ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԳԱՐԻՆ ԷՕՃԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Էսաեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Շաբաթամուտի դրօշակի արարողութեան ընթացքին ամբողջ դպրոցը ողջունեց Գարին Էօճալի կողմէ արձանագրուած բացառիկ նուաճումը։ Արդարեւ, Էսաեանի 11-րդ դասարանի շնորհալի աշակերտուհիներէն Գարին Էօճալ մարմնամարզի կալուածէն ներս հասած էր բացառիկ արդիւնքի մը։ Ան վերջերս Կեսարիոյ մէջ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը արդիւնքին դարձած է հաշմանդամներու գծով լողի երիտասարդաց առաջնութեան ախոյեան։ Գարին Էօճալ, որ նախապէս ալ Իսթանպուլի ախոյեան դարձած է, ամբողջ Թուրքիոյ մակարդակին վրայ տեւականացուցած է իր յաջողութիւնը եւ արդիւնքին գագաթնային նուաճումի մը հասնելով հպարտութիւն պարգեւած է Էսաեանի ընտանիքին։ Բնականաբար, անհատական մարզաձեւի մը մէջ իր հասած այս արդիւնքը նախ եւ առաջ սեփական անկոտրուն կամքի դրսեւում մը կը նկատուի, սակայն քանի որ իր բոլոր դասընկերներուն բարեմաղթանքն ու բարոյական զօրակցութիւնը եղած էր իրեն հետ՝ Գարին Էօճալի այս յաջողութիւնը տօնական տրամադրութիւն ստեղծած է Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ։ Հարկ է նշել, որ դպրոցի մարզանքի ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէնն ալ խրախուսած է Գարին Էօճալը, որ անպայման մասնակցութիւն բերէ մրցաշարքին։
Էսաեանի աշակերտութիւնը այս առաւօտ ջերմ ծափերով ողջունեց Գարին Էօճալը եւ ուրախակից եղաւ իրեն, մինչ ախոյեանը շնորհաւորեցին լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, նախակրթարանի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ Անժէլ Ելէկէն։ Միւս կրթական մշակներն ալ միացան այս շնորհաւորութիւններուն, մինչ Սաթենիկ Նշան հակիրճ արտայայտութիւնով մը բարձր գնահատեց Գարին Էօճալին ձեռքբերումը եւ իրեն նորանոր նուաճումներ մաղթեց կեանքի մէջ։