Կիրակի 22, Յունիս 2025
«ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԱՐԱԹՈՆ». ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ մասնակցութիւն բերաւ այս տարուան «Երգչախումբերու մարաթոն»ին։ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։ Յայտագրին մաս կազմեցին Կոմիտասի եւ Կանաչեանի գործերը։ Վարդանանց երգչախումբի կատարումները իսկապէս բարձր մակարդակի վրայ էին եւ համատարած գնահատանքի արժանացան։
«Երգչախումբերու մարաթոն»ը կազմակերպուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, AKM-ի եւ «Koro Kültürü» միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Միւս կողմէ, ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Մասիս Կէօզլէքի խմբավարութեամբ «Պողազիչի» երգչախումբը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022