ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը։ Ծանօթ է, որ մարզակումբը պարբերաբար մեր համայնքային շրջանակներուն համար կը կազմակերպէ քայլարշաւներ, որոնց հերթականն էր շաբաթավերջինը՝ Գնալը կղզիի մէջ, ուր ամրան եղանակին համայնքային շրջանակները խտացած են։ Կղզիի քայլարշաւը, որ ձեւով մը նաեւ շարունակութիւնն էր երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի ի յարգանս կազմակերպուած մարզական փառատօնին, համախմբեց բազում մարզասէրներ։ Քայլարշաւին միացաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Գնալը կղզիի թաղապետ Էրտալ Այտընն ալ քայլարշաւի մասնակիցներու շարքին էին։

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւեց քայլարշաւը, որ սկսաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առջեւէն։ Կղզիի ամբողջական շուրջբոլորը ընելէ վերջ՝ բոլորը դարձեալ նոյն կէտին վրայ միացան եւ արձակուեցան։ Քայլարշաւին ուղեցոյցը եղաւ թաղապետ Էրտալ Այտըն՝ մինչ եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 12, 2024