ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երկուշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանի եւ կողակցին տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու հրաւիրեալներու շարքին էին դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, հոգեւոր առաջնորդներ, փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Քաղաքապետ Շահան ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ բոլոր հիւրերուն նկատմամբ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Քաղաքապետ Շահան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին Ամանորի առթիւ յղեց բարեմաղթութիւններ։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշասեղանով։

Հրաժեշտի փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռեսուլ Էմրահ Շահանին, նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրին, որ Շիշլիի քաղաքապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կը գլխաւորէ, նաեւ կ՚անդամակցի մշակոյթի յանձնաժողովին։ Ռեսուլ Էմրահ Շահան ինչպէս բոլոր հիւրերուն, այնպէս ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ոսպնեակէն՝ Շիշլին ցոլացնող դրուագներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024