ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ նշեց թա­ղի Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը։ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց եւ խրա­տա­կա­նը խօ­սե­ցաւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 125-րդ եւ երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 85-րդ տա­րե­դարձ­նե­րը նշուե­ցան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին դպրա­պետ Ա­րամ Սրկ. Պա­րո­նեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ա­ւե­տիս Էօզ­տէ­մի­րի։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բի հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, նա­խա­գահ­նե­րը, դըպ-րա­պետ­նե­րը, ե­րաժշ­տա­պետ­նե­րը, խմբա­վար­նե­րը, ան­դամ­նե­րը, վար­չա­յին­ներն ու սա­տա­րող­նե­րը։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Տէր Հայ­րը օրհ­նեց սե­ղա­նը, ո­րու շուրջ հա­մախմ­բուած էին երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, քոյր դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու Կա­րա­պետ Փայ­լան եւ այլք։ Ա­տե­նա­պետ Ա­րէտ Սու­սա­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կուած էին տա­րե­դար­ձի հրճուան­քով։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան դպրա­պետ Ա­րամ Պա­րո­նեան եւ Ա­րէտ Սու­սամ։ Ար­տա­յայտուե­ցաւ նաեւ Կա­րա­պետ Փայ­լան։

Ա­ւե­լի վերջ հա­տուե­ցաւ տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կը եւ բո­լո­րը միաս­նա­բար ապ­րե­ցան տա­րի մը եւս բո­լո­րած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թիւ­նը, փո­խա­նա­կե­լով յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015