ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ամանորեան խրախճանք մը։ Այս ամբողջին մէջ միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ նաեւ տօնավաճառ մը, որու այցելուները տարեմուտի սեմին հնարաւորութիւն ունեցան իրենց սիրելիներուն համար գնումներ ընելու 2018-ի ընդառաջ։

Արամեան սանուց միութեան վարչութեան անդամներն ալ վերահսկեցին ծը-րագրին ամբողջ ընթացքը։ Այսպէս, Մասիս Գույումճու, Սօնա Ճերմակեան եւ Գարին Ըշըքճը ուրախութիւն յայտնեցին միութեան երդիքին տակ ստեղծուած համախմբման մթնոլորտին համար։

Շուրջ հինգ հարիւր հոգիի մասնակցութիւնը ապահովուեցաւ այս ծրագրին համար եւ միութեան վարչայինները լիայոյս են, թէ յառաջիկայ շրջանին միւս ձեռնարկներն ալ առարկայ կը դառնան նման վառ հետաքրքրութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017