ՓԱՅԼՈՒՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Տա­տեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին կազ­մա­կեր­պուած կեր­պա­րուես­տի դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ծա­նօթ է, որ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Տա­տեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան նման դա­սըն­թացք­ներ։ Նկար­չու­թեան եւ ման­րան­կար­չու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս տա­րուած աշ­խա­տան­քին դրա­կան ար­դիւն­քը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Թա­ղի փայ­լուն սա­նե­րուն այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ցո­լա­ցուց փոք­րիկ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, մինչ ա­նոնք ա­ռար­կայ դար­ձան ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րու եւ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու գնա­հա­տան­քին։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Պէն­լիօղ­լու, որ կը հա­մա­կար­գէ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րը, ինչ­պէս նաեւ դա­սըն­թաց­քի ու­սու­ցիչ­ներ Մաք­րու­հի Քե­չիեո­լու եւ Վոլ­քան Եա­րը­ճը։ Ա­լիս Պայ­րամ յանձ­նեց յու­շա­նուէր­ներ եւ մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­ներ։ Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին ջերմ զգա­ցում­նե­րով։ 

Նկար­չու­թեան դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­ներն էին՝  Ա­րի Գա­լայ­ճեան, Նա­րօտ Զուռ­նա­ճը, Կա­րէն Արս­լան, Ար­տա Ե­թէ­րօղ­լու, Ա­ռէն Թաշ, Գա­րին Տէ­յիր­մէն­ճի, Մե­լա­նի Ճո­քուր, Մեր­լին Գը­յը­ճը, Է­դիք Տա­նիէ­լեան, Լո­ռին Զէյ­ֆիեան, Սա­րին Գութ­լու­գա­յա, Մէյ­րէ Տա­մար, Ար­տա­շէս Պաղ Պու­լութ, Շանթ Է­զի­քօղ­լու, Նա­յեադ Գա­լայ­լը, Նա­յի­րի Գա­լայ­լը, Լա­րա Տիւ­վէն­ճի, Թա­լի­թա Տէ­միր­ճի, Ռո­մի­նա Էօ­զա­ւե­տիս, Ի­մել­տա Գու­յում­ճու, Առ­լին Ա­թան եւ Ա­րաս Մար­տի­կեան։

Մա­րի Թա­փու­ճուի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ման­րան­կար­չու­թեան դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­ներն էին՝ Վար­դու­հի Ա­թէշ, Տիա­նա Գու­յում­ճու, Ա­լիս Էօզ­տէ­միր, Շա­քէ Ալ­փայ եւ Մաք­րու­հի Քե­չիեո­լու։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015