ԹՐՔԱՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի երկու տարիէ ի վեր ակամայ փակ ըլլալը ամրան շրջանի համայնքային կենսագործունէութեան տեսակէտէ արտասովոր վիճակ ստեղծուած է։ Այս ամբողջին մէջ մանաւանդ՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ անդամներու զաւակները կը զրկուին ամրան արձակուրդի հնարաւորութենէն։ Յամենայնդէպս, կամքէ անկախ պարագան հաւասարակշռելու ուղղութեամբ ալ որոշ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին։ Այս ծիրէն ներս, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներ այս օրերուն կը վայելեն Գնալը կղզիի Այա Խրիստոս յունաց վանքի ասպնջականութիւնը։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս վանքի հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ այս ճամբարը, ուր այս տարի մեր համայնքէն պատանիներ ալ կը հիւրընկալուին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Սա թէ՛ Կազդուրման կայանի փակ ըլլալու պարագան հաւասարակշռելու տեսակէտէ նուազագոյն հնարաւորութիւն մըն է եւ թէ երկու համայնքներու եղբայրական զօրակցութեան ողջունելի դրսեւորում մը։
Մինչ երկու դպրոցներէն աշակերտներ այս օրերուն կը գտնուին Գնալը կղզիի յունաց վանքին մէջ, երէկ, բոլորին ուղղեալ հաճելի անակնկալ մը տեղի ունեցաւ, երբ պարուսոյց Յակոբ Արի Կուլէչ եւ «Աւանդական» նուագախումբը այցելեցին Գնալը կղզիի յունաց վանքը, ուր ստեղծուեցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտը։ Ժողովրդական պարերով եւ երգերով բոլորը անբացատրելի ապրումներ ունեցան, բոլոր տարիքէ մասնակիցներ գիրկընդխառնուեցան երգերու եւ պարերու կշռոյթին տակ։
Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինէն ներկայացուցիչներ։ Յունաց վանքի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Երաժշտական կատարումներէն եւ պարերէն վերջ, յունաց վանքի ընդարձակ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը։
Միւս կողմէ, պատանիները երէկ առաւօտ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։