ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ Ամանորի ընդառաջ տեղի ունեցաւ աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ դարձաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Երկօրեայ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ջանքերով։ Բացման փուլին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան կատարեց օրհնութեան կարգ։ Ներկայ էին նաեւ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ իր գործակից ընկերները։ Վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը այս առթիւ շնորհաւորեց՝ Մարալ Թոփչուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան անդամները, որոնք ջանք ու եռանդ չէին խնայած այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։
Մինչ երկօրեայ քէրմէսի այցելուները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած ճաշակաւոր իրեղէնները, եզրափակիչ փուլին ալ ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։