ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինա Շիրինօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին մկրտութեան՝ ուրախակից ըլլալով Շիրինօղլու եւ Կիւտիւճիւ ընտանիքներուն։ Փառաշուք արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Կնքահայրն էր Յակոբ-Սելին Շիրինօղլու ամոլը։
Արարողութեան աւարտին ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Պէշիկթաշի «Ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ, ուր հրաւիրեալները անկեղծ բարեմաղթանքներ ըրին նորոգ մկրտեալ Լինա Շիրինօղլուի համար։
Այս ուրախ առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք փորոք Լինա Շիրինօղլուն, իրեն մաղթելով երկար ու երջանիկ կեանք մը։ Կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլը, մեծ ծնողները՝ Պետրոս-Լետա Շիրինօղլու ամոլը, Մուրատ-Պերճուհի Կիւտիւճիւ ամոլը, ինչպէս նաեւ Յակոբ-Սելին Շիրինօղլու ամոլը։