ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց բանասէր տքթ. Սեւան Տէյիրմենճեանը, որ վերջին օրերուն գիտաժողովի մը մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ։ Օգտուելով իր կեցութեան առիթէն ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը եւ արտայայտելու համար իր որդիական ակնածանքը։ Զրոյցի ընթացքին Սեւան Տէյիրմենճեան Վեհափառ Հայրապետին բացատրութիւններ տուաւ՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս կազմակերպուած, հայկական բանասիրութեան վերաբերեալ գիտաժողովին շուրջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ իր ընթացիկ գործունէութեան, որ կը վերաբերի կրթադաստիարակչական ոլորտին եւ գրական զանազան նախաձեռնութիւններու։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնները փոխանցեց Սեւան Տէյիրմենճեանին, որու հետ վաղեմի ծանօթութիւն ունի։ Բացի Տէյիրմենճեանի աշխատանքներուն հետ հետաքրքրուելէ, Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ գիծերու մէջ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ իր դիտարկումներուն կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ պոլսահայութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին կը բերէ իր նպաստն ու կարեւոր ներդրումը։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը հայրական ջերմութեամբ հրաժեշտ տուաւ Սեւան Տէյիրմենճեանին, որու գործունէութեան համար մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։
Հարկ է նշել, որ Սեւան կիսասարկաւագ Տէյիրմենճեան Երեւանի գիտաժողովին մասնակցած է՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի խրախուսանքով։