ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ կէսօրուան ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի մտաւորական դէմքերէն Արամ Գամպուրեան, որ այնքան յարգանք ու համակրանք կը վայելէր բոլորին կողմէ։ 98 տարեկան հասակին ան կեանքէ հեռացած է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր վերջին շրջաններուն դարմանման զանազան փուլերէ անցած էր ներառեալ խտացեալ խնամքը, որովհետեւ առողջութիւնը վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր։

Արամ Գամպուրեան իսկապէս վառ անհատականութիւն մըն էր եւ իր սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ վերջ ստացած էր բարձրագոյն կրթութիւն՝ Իսթանպուլի Թաքնիք համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած էր որպէս ճարտարապետ։ Այդ պատրաստութեամբ, նաեւ անձնական ծով պաշարով նուիրուած էր կրթադաստիարակչական աշխատանքի։ Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Արամ Գամպուրեան տասնամեակներ շարունակ արտադրած էր մայրենիով, հայերէն բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ էր։ Ի լրումն այս բոլորին, համայնքէն ներս վարչական կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած էր։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի սիւներէն էր։ Բացի երկար տասնամեակներ հիմնարկի վարչութեան ատենադպիրի պաշտօնը ձեռնհասօրէն վարելէ, իր կեանքը նոյնացուցած էր այդ հաստատութեան հետ։ Ուսուցչաց հիմնարկի ձեռքբերումներուն մէջ ունեցած էր իր անփոխարինելի դերը։

Արամ Գամպուրեան, որ զանազան օտար լեզուներու կը տիրապետէր, իր բազմակողմանի գործունէութեամբ գնահատուած էր տարբեր հարթութիւններու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ պարգեւատրուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։

Արամ Գամպուրեանի կորուստով կաղնի մը տապալած կը համարուի թրքահայ կեանքէն ներս։ Ան թէեւ մեր համայնքի ամենաերէց սերունդին կը պատկանէր, մեծահասակ էր, սակայն, իր կորուստը դառն է ու անժամանակ։ Դառն է, որովհետեւ Արամ Գամպուրեան բարեմոյն բնաւորութեամբ բոլորին սիրտը գրաւած էր եւ իր քաղցր ժպիտով ամէնուրեք հաճելի ներկայութիւն կը համարուէր, իսկ անժամանակ է, որովհետեւ ազգային կեանքէ ներս յանձնառութեան մարմնացում մըն էր եւ այդ տեսակէտէ հետզհետէ սակաւ կը դառնան իր նմանները։

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը տեղեկացուց, որ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ՝ Արամ Գամպուրեանին վերջին հրաժեշտը պիտի տրուի ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար այնքան սիրելի Արամ Գամպուրեանի հոգւոյն եւ մեր խոնարհումը կը բերենք իր ծով վաստակին ու անթառամ յիշատակին առջեւ։

Ցաւակցութիւն կը յայտնենք, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան։

Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024