Ամենափոքր 3 Տարածութեամբ (3 Տի.) Քամերան Ուղեղի Վիրահատութեան Նորարութիւն Կը Բերէ
Ուղեղը վիրահատելու համար բժիշկները կարիքը ունին տեսնելու նուրբ մանրամասնութիւններ՝ փոքր ծաւալով: Փոքր քամերա մը կրնայ ուղեղին մէջէն առնել 3 տարածութեամբ (3 տի.) նկարներ, որոնք վիրաբոյժներուն թոյլ կու տան տեսնել բարդութիւնները, ինչ որ կը մղէ աւելի արագ, ապահով քայլերու դիմելու:
Այսպիսի քամերայով ներադիտակ մը կը պատրաստուի ՆԱՍԱ-ի Փասատինայի «Ճէթ Փրոփալժըն» աշխատանոցին մէջ: ՄԱՐՎԵԼ(Marvel=Multi Angle Rear Viewing Endoscopic tool) ստացաւ Ակնառու արհեստագիտութեան զարգացման մրցանակը Ֆետերալ Լապորաթուար Քոնսորսիումէն: Ներադիտակը գործիք մըն է, որ կը քննէ մարդկային մարմինին մէջէն:
«Աշխարհի ամենափոքր 3 տարածութեամբ (3 տի.) քամերաներէն մէկուն միջոցով ՄԱՐՎԵԼ պատրաստուած է նուազագոյն միջամտութեամբ ուղեղի վիրահատութեան համար», ըսաւ Հարիշ Մանոհարա, որ գլխաւոր քննիչ է այս նախագիծին: Մանոհարա կ՚աշխատի համագործակցութեամբ վիրաբոյժ Հրայր Շահինեանի Լոս Անճելըսի Սքալ պէյզ ինսթիթիւթին մէջ, որ կը գործակցի Ճէթ Փրոփալշըն գիտաշխատանոցին հետ՝ ստեղծելու համար այս արհեստագիտութիւնը:
ՄԱՐՎԵԼ-ի քամերան ունի 4 միլիմեթր տրամագիծ եւ 15 մի-լիմեթր երկայնք: Ան կցուած է կոր «վիզ»ի մը, որ կրնայ դառնալ աջ կամ ձախ՝ քննելով անկիւնները՝ մինչեւ 120 աստիճան ծռելով:
Այս փոքր քամերայով կատար-ւած վիրահատութիւնները չեն պահանջեր ուղեղի բաց աւանդական վիրահատութիւն, որուն ընթացքին վիրաբոյժները գանկէն մեծ մասեր կը հանեն: Այս վիրահատութիւնը կը պահանջէ հսկայական գումարներ եւ աւելի երկար ժամանակ անցընել հիւանդանոցին մէջ, քան՝ ներադիտակի օգտագործումը:
Սթերիյօ նկարով ներադիտակներ, որոնք կ՚օգտագործեն աւանդական երկակի քամերայի համակարգ, արդէն իսկ կ՚օգտագործուին նուազագոյն միջամը-տութեամբ մարմինի այլ բաժիններու վիրահատութիւններու ընթացքին: Սակայն ուղեղի վիրահատութիւնը կը պահանջէ աւելի մանր նկարներ: Այդ պատճառով ՄԱՐՎԵԼ-ի քամերան մէկ ապակի ունի՝ երկուքի փոխարէն:
Այժմ գիտնականները ցուցադրած են գիտաշխատանոցի նախատիպ մը: Յաջորդ քայլն է պատրաստել դարմանական նախատիպ մը, որ կը գոհացնէ Միացեալ Նահանգներու Սնըն-դամթերքի եւ դեղօրայքի տնօրէնութիւնը: Գիտնականները պիտի կատալերագործեն գործիքին արհեստագիտութիւնը, որպէսզի յարմարցնեն անոր օգտագործումը բժշկական աշխարհի ծիրին մէջ:
Ապագային ՄԱՐՎԵԼ քամերան կրնայ օգտագործուիլ տիեզերական հետազօտութիւններու մէջ:
«Իբրեւ գանկի վիրաբոյժ, ունենալով իւրայատուկ տեսլական մը ներադիտակով ուղեղի վիրահատութեան՝ առանձնաշը-նորհում եւ մեծ պատիւ եղաւ աշխատիլ Ճէթ Փրոփալշըն գիտաշխատանոցի անձնակազմին հետ վերջին տարիներուն ընթացքին իրականացնելու համար այս նախագիծը», ընդգծեց Հրայր Շահինեան:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024