ՏԱՏԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԷՍԿԻՇԷՀԻՐ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանի սաները անցեալ շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Սիվրիհիսար եւ Էսկիշէհիր։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած խումբին կ՚ուղեկցէին նաեւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն դէմքեր։
Տատեանցիները Սիվրիհիսարի մէջ այցելեցին պատմական հայկական եկեղեցին, որ վերջին տարիներուն վերանորոգուած է տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ։ Եկեղեցիէն հրաժեշտ առնելէ վերջ խումբը այցելեց նաեւ շրջակայքի երբեմնի հայկական թաղամասը, ուր եւս կան որոշ հետքեր։
Սիվրիհիսարէն վերջ տատեանցիները անցան Էսկիշէհիր, որ վերջին տարիներուն կը դասուի Թուրքիոյ վերելք արձանագրած քաղաքներու շարքին։ Քաղաքի պատմամշակութային արժէքներուն ծանօթանալու եւ բնական գեղեցկութիւններուն հաղորդ դառնալու զուգահեռ տատեանցիները վայելեցին իրարու հետ կարճ դադարի մը հնարաւորութիւնը։
Խումբը Իսթանպուլ վերադարձաւ վառ տպաւորութիւններով։