ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տօնական բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ առատօրէն իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, յաւարտ Ս. Պատարագի այցելութիւն տրուեցաւ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի շիրմին, որ կը գտնուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից մատրան մէջ։ Մեր ժողովուրդի ծոցէն հասած այս երանելի անձնաւորութիւնը հերթական անգամ Ս. Զատկի օրով ոգեկոչուեցաւ՝ բիւր յարգանքով եւ երախտագիտական զգացումներով։

Հուսկ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի հանդիսաւոր կարգ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024