ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ 52-րդ շրջանի հերթական այս համագումարին դիւանը գլխաւորեց Յակոբ Արապեան, որու կողքին էին Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Կարէն Թալաս։ Ատենապետ Լեւոն Ներկիզօղլու կողմէ գլխաւորուած նախկին շրջանի վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրը վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ։ Աւելի վերջ, ըստ օրակարգին, կատարուեցաւ միութեան նոր վարչութեան ընտրութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանին միութեան վարչութեան ղեկը ստանձնելիք կազմը պիտի բաղկանայ հետեւեալ անուններէն.
Արթիւր Կէմրէքօղլու, Րաֆֆի Գրիգորեան, Սեւան Աթաօղլու, Պարէտ Թոքաթլըօղլու, Մարալ Աթաման, Սօնա Ճերմակեան, Սեւան Քէպապճը։
Պահեստի անդամներ ընտրուեցան՝ Ալարա Միրիճանեան, Արէտ Ալաթճեան, Հայկ Թէրզիեան, Արի Օսկանեան, Ստեփան Թալաս։ Քննիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան՝ Լեւոն Ներկիզօղլու, Հերման Ստեփան Կիւլսիւն, Արսէն Թոքաթլըօղլու։ Պահեստիներ՝ Զաքար Նեւրուզ, Համբարձում Պօյաճը, Պարէտ Քիւրքճիւօղլու։
Ընդհանուր ժողովը եզրափակուեցաւ անդամներուն կողմէ յառաջիկայ շրջանին համար կատարուած առաջարկներով։