ԳՈՂ ՈՒ ԱՒԱԶԱԿ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
Այսօր Աստուծոյ սպասաւորներու՝ քահանաներու նկատմամբ կը հնչեցուի ամէն տեսակ զրպարտութիւններ ու յերիւրանքներ: Առանց վերջիններս ճանչնալու՝ մարդիկ սխալ կարծիք կը կազմեն հոգեւոր հայրերու մասին: Աւելի յստակ, այս ուղղութեամբ կ՚աշխատին մեծ ուժեր՝ չար ուժեր: Այլեւս յաջողած են հասարակ մահկանացուները, ժողովուրդը մատնել մոլորութեան՝ շեղելով ճշմարիտ ուղիէն: Այս նոյն ուժերը նոյն զրպարտութիւնը կը տարածեն նաեւ Տիրոջ տան հասցէին:
Քահանաները կը համարուին առաքեալներ ու Քրիստոսի գործի լիիրաւ շարունակողներ: Մեր հոգեւոր հայրերու հիմնական աշխատանքը Քրիստոսը քարոզելն է: Հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները բաւարարել, խորհրդագործել՝ պատարագել, մկրտել, պսակել ու անշուշտ՝ աղօթել: Քահանան իրաւունք ունի Ս. Երրորդութեան անուամբ թողութիւն շնորհելու մեղքերուն, բժշկելու ու խրատելու քրիստոնեան: Ահաւասիկ, այսպիսի սրբազան գործի լծուած են մեր հոգեւոր հայրերը: Եւ աւա՜ղ, ակնածանքի արժանանալու փոխարէն, անոնք այսօր եւ միշտ ենթարկուած են անարգանքի, հայհոյանքներու, քամահրանքի: Մենք մեզ դատաւոր կարգելով, մեր իսկ մեղքերը չնշմարելով, մենք մեզի իրաւունք վերապահած ենք դատապարտելու, պախարակելու Քրիստոսի գործը շարունակողները: Մինչդեռ մեզմէ ոչ մէկը ունի այդ իրաւունքը:
Այստեղ յիշեցի գեղեցիկ առակ մը, որ լաւագոյնս կը մատնանշէ մարդոց վերաբերմունքը Տիրոջ սպասաւորներու եւ հակառակը՝ անոնց վերաբերմունքը իրենց հօտի նկատմամբ.
Օր մը, նորապսակ զոյգ մը, իրենց նոր տունը ընթրիքի կը հրաւիրէ զիրենք պսակադրող վարդապետը՝ ի նշան շնորհակալութեան իրենց ընծայած Աստուածային այդ մեծ խորհուրդի համար:
Սեղանի վրայ, վարդապետի պնակի մօտ, անոնք կը դնեն յիսուն տոլար մը, որպէսզի փորձեն վերջինիս վարքը, քանզի կ՚երկմտէին, թէ ան հնարաւոր է իւրացուցած ըլլայ եկեղեցիին ընծայած իրենց սրտաբուխ նուէրը:
Ընթրիքի աւարտին, վարդապետը մեկ-նելէ ետք, ամէնուրեք փնտռելէ վերջ չեն գտներ յիսուն տոլարնոցը, եւ անմիջապէս կ՚եզրակացնեն, թէ վարդապետը գողցած է այդ գումարը, քանզի այնտեղ իրմէ զատ ոչ մէկը կար:
Այսպիսով, մօտաւորապէս տարի մը հեռանալով եկեղեցիէն ու Ս. Հաղորդութենէն եւ ամէնուրեք պատմելով այս դէպքի մասին, նոյնպէս կը մոլորեցնեն բազմաթիւներ՝ այս մեծ գայթակղութեան պատճառաւ:
Տարի մը անց, առեւտուրի ժամանակ, պատահաբար կը հանդիպին այդ նոյն վարդապետին: Կինը բորբոքած կը մօտենայ անոր ըսելով.
-Այս անգամ արդեօք որմէ՞ գողցար: Ո՞ր մէկ խեղճին ստած ես: Այրիէ՞ն, թէ որբէ՞ն: Որո՞ւ քսակէն կը կատարես գնումներդ:
Վարդապետը անմիջապէս յիշելով զանոնք ու այդ յիսուն տոլարը՝ կը սկսի ժպտիլ, եւ կարծես ոչ մէկ վարկաբեկիչ խօսք լսած ըլլալով՝ կը պատասխանէ.
-Եւ Աստուծոյ բարին քեզ, աղջի՛կս: Դուք ինչքան ժամանակ է, որ Ս. Գիրք չէք կարդար:
Ամուսինը հարցէն զարմացած, յանկարծակի կը յարձակի վարդապետի վրայ՝ ըսելով.
-Դո՛ւն, գո՛ղ ու աւազակ վարդապետ, դո՛ւն կղերական անգամ կոչուելու արժանի չես, ինչպէ՞ս կը համարձակիս քու սրբապիղծ ձեռքերով Աստուծոյ մերձենալ եւ Անոր մասին քարոզել: Առանց ամաչելու ալ, հիմա ելեր մեզ կը նախատես, որ Ս. Գիրք չենք կարդար: Եթէ քեզի նմանները կը քարոզեն Խորանէն՝ ո՛չ դուք պէտք էք, ո՛չ ալ ձեր տուած քարոզը։
Վարդապետը ինքզինք հաւաքելով եւ նոյն ժպիտով կը պատասխանէ.
-Աստուած թող ներէ ձեզ: Գացէ՛ք ձեր տուն, բացէ՛ք Ս. Գիրքը, որ տարի մըն է չէք կարդացած, Սուրբ Մատթէոս Աւետարանիչը տակաւին չկարդացած՝ պիտի գտնէ՛ք ձեր կորսնցուցածը, որ ոչ միայն յիսուն տոլարնոց մըն է, այլեւ Աստուծոյ խօսքն է, որ կ՚ըսէ. «Մի՛ դատէք, որ չդատուի՛ք»: Ես տեսնելով այդ թուղթէ դրամը, առիթը գտայ Աստուծոյ հանդէպ ձեր հաւատարմութիւնը չափելու, քանզի դուք, իբրեւ նորապսակ զոյգ, որքան մօտենաք Տիրոջ՝ այդքանով նաեւ իրարու կը մօտենաք: Եւ որքանով հեռանաք ձեզ Միացնողէն, երբեք իրարու հանդէպ երջանիկ ու յաւիտենական սէրը պիտի չունենաք...:
Այդպէս ալ շտապելով տուն կը հասնին եւ բանալով Ս. Գիրքը՝ կը գտնեն յիսուն տոլարնոցը:
Արդարեւ՝ կը հասկնան իրենց գործած մեղքն ու սխալը եւ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը, մեղաւոր զգալով, կը սկսին իրենց տարածած բամբասանքը հերքել մարդոց մօտ եւ ըսել իրականութիւնը: Սակայն չեն կրնար բոլորին հասցնել ճշմարտութիւնը, որովհետեւ անոնցմէ շատեր՝ իրենք եւս տարածելով այդ կեղծ լուրը, բազմաթիւներ մոլորեցուցած էին Աստուծոյ ճանապարհէն։
Առակը կը ցուցունէ, որ պէտք է զգուշանալ անմիջապէս դատելէ կամ նոյնիսկ ականատեսի աչքով տեսած դէպքը ուրիշին պատմելէ: Քանզի կրնանք գործել այնպիսի մեղք, որու համար նոյնիսկ զղջալով՝ չենք կրնար ամբողջ կեանքի ընթացքին սրբագրել զայն։ Հետեւաբար, ինչպէս կը գրէ Ս. Գրքի մէջ.
«Մի՛ դատէք, որ Աստուծմէ չդատուիք: Քանզի ինչ դատաստանոց որ դատէք, անով պիտի դատուիք: Եւ ինչ չափով որ կը չափէք, անով պիտի չափուի ձեզի համար» (Մատթ. 7.1-2):
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան