Կիրակի 22, Յունիս 2025
ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՇՐՋԱՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով արժեւորուեցաւ հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը, որու շրջանակներէն ներս նշուեցաւ նաեւ Թարգմանչաց տօնը։ Դպրոցին մէջ տղաքը զանազան ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Մշակուած ծրագիրները կեանքի կոչուեցան յաջողութեամբ՝ մինչ տղաքը արժանացան բարձր գնահատանքի։ Տօնակատարութիւնները ունէին նաեւ բացօթեայ բաժին մը, որ դպրոցի պարտէզին մէջ իրականացաւ՝ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022