ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­կան խրախ­ճանք մը։ Այս տա­րի 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նար­կը, ո­րու բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան։

Օ­րուան ծրագ­րին շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուե­ցան իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցը ներ­կա­յաց­նող խում­բին կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւնք­նե­րը, ո­րոնց զու­գա­հեռ կա­տա­րուե­ցան փոր­ձեր։

Գի­տա­կան խրախ­ճան­քի ա­ւար­տին, դա­տա­կազ­մի ար­ժե­ւո­րում­նե­րու լոյ­սին տակ, դափ­նե­կիր­նե­րը պար­գե­ւատ­րուե­ցան, մինչ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան նաեւ վար­ժա­րան­նե­րու գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ պատ­րաս­տուած էին տղա­քը։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015