ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի մեկնիլ Հայաստան։ Ամբողջ խումբը արդէն համակուած է այս ուղեւորութեան խանդավառութեամբ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրին ընդառաջ «Մարալ» պիտի մեկնի Երեւան, ուր Սեպտեմբերի 26-ին նախատեսուած է իր ելոյթը, «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակի յոբելենական շրջանին կը զուգադիպի «Մարալ»ին այս ուղեւորութիւնը, ինչ որ աւելի խոր իմաստ մը կը վերագրէ անոր։ Համոյթը ամբողջ ամառ արդէն շատ կարգապահ ու բծախնդիր ձեւով նախապատրաստական աշխատանքներ տարած է՝ լաւագոյնը ներկայացնելու համար Երեւանի բեմին վրայ։
Այս ուղեւորութեան ընդառաջ նախընթաց օր խմբագրատունս այցելեցին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ գլխաւոր պարուսոյց Կարպիս Չափքան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, թէ 37 հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը պիտի մեկնին Երեւան։ Ատենապետուհի Սելմա Իսքէնտէրէօզի կողմէ գլխաւորուած 35-ամեակի կարգադիր յանձնախումբը ամէն ճիգ ի գործ դրած է այս ուղեւորութիւնը իրականացնելու նպատակով։ Բոլորը յանձն առած են լուրջ զոհողութիւններ, որոնց շնորհիւ գոյացած է ուղեւորութեան պիւտճէին թթխմորը, բայց եւ այնպէս գեղարուեստական պատրաստութիւնները յառաջ տանելու առընթեր «Մարալ»ի պատասխանատուները տակաւին ջանք կը թափեն նաեւ այցելութեան պիւտճէն հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։
Մարիամ Տրամէրեան եւ Կարպիս Չափքան յայտնեցին, թէ 37 հոգիէ բաղկացեալ «Մարալ»ի խումբին մէջ պիտի գտնուի եօթ վարչային։ Մնացեալ երեսուն հոգին կը բաղկանայ երիտասարդ պարողներէ։ Անոնցմէ 13-ը առաջին անգամ Հայաստան պիտի երթայ։ Մարալցիներուն ուղեւորութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերի 22-ին եւ իր աւարտին պիտի հասնի Սեպտեմբերի 27-ին։ Երեւանի ներկայացման առընթեր խումբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան։
Համոյթի պատասխանատուները երախտագիտութեամբ եւ ուրախութեամբ ընդգծեցին, թէ «Մարալ»ի Երեւանի ելոյթին պիտի մասնակցի նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նոյն օրերուն Միւռոնօրհնութեան առթիւ պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ։
Բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։