ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԱԳ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան արդէն ձեռնարկած է իր նախընտրական քարոզարշաւին։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն 12-րդ կարգի վրայ թեկնածու ցոյց տրուած Մարգար Էսաեան երէկ յետմիջօրէին Մէճիտիէգիւղի մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ մասնակցեցաւ քարոզչական բնոյթով նախընտրական հաւաքոյթի մը։ ԱԳ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան կուսակցութեան համակիրներ, Մարգար Էսաեանի կողմնակիցներ, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն զանազան դէմքեր։
Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին ԱԳ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Շերէֆ Սեզկին եւ իր տեղակալները՝ Ահմէտ Իւնալ եւ Կիւլշէն Տէօլէք։ Յայտագիրը բացուեցաւ Կիւլշէն Տէօլէքի եւ Շերէֆ Սեզկինի ողջոյնի խօսքերով, որոնց աւարտին արտայայ-տըւեցաւ Մարգար Էսաեան։ Բազմաթիւ նիւթերու շուրջ ան ըրաւ ամփոփ խորհրդածութիւններ, որոնց ընթացքին միշտ ընդգծեց աւելի քան տասն տարուան իշխանութեան գլուխ մնալու ժամանակաշրջանին ԱԳ կուսակցութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութեան դրական եւ յուսադրիչ բնոյթը։
Խօսելով իր թեկնածութեան վերաբերեալ հանգամանքներուն շուրջ՝ Մարգար Էսաեան ընդգծեց, թէ ընտրուելու պարագային պիտի փորձէ թէ՛ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել խորհրդարանի ընդհանուր աշխատանքին եւ թէ օգտակար ըլլալ մեր համայնքին ու փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման։ Հաւաքոյթի մասնակիցներէն ոմանք Մարգար Էսաեանի նկատառման յանձնեցին շարք մը կնճռոտ հարցեր, որոնց պարագային ցարդ վերջնական լուծում մը գտնել կարելի չէ եղած։ Ի պատասխան Մարգար Էսաեան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է սպասել գործընթացներու հասուննալուն եւ իր համոզմամբ՝ լուծումները եղափոխութիւններու ճանապարհով պէտք է ընթանան, որովհետեւ արմատականութիւնը կրնայ ունենալ իր հաւանական անպատեհութիւնները։
Հարցում-պատասխանի բաժնին զուգահեռ հաւաքոյթի զանազան մասնակիցները հանդէս եկան նաեւ Մարգար Էսաեանի ի նպաստ զօրակցութեան արտայայտութիւններով եւ յաջողութեան բարեմաղթանքով։