց տալու համար, թէ Ինք ցաւակից էր մարդոց ցաւերուն, եւ թէ երբեք անտարբեր չէր մարդոց ունեցած ցաւին, դժբախտութեանց ու թշուառութեանց հանդէպ: Յիսուս լոկ բժիշկ մը չէր, սէրէ ու գութէ պարպուած բժիշկ մը, այլ սիրազեղ բժիշկ մը, գթառատ ու քաղցր բժիշկ մը, մարդասէր ու մարդամօտ բժիշկ մը, ցաւ ունեցողին հետ ցաւող ու տառապանք ունեցողին հետ տառապող բժիշկ մը:
3. «"Եփփաթա՛", որ կը նշանակէ` "բացուէ՛"»: Այս միակ բառին կամ արտայայտութեան մէջ, զօրութիւն եւ իշխանութիւն կայ: Յիսուս չի խնդրեր, որ բացուին իր ականջներն ու լեզուն, այլ՝ կը հրահանգէ ու կը հրամայէ: Չ՚աղաչեր, այլ՝ կը պահանջէ: Եւ ասիկա ինքնին կենդանի վկայութիւն մըն է, որ Յիսուս բացարձակ իշխանութեամբ եւ հեղինակութեամբ կը խօսէր ու կը գործէր, կը հրամայէր ու կը հրահանգէր, կը բուժէր ու կը հրաշագործէր (Մտ 7.29: Մր 1.27): Յիսուս Ինքն իսկ կը հաստատէ, թէ մեղքերը ներելու իշխանութիւն ունի (Մր 9.6), եւ թէ՝ ամէն իշխանութիւն տրուած է Իրեն երկինքի մէջ ու երկրի վրայ (Մտ 28.18):
4. «Բացուէ՛»: Այս հրահանգը քու ալ բերնիդ ու ականջներուդ ուղղուած է, եթէ երբեք փակ են անոնք: Բա՛ց ականջներդ ու լսէ ձայնը Տիրոջ, եւ բա՛ց բերանդ ու վկայէ իր սիրոյն մասին: Բա՛ց ականջներդ ու լսէ Սուրբ Հոգիին կանչը, եւ բա՛ց բերանդ ու կանչէ զայն օգնութեան: Բա՛ց ականջներդ ու լսէ Յիսուսի հրաւէրը, եւ բա՛ց բերանդ ու խոստովանէ զայն իբրեւ Տէր ու Փրկիչ:
«Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով` սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ» (Մր 7.35):
1. Տէրը հրահանգեց եւ Իր հրահանգը իսկոյն ի գործ դրուեցաւ: Կամեցաւ անոր ականջներուն ու լեզուին բացուիլը եւ անմիջապէս բացուեցան: Մարդիկ կրնան բան մը կամենալ, բայց իրենց կամքը կրնայ չկատարուիլ: Բայց տարբեր է մեր օրհնեալ Տէրը: Ան հզօ՛ր Աստուած է: Ինչ որ կամենայ՝ ի գործ կը դնէ: Միայն Ի՛նք կրնայ ըսել. «Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ Իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի» (Ես 46.10):
2. Մարդուն ականջներուն եւ լեզուին բացուիլը եկան պարզորոշ կերպով ցոյց տալու, թէ Յիսուս Ի՛նքն էր այն խոստացեալ Փրկիչը, որուն մասին Եսայի մարգարէն այնքան գեղեցիկ կերպով ըսած էր. «Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ: Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին, խուլերուն ականջները պիտի բացուին: Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ» (Ես 35.4-6):
3. Մարդուն ականջներուն եւ լեզուին բացուիլը, ցոյց կու տան, որ Յիսուս Ինքն է, որ մարդոց հոգիին ականջները կը բանայ: Եթէ Տէրը չբանայ մարդուն հոգիին ականջները, մարդը չի կրնար լսել Տիրոջ ձայնը ու չի կրնար հետեւիլ Անոր: Եթէ Տէրը ազատ չարձակէ մարդուն կապուած լեզուն, մարդը չի կրնար խոստովանիլ զԱստուած ու օրհնել Անոր Սուրբ Անունը: Եթէ Տէրը չզօրացնէ տկարները, անոնք չեն կրնար զօրանալ ու յաղթել մեղքին: Ոչինչ կրնայ ընել մարդը իր սեփական զօրութեամբ: Ո՛չ մէկ մեղքի եւ ո՛չ մէկ մոլութեան կրնայ յաղթել մարդը առանց Տիրոջ օգնութեան:
«Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ Ան կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին» (Մր 7.36):
1. Յիսուս բարիք մը գործեց եւ ուզեց որ ծածուկ մնայ Իր գործած բարիքը: Չուզեց մարդիկ Անոր մասին խօսին: Մենք կրնա՞նք հետեւիլ Յիսուսի քայլերուն: Մենք կ՚ուզե՞նք, որ մեր գործած բարիքները ծածուկ մնան, կ՚աշխատի՞նք զանոնք ծածուկ պահել, կը պատուիրե՞նք մարդոց որ զանոնք ծածուկ պահեն, թէ՝ մե՛նք է որ զանոնք կը հրապարակենք, կամ հրապարակել կու տանք:
2. Կարեւոր է որ մեր գործած բարիքները չհրապարակուին, այլ մնան ծածուկ, նախ, որպէսզի չկորսնցնենք այն վարձատրութիւնը, որ Աստուած պիտի շնորհէ մեզի մեր կատարած բարի գործերուն փոխարէն, բայց մանաւանդ եւ աւելի կարեւորը, որպէսզի չըլլայ որ հպարտութեան ախտով բռնուինք, եւ վարձատրուելու փոխարէն՝ պատժուինք: Մարդոց փառաբանութիւններն ու ծափահարութիւնները շատ դիւրաւ կրնան մեր մէջ փառասիրութեան զգացումը գրգռել, ուստի հեռո՛ւ կենանք փառաբանիչներէն ու ծափահարիչներէն:
3. Երբ բարեգործութիւն մը ծածուկ կը մնայ, անոր մէջ Աստուա՛ծ է որ կը փառաւորուի, իսկ եթէ յայտնի ըլլայ՝ բարեգործը ի՛նք կը փառաւորուի: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է, որ մեր կատարած բարի գործերը՝ մնան ծածուկ: Ճիշդ է որ Տէրը կը պատուիրէ, որ մեր լոյսը պէտք է շողայ մարդոց առջեւ, որպէսզի մարդիկ տեսնեն մեր բարի գործերը եւ փառաւորեն մեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է (Մտ 5.16), բայց տուեալ խօսքով Յիսուս մեր կատարած բարի գործերը ցուցադրելու մասին չէ որ կը խօսի: Կարեւոր է նկատի առնել, որ Յիսուս կը պատուիրէ, որ մեր լո՛յսը պէտք է շողայ մարդոց առջեւ եւ ո՛չ թէ մեր բարի գործերը: Յիսուսի ըսել ուզածը այն է, որ մենք պէտք է ապրինք լոյսի կեանք մը, առաքինի կեանք մը, բարի կեանք մը, եւ մարդիկ ինքնաբերաբար պիտի տեսնեն մեր բարի ու առաքինի կեանքը եւ այդ կեանքին արտայայտութիւնը եղող մեր բարի գործերը, եւ փառաւորեն զԱստուած: Մարդոց աչքերուն առջեւ դրուելիքը մեր լուսեղէն ու առաքինի կեանքը պէտք է ըլլայ, եւ ո՛չ թէ մեր կատարած բարի գործերը:
4. Հակառակ գործուած հրաշքին մասին չխօսելու Յիսուսի պատուէրին, մարդիկ «առաւել չափով կը պատմէին այս մասին»: Ոսկեբերան Հայրապետը կը բացատրէ որ յիշեալ մարդոց ըրածը Յիսուսի անձին հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն էր, եւ ո՛չ թէ Տիրոջ խօսքին անհնազանդ ըլլալու արտայայտութիւն: Յիսուս յաճախ մարդոց կը պատուիրէր, որ չխօսին Իր գործած հրաշքներուն մասին, որպէսզի Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները չգրգռուէին Իր դէմ, բայց մարդիկ «առաւել չափով կը պատմէին»: Գալով մեզի, այսօր Յիսուս նման պատուէր չի տար մեզի. ընդհակառակը, Ան Իր գործերուն ու Իր փրկութեան մասին խօսելու պատուէր ու հրահանգ կու տայ (Մտ 28.19-20: Գրծ 1.8), բայց մեզմէ քանի՞ հոգիներ կը հնազանդին Տիրոջ այս պատուէրին: Քանի՞ եկեղեցի ունինք աշխարհի մէջ, որոնք Քրիստոսի փրկագործութեան պատմիչներն ու տարածիչներն են: Քրիստոսի մասին խօսիլն ու վկայելը միայն եկեղեցականներուն ու քարոզիչներուն գործը չէ, այլ՝ գործն է ամէն մէկ հաւատացեալի, ամէն մէկ մարդու, որ ինքզինք Քրիստոսի հետեւորդ կը դաւանի: Ասկէ առաջ ըսի, նորէ՛ն կը կրկնեմ, ամէն հաւատացեալ չէ կոչուած քարոզիչ ըլլալու, մեկնիչ ըլլալու, բայց ամէն հաւատացեալ կոչուած է Քրիստոսի սիրոյն եւ փրկութեան վկա՛ն ըլլալու:
«Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ՚ըսէին. "Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ"» (Մր 7.37):
1. Պատահածին համար մարդոց զարմանքը չափ ու սահման չունէր: Գործածուած յունարէն բառը «չափէ դուրս զարմացած» կը նշանակէ: Սա կը պարզէ, որ Տիրոջ գործերը խիստ զարմանալի են: Ո՛չ միայն Տիրոջ գործերը զարմանալի են, այլեւ, զարմանալի են Անոր սէրն ու բարութիւնը, համբերութիւնն ու ազնուութիւնը, քաղցրութիւնն ու գթութիւնը:
2. Մարդիկ իրենց զարմացումին մէջ, վկայութիւն տուին Յիսուսի համար եւ ըսին. «Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ»: Մենք նոյն վկայութիւնը կրնա՞նք տալ Յիսուսի մասին: Կրնա՞նք համարձակօրէն ըսել, թէ Յիսուս «ամէն ինչ լաւ կը կատարէ» մեր կեանքին մէջ: Կրնա՞նք հանգիստ խիղճով եւ առանց մենք զմեզ խաբելու յայտարարել, թէ ինչ որ կ՚ընէ Յիսուս՝ լաւ է, ինչ որ կը խօսի՝ շիտակ է, ինչ որ կը գործէ՝ կատարեալ է: Մենք կրնանք շատ բան չհասկնալ Տիրոջ գործերուն կամ գործելակերպին վերաբերեալ, բայց պէտք է վստահ ըլլանք ու գիտնանք, թէ Իր գործերն ու գործելակերպը ամենէն շիտակն են: Տէրը մեզմէ չ՚ակնկալեր, որ հասկնանք Իր գործերը, բայց կ՚ակնկալէ, որ հաւատանք Իր գործերուն, Իր սիրոյն, Իր քաղցրութեան, Իր ողորմութեան, Իր գթութեան:
3.- Աւետարանները ցոյց կու տան, թէ ոմանք մեղադրեցին Յիսուսը իբրեւ չարագործ մը, բայց եղան նաեւ մարդիկ, որոնք յայտարարեցին, թէ ան «ամէն ինչ լաւ կը կատարէ»: Մենք ո՞ր խումբի մարդոց կը պատկանինք: Յիսուսը մեղադրողներո՞ւ խումբին, թէ՝ Յիսուսի գործերը գովերգողներու խումբին: Ի՞նչ կ՚ընենք, եթէ երբեք բան մը կը խնդրենք Յիսուսէն եւ չի կատարեր մեր խնդրանքը: Կը մեղադրե՞նք զինք: Ի՞նչ կ՚ըլլայ մեր կեցուածքը, երբ որոշ մարդիկ մեր կամքին, մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն կը հակառակին եւ մենք կը հայցենք Տիրոջ միջամտութիւնը եւ Տէրը չի միջամտեր: Կը նեղուի՞նք Տիրոջմէն, տրտունջքի բառե՞ր կ՚արտասանենք, թէ՝ քաջ հաւատացեալի մը նման «թող քու կամքդ կատարուի» կ՚ըսենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024