ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Աւագ հիւպատոս Չարլզ Հանթըրը եւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան քաղաքական գործերու գծով խորհրդական Ճասթին Ֆրիտմընը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ֆրիտմըն փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու եւ ունենալ կարծիքի փոխանակումներ։
Նորին Սրբազնութիւնը հիւրերը ջերմօրէն ողջունեց թրքահայոց հոգեւոր կեդրոնի յարկէն ներս եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան, համայնքային կեանքի ընթացքին, հաստատութիւններու ցանցին եւ այժմու ընդհանուր կացութեան շուրջ։