ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին ալ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ։ Յայտագրի գործադրութեան զուգահեռ՝ ներկաները ուշադրութեամբ հետեւեցան Կազդուրման կայանի գործունէութեան եւ պիւտճէին շուրջ ներկայացուած բացատրութիւններուն։ Փոքրիկներն ալ բոլորի համակրանքին ու գնահատանքին առարկայ դարձան։
Թրքահայ կեանք
- 06/24/2025