ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի նախագահ Տքթ. Աքքան Սուվէրը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանային Լալէ Այթանչ Նալպանտ եւ Ճաֆէր Օքրա։ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ ողջունեց հիւրերը, որոնք իր նկատառման յանձնեցին յառաջիկային կայանալիք Եւրոասիոյ տնտեսական համաժողովի օրակարգին վերաբերեալ նիւթեր։ Այս հիմնարկն ալ մասնակցութիւն կը բերէ սոյն համաժողովի պատրաստութիւններուն։ Յաջորդ տարի նախատեսուած հաւաքոյթը 19-րդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին եւ այս առթիւ օրակարգի վրայ պիտի գան կլիմայի ջեռուցման բարձրացման խնդիրները։ Հիւրերը մատնանշեցին, որ այս քննարկումներու առումով լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ զանազան կրօններու եւ դաւանանքներու տեսակէտներուն աւելի յաճախակիօրէն շրջագայութեան մէջ մտնելը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024