ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Ճանապարհի եզրին կեցած
Կը նայիմ լուռ 
Անեզրական ոչնչութեան․․․

Ո՞ւր կերթայ այս մանուածապատ ճանապարհը․․․
Ի՞նչ կ՚ընեմ հոս․․․
Ինչպէ՞ս եկայ․․․
Ո՞վ զիս հարցուց եթէ երթին այս անորոշ պիտի ուզեմ ճամբորդ դառնալ․․․
Եսերու խենթ հանդէս մը կայ շրջապատիս պատերուն տակ
Անորոշի ծալքերուն մէջ ժպիտներ կան դաւով լեցուած․․․

Ալ յոգնած եմ,
Շա՜տ եմ յոգնած
Թափառելու անորոշի մթութեան մէջ այս անիմաստ․․․
-Կայան չկայ ուր ես հանգչիմ-

Հեւքին գերի անձս յոգնած
Կը քաշքշեմ գիշեր ու տիւ
Եւ խարխափած կը դեգերիմ
Ժխորին մէջ մահս գրկած․․․

Կը բարեւեմ մարդոց, որոնք -ժպտուներես-
Հրաբուխի ծով մը գրկած - ժպտուներես- 
Փաղաքուշի նայուածքներով - ժպտուներես-
Տատասկներու դաշտ կը ցանեն - ժպտուներես- 

Ու՞ր եմ արդեօք․․․
Ես անձի՞ս հետ,
Թէ՝ անիմաստ արձագանգին այս անորոշ մթին հեւքին...

Ես չեմ գիտեր ինչո՛ւ եկայ
Եւ ո՛ւր կ՚երթամ

Կ՚արժէ՞ր արդեօք տառապալից այս գոյութեան
Քաշքշուքի երգն թոթովել
Ականջներուն խուլ ու փակուած․․․

Կ՚արժէ՞ր արդեօք անորոշին լուռ յանձնուիլ
Անորոշով անորոշուիլ․․․

Ճանապարհի վերջին կէտին դարպաս մը կայ -կ՚ըսեն մարդիկ-
Իսկ բանալին անորոշի ծալքերուն մէջ է կորսուած․․․
Վստահ գիտեմ իմ քովս չէ այդ բանալին կախարդական...
Կ՚ուզեմ փշրել դարպասը փակ.
Անկէ անդին ի՞նչ կայ արդեօք․․․
Վստահօրէն Ճանապարհ մը նոր ու երկար
անորոշի բոյրով օծուած․․․

Աշխարհ եկայ ես ակամայ․․․
Կ՚ուզեմ հիմա վերջ տալ յիմա՛ր, տառապալից յիմար կեանքիս
եւ լուռ ջնջել մշուշապատ ճանապարհներն երազանքիս․․․ 
Կ'ուզեմ վերջ տալ 
եւ հեռանալ ես ի՛մ կամքով 
անորոշի ճակատագրիս որպէս արքայ․․․

Տարօրինա՜կ․․․
Խոհերուս մէջ թափառական տուայտանքի ալքերուն մէջ
Դեգերումիս սա պահերուն,
Յանկարծ, ուրկէ՞ եւ կամ ինչպէ՞ս,
Տանս ետին անտառէն խիտ․
Պատուհանիս շեմին եկաւ նստիլ խենթուկ
եւ կապտաւուն թռչուն մ՚անուշ
ծառի շիւղ մը բերնին պահած․․․

Ան սկսաւ երգել, խօսիլ եւ ճըռուողել քաղցր եւ անուշ․
Ինչեր կ՚ըսէր, անկեղծօրէն չհասկցայ․․․
Հրաւէ՞ր էր դուրս ելլելու անծայրածիր անորոշին նոր բոյր տալու․․․
Քաղցր շունչով ան ճըռուողեց երկա՜ր, երկա՜ր
Ապա կարծես խորհուրդ որպէս շիւղը թողուց եւ հեռացաւ․․․

Շիւղը առի․․․
Խորանիս մէջ մոմի մը պէս եւ վառեցի․․․

Հուրը անոր, քաղցր ու անուշ
-Նոր աշխարհի ճանապարհի շունչ մը ինչպէս-
Լուսաւորեց դարպասը մութ,
Որուն ետին արահետներ 
Նոր երգերու շունչին կարօտ
Նոր կեանքերու լոյսով կ՚ապրին․․․

Խոհերուս մէջ թաղուած հիմա կը տուայտիմ
Կ՚արժէ՞ մարել լոյսը դալուկ
Դեռ չբացուած արշալոյսին․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024