ՆՈՐԱԾԱԳՄԱՆ ՀԱՒԱՔ
Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ համայնքային ընթրիք մը։ «Նորածագում» խորագրեալ փայլուն երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնք եկած էին իրենց աջակցութիւնը բերելու ակումբին, որ ներկայիս կը ձգտի նոր հունի մը մէջ դնել իր գործունէութիւնը, պահպանելով իր խոր աւանդութիւնները։ Նորածագման այս հաւաքին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան, ինչպէս նաեւ երեսփոխանի թեկնածուներ՝ Սելինա Տողան, Մարգար Էսաեան եւ Կարապետ Փայլան։
«Պէզճեան» սրահի մուտքի հատուածին մէջ ընթրիքէն առաջ բոլոր ներկաները համախմբուեցան ընդունելութեան մը առթիւ։ Այս փուլը յատկանշական մթնոլորտի մը մէջ իրականացուեցաւ, որովհետեւ ընդունելութեան սեղանները յարդարուած էին խորհրդանշական իրեղէններով պայմանաւորուած միջավայրի մը մէջ։ Այդ բոլորը ներկաներու մտքին մէջ կը ցոլացնէին Շիշլի մարզակումբի փայլուն պատմութենէն դրուագներ։
Երբ ներկաները արդէն սրահ մուտք գործեցին, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Նաժտա Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբի եւ Ալէն Թէքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած ակումբի վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Շահնուր Գազանճըի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Նաժտա Շատեան, Ալէն Թէքպըչաք եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը կատարուեցաւ Շիշլիի պատմութեան մասին, մինչ ակումբի վարչայիններէն Սեւան Գըլըճեան խօսեցաւ Շիշլին ելմտական ճգնաժամէ դուրս բերելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն շուրջ։
Ակումբի վարչութիւնը յուշանուէրներ պատրաստած էր կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ այս ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը բերած շարք մը անուններու համար. ինչպէս՝ Պերճ Ալէն Տարչըն, Հրանդ Մոսկոֆեան, Նորայր Իշլէր, Արա Գուրտօղլու։
Յայտագրի յաջորդող հանգրուանին ներկաները ողջունեցին Շիշլիի մարզաշապիկով, գնդակներ ի ձեռին խումբ մը պատանի մարզիկներու սրահ մուտք գործելը։
Շիշլիցիներու նորածագման այս հաւաքոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ելեկոյեան ուշ ժամերը՝ հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլոր ներկաները իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին ակումբի վարչայիններուն, որպէսզի անոնք կարենան ապահովել յարատեւ, կայուն եւ յաջող երթ մը։